
Չորեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ կատարուեցաւ Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն վերանորոգեալ եկեղեցւոյ սուրբ խորանին օծումը։
Արդարեւ, եկեղեցւոյ մուտքին, Նորին Սրբութիւնը եւ իր պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան առաջնորդ սրբազան հօր՝ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեանի, հոգաբարձութեան, յարակից մարմիններու եւ Ֆրեզնոյի մէջ կայք հաստատած հայորդիներու կողմէ:
Եկեղեցւոյ դասուն մէջ սկիզբ առաւ սուրբ խորանի վերաօծման արարողակարգը։ Վեհափառ Հայրապետը օծումը կատարեց սուրբ խորանի գագաթին ու ճակատին, իսկ սրբազան հայրերը՝ աջ ու ձախ կողմերուն։
Օծման արարողութեան աւարտին, խօսք առնելով առաջնորդ սրբազան հայրը, իր եւ ֆրեզնոյահայութեան անհուն ուրախութիւնը յայտնեց, որ Նորին Սրբութեան ձեռամբ ու անոր գահակալութեան 30-ամեակի նշման ծիրին մէջ կատարուեցաւ այս պատմական եկեղեցւոյ սուրբ խորանին վերաօծումը։ «Արդ, Վեհափառ Տէր, մեր ժողովուրդի զաւակները լիցքաւորուելով եկեղեցական հոգեպարար արարողութեամբ՝ եկած են ձեր հայրապետական օրհնութիւնը ստանալու ու պատգամը ունկնդրելու»։
Արդարեւ, Նորին Սուրբ Օծութիւնը ըսաւ. «Պօղոս առաքեալ կողոսացիներուն գրած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Մոռցէք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը եւ նոր մարդ եղէք» (Կղ. 3.9-10)։ Նորադարձ քրիստոնեաներուն ուղղած՝ առաքեալին այս թելադրութիւնը էութիւնը կը կազմէ քրիստոնէական կրօնքին։ Մարդը Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն ստեղծուած էր։ Աստուած մարդը օժտած էր բանականութեամբ, ինքնիշխանութեամբ եւ Իր հետ յարաբերութիւն ունենալու շնորհքով։ Սակայն մարդը հաւատարիմ չգտնուեցաւ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած շնորհքներուն, մեղանչեց ու աքսորուեցաւ դրախտէն։
«Քրիստոս աշխարհ եկաւ, որպէսզի մարդուն մէջ քանդէ այն ինչ որ հին է՝ հին կեանքը, հին մտածողութիւնը, հին գործերը, եւ վերստեղծէ նոր մարդը՝ նոր կեանքով ու նոր գործով»։
Ապա, անգլերէն լեզուով շարունակեց իր պատգամը եւ դիտել տուաւ, որ Քրիստոս՝ Իր մարդեղութեամբ, առաքելութեամբ, խաչելութեամբ եւ յարութեամբ, հին կեանքէն նոր կեանք դառնալու արմատական փոփոխութիւնն է։ Այս իրականութիւնը Նոր Կտակարանին կեդրոնն է, ըսաւ ան։ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ Քրիստոսով ստեղծուեցաւ նոր մարդը եւ որ փրկութիւնը մարդուն ազատութիւնն է մեղքի իշխանութենէն։
«Որպէս Քրիստոնեաներ, պէտք է գիտնանք, որ Աստուծոյ որդին մարդեղացաւ մարդուն փրկութեան համար։ Փրկութիւնը ընթացք մըն է, որուն կեդրոնը կը գտնուի խաչելութիւնը։ Քրիստոս ըսաւ՝ «Ան որ ինծի կը հաւատայ, թող հետեւի ինծի»։ Ուստի, Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ հետեւիլ Քրիստոսի՝ Աստուածաշունչի արժէքները վերածելով կեանքի»։
Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Ֆրեզնոյի գաղութի զաւակները մէկ առ մէկ մօտենալով Նորին Սրբութեան՝ ստացան անոր օրհնութիւնը:



























