Մուսա Լերան Հերոսամարտի 104-ամեակի Ոգեկոչում եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 80-ամեակի Տօնակատարութիւն

Անցեալ շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի Մուսա Լեռ Միութեան եւ մասնակցութեամբ Լոս Անճելըսի Մուսա Լեռ Միութեան, ֆրեզնոյի մէջ ոգեկոչուեցան Մուսա Լերան հերոսամարտի 104-ամեակը, ինչպէս նաեւ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակը։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան ներկայ գտնուեցաւ եւ կատարեց եկեղեցական արարողութիւնները։

Շաբաթ, 31 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան, Տ. Նարեկ կատարեց մատաղի պատրաստութեան համար աղի օրհնութեան արարողութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ընթրիք եւ խրախճանք։

Կիրակի առաւօտեան, Ս. Պատարագ մատուցանեց Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Ապա հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Մուսա Լեռան հերոսամարտի նահատակներու հոգիներուն համար։ Ս. Պատարագի աւարտին, յաջորդաբաբ խօսք արտասանեցին Վեր. Ներսէս Պալապանեան, Գարին Տէր Գալուստեան եւ Յովիկ Գարայեան։

Այնուհետեւ, կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022