
Արեւմտեան հայոց թեմ կատարող իր հովուապետական այցելութեան շրջագիծէն ներս, Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 05:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս օծումը կատարեց Լա Քրեսենթա շրջանի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ խորանին: Նշենք, որ այս եկեղեցին Լա Քրեսենթայի հայութիւնը քանի մը տարի առաջ իր սեփականութիւնը դարձուց եւ զայն ենթարկեց բարեփոխում-վերանորոգումի, բարերարութեամբ թեմի ազգայիններէն Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանի: Նկատի ունենալով, որ եկեղեցւոյ վերանորոգումը տակաւին աւարտած չէ, ուստի Նորին Սրբութիւնը միայն սուրբ խորանին օծումը կատարեց, որպէսզի կարելի ըլլայ մատուցել Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Լա Քրեսենթայի ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ։ Կանոնական Աղօթքի աւարտին, մեր եկեղեցւոյ ծիսական կարգին համաձայն, ջուրով ու գինիով սուրբ խորանի լուացումը կատարուեցաւ քահանայ հայրերուն կողմէ։ Ապա, Նորին Սրբութեան ձեռամբ կատարուեցաւ սուրբ խորանի գագաթի ու ճակատի օծումը։ Նշենք, որ Գեղամ, Մուշեղ ու Թորգոմ արքեպիսկոպոսներն ու Տաճատ եպիսկոպոսը կատարեցին սուրբ խորանի աջ ու ձախ բաժիններուն օծումը։
Օծման հոգեպարար արարողութենէն ետք, Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արքեպիսկոպոս Խաչերեան ըսաւ, թէ խանդավառութեամբ, ուրախութեամբ ու ոգեւորութեամբ լեցուն պահեր կ՚ապրինք՝ այս նորաօծ խորանին դիմաց կանգնած հաւատաւոր զաւակները մեր ազգին: Վեհափառ Հայրապետը այցելեց զանազան եկեղեցիներ, սակայն այսօր Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ Նորին Սրբութեան այցը տարբեր հմայք ու հոգեկան անբացատրելի հրճուանք կը պատճառէ բոլորիս: Այսօր, այս վայրը, ձեռամբ Նորին Սրբութեան, ընծայուեցաւ Աստուծոյ եւ պիտի օգտագործուի մեր ազգի ծառայութեան՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն: Մեր խորին երախտապարտութիւնը կը յայտնենք մեր ազգի եկեղեցասէր ժողովուրդին եւ յատկապէս բարերար Մելքոնեան ամոլին, որ առանց վարանելու իր նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը հայթայթեց այս խորանի բարձրացման եւ եկեղեցւոյ վերաշինութեան: Յանուն թեմիս զաւակներուն ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանին:
Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս ուղղեց իր օրհնութեան խօսքը։ Այս առիթով ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց եկեղեցւոյ բարերարին՝ անոր կատարած Աստուածահաճոյ բարերարութեան համար: Հայրապետը ըսաւ, որ եկեղեցի շինել կը նշանակէ Աստուծոյ տունը շինել, որպէսզի ժողովուրդը կարենայ այս տան մէջ զԱստուած պաշտել ու Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ: Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ Մելքոնեան ամոլին կատարած այլ բարերարութիւններուն Արեւմտեան թեմի կեանքէն ներս եւ անոնց մաղթեց երկնային օրհնութեամբ լեցուն առողջ, երջանիկ ու երկար տարիներ:
Ապա, տէր եւ տիկին ազնուահոգի բարերարները ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ճաշկերոյթ մը սարքեցին:




















