Կլենտէյլի «Adventist» Հիւանդանոցի 115-Ամեակի Նշում

Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2020-ին, Կլենտէյլի «Adventist» հիւանդանոցը նշեց իր հիմնադրութեան 115-ամեակը՝ յատուկ ընդունելութիւն մը կազմակերպելով հիւանդանոցի պարտէզին մէջ։

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան եւ ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան եւ շնորհաւորութեան խօսքը։

Ներկայ էին հիւանդանոցի նախագահ Տիկին Ալիս Իսայի, հաստատութեան պատասխանատուներ եւ անձնակազմի անդամներ։

Առաջնորդ Սրբազանը նշած էր, որ Կլենտէյլի «Adventist» հիւանդանոցը վերջին 115 տարիներու ընթացքին Աստուծոյ օգնութեամբ ո՛չ միայն բժշկական ծառայութիւններ մատուցած է, այլեւ՝ անոր երկարամեայ պատմութիւնը լի է հաւատքի, սիրոյ, կարեկցութեան, յոյսի, ծառայութեան, նուիրուածութեան ու զոհաբերութեան գործունէութեամբ, մէկ խօսքով՝ գործով կենսաւորուած հաւատքով։ Ան նաեւ ընդգծած էր, որ որպէս Աստուծոյ զաւակներ, մեզմէ իւրաքանչիւրը կոչուած է իր նմանին բեռը թեթեւցնելու՝ այսպիսով Աստուծոյ սէրը, գութն ու խաղաղութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ դրսեւորելով։ Ան նաեւ հաստատած էր, որ Կլենտէյլի «Adventist» հիւանդանոցի մեծ ընտանիքը այս առաքելութիւնը հաւատարմութեամբ կատարած է՝ հիւանդները համարելով ո՛չ թէ լոկ որպէս ֆիզիքապէս հիւանդներ, այլ իբրեւ Աստուծոյ արարածներ՝ անոնց ֆիզիքական ցաւերը բժշկելու կողքին, նաեւ սրտերն ու հոգիները բժշկելով։

Առաջնորդ Սրբազանը նոյնպէս գնահատած էր առողջապահական ոլորտէն ներս բոլոր աշխատակիցներու գործադրած ջանքն ու զոհողութիւնը, որոնք համաճարակի ընթացքին իրենց կեանքը վտանգի տակ դնելով՝ շատերու կեանքը փրկեցին, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ քրիստոնէական սիրոյ մարմնացումը։

Իր խօսքը եզրափակելով, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուցած էր առ Աստուած, որ առողջապահութեան ոլորտի բոլոր աշխատողները հեռու պահէ պէս-պէս դժուարութիւններէ եւ անոնց պարգեւէ առողջութիւն, ուժ ու կորով՝ շարունակելու համար իրենց մարդասիրական ու աստուածահաճոյ աշխատանքը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022