Կոլֆի Ճերըլտ եւ Մարք 17-րդ Մրցաշարք

Երկուշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2018-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունեցաւ ազգային բարերար Հէնք Խաչատուրեանի հանգուցեալ զաւակներուն՝ Ճերըլտի եւ Մարքի անուան կոլֆի 17-րդ տարեկան մրցաշարքը, որուն յաջորդեց ճաշկերոյթը։ Հ. Խաչատուրեան հանգանակային բնոյթով այս մրցումը կը հիւրընկալէ նպաստ տրամադրելու համար բարեսիրական նպատակներու։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընդառաջելով բարերարին հրաւէրին, այս տարի եւս ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին, ուղղեց իր պատգամը եւ աղօթք բարձրացուց Խաչատուրեան ընտանիքի հանգուցեալներու յիշատակին։ Առաջնորդ Սրբազանին ընկերացան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շերնէզեան, հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան եւ գաղութի անդամներ։

Խօսքը ուղղելով հիւրընկալ բարերարին, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «Ծանօթ խօսք է թէ գործած բարիքդ կը վերադառնայ քեզի։ Իմ ծանօթութեանս երկար տարիներուն, Ձեզ ճանչցած եմ իբրեւ քրիստոնէական առաքինութիւնները կիրարկող օրինակելի մարդ, որ տոգորուած է բարեգործութեան, սիրոյ եւ բարի կամեցողութեան սկզբունքներով եւ զգացումներով։ Ուրախ եմ, որ երկար տարիներու ձեր կատարած բարի գործերը բազմապատկուելով՝ տարուէ տարի կը վերադառնան ձեզի, եւ դուք զօրակցութիւն կը վայելէք այս գեղեցիկ ձեռնարկին ճամբով»։ Ան օրհնեց Տիար Խաչատուրեանը՝ առատաձեռն բարիքներուն եւ իր հիմնարկին ճամբով մարդոց կեանքերուն վրայ թողած բարերար ազդեցութեան համար, նաեւ օրհնեց յիշատակը անոր հանգուցեալ զաւակներուն ու կնոջ՝ Ռիթայի։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022