Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի Միջ-Ցամաքային Բանակումին – «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Կրօնական Շքանշանի Տուչութիւն Կրօնական Դասընթացքը Աւարտած Արի-Արենոյշներու

By July 25, 2025No Comments

Երեքշաբթի, 15 Յուլիս 2025-ի երեկոյեան, բացումը կատարուեցաւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանային վարչութեան հիւրընկալութեամբ կազմակերպուած միջ-ցամաքային բանակումին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Թեքույա» բանակավայրին մէջ: Աննախընթաց այս բանակումին կը մասնակցէին Ամերիկաներու, Արժանթինի, Գանատայի եւ Աւստրալիոյ շրջաններու սկաուտներն ու արենոյշները:

Տնօրինութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, որ հարկադրաբար կը գտնուի Լիբանան, բանակումի բացման արարողութեան ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, որ յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր կատարեց տնօրհնէք եւ հացի ու աղի օրհնութիւն, ապա ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրտին խօսքը, ուր վերջինս կ՛ողջունէր ու կ՛օրհնէր բանակումը կազմակերպող պատասխանատու բոլոր մարմիններն ու անհատները, ինչպէս նաեւ՝ վերոնշեալ շրջաններէն իրարու քով եկած Հ.Մ.Ը.Մ.-ական անհատ մարզիկները, սկաուտներն ու խումբերը՝ ըսելով. «Թէեւ դուք տարբեր ցամաքամասերէ եկած էք հոս, բայց սնած էք պատուական այս Միութեան նո՛յն նշանաբանով եւ կը գործէք միասնականութեան սկզբունքով ու հայրենասիրական միեւնոյն ոգիով: Ձեր բոլորին նշանակէտն է՝ դուք ձեզ բարձրացնել-զարգացնել եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական բարձրացում-զարգացումը ապահովել, միշտ «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր»ը ընդունելով ձեր կեանքի հիմնարար ուղենիշ»:

Բացման արարողութեան աւարտին, Տէր հայրը նաեւ կատարեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Կրօնական շքանշանի օրհնութիւն եւ տուչութիւն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կրօնական-դաստիարակչական դասընթացքին հետեւած արի-արենոյշներու:

Յիշեցնենք, որ կրօնական այս դասընթացքը կը հանդիսանայ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի միջեւ գործակցութեան կարեւոր դաշտ, որ կը հետապնդէ դաստիարակչական նպատակ: Դասընթացքի ընթացքին, բանակումի մասնակցող արի-արենոյշներ կը ծանօթանան Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ու ծիսական արարողութիւններուն, այլեւ ձեռք կը ձգեն կրօնական ու ազգային աւանդութեանց եւ հայ հոգեւոր մշակոյթի մասին կարեւոր գիտելիքներ:

Close Menu

Categories