Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը – 2007

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ՝ ԼՈՅՍԻ ՈՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

«…Իսկ եկեալ սուրբ կանանցն ի խընկել զմարմինըն Տեառն. եւ լըւեալ ի հրեշտակէն  եթէ յարեաւ ի մեռելոց կենդանին յաւիտենից»։ (ՇԱՐԱԿԱՆ)

Քրիստոնեայ աշխարհը ահա անգամ մը եւս կ՚ապրի հոգեկան ցնծութեան ու անգերազանցելի հրճուանքի պահ մը, տօնելով Աստուածորդւոյն Ս. Յարութիւնը։

Հաւատացեալ մարդկութիւնը այսօր անգամ մը եւս ականջալուր կ՚ըլլայ իւղաբեր կիներուն ուղղուած հրեշտակներու աւետիսին.

«Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք։ Հոս չէ՛ Ան. յարութի՛ւն առաւ» (Ղուկաս, 24:5-6):

Սարսափազդու դէպքերէ եւ անդոհանքով պարուրուած անձկագին օրերէ ետք, ի՜նչ երանական պահ՝ այս աւետիսը ստացողներուն համար։

Անժամանցելի ի՜նչ պատգամ՝ 20 դարեր ետք մահուան դիմաց կեանքի՛ աւետիսը ստացողներուս։

Արդարեւ, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան իւրաքանչիւր դրուագը, բայց մանաւանդ Անոր հրաշալի յարութեան դէպքը կը բովանդակեն անսպառ խորհուրդներ, որոնք չեն մաշիր ժամանակի թաւալումով, չեն սպառիր դարերու սահանքին հետեւանքով, այլ տարուէ տարի նոյն թարմութեամբ եւ նոյն բազմախորհուրդ արժէքներով կը վերադառնան հաւատացեալ մարդուն, իբրեւ մնայուն պատգամ եւ ուղեցոյց՝ լուսաւորելու մեր կեանքը, մեզ առաջնորդելու յաւիտենութեան։

Եկէք, պահ մը վերապրինք այդ հրաշալի պահը։ Յիշողութեամբ վերադառնանք Յիսուսի աշխարհ առաքելութեան, բայց մանաւանդ Անոր երկրաւոր կեանքին վերջին օրերուն, որոնք կը կազմեն Անոր առաքելութեան թագադրումը, Անոր պատգամներուն պսակադրումը։

Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքէն մինչեւ Անոր մատնութիւնը, ձերբակալումը, դատավարութիւնը, խաչելութիւնը, թաղումը ու հրաշալի յարութիւնը կը կազմեն զիրար ամբողջացնող դիպաշար մը, որ մարդուն հանդէպ Աստուածային սիրոյն լիակատար  եւ շօշափելի արտայայտութեան խտացումն է։ Աստուծմէ հեռացած եւ աստուածային շնորհքէ պարպուած օրինազանց մեղաւոր մարդուն համար մեր Երկնաւոր Հայրը, անգամ մը եւս գերագոյն զոհողութիւն յանձն առնելով, կը կատարէր փրկութեան իր խոստումը։ Ան աշխարհ ղրկած էր իր Միածինը, ո՛չ թէ դատապարտելու աշխարհը, այլ  Իր ուսերուն առնելու մեղաւոր մարդուն մեղքերը, եւ որպէս Գառն Աստուծոյ՝ իր անարատ արիւնով քաւելու զանոնք։ Որովհետեւ, «Աստուած մեզի հանդէպ իր սէրը յայտնեց անով՝ որ երբ տակաւին մեր մեղքերուն մէջ էինք, Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» (Հռովմայեցիս, 5:8)։

Յիսուսի փրկչագործութեան առաքելութիւնը, սակայն, իր վախճանին պիտի չհասնէր Իր անմեղ արեան հեղումով։ Անոր կեանքը վերջ պիտի չգտնէր խաչին վրայ Իր բազուկներուն տարածումով ու չարչարալից մահով, որովհետեւ այդպէսով, աստուածային խոստումը լինելութեան հասած պիտի չըլլար։

Քրիստոսի նոր պատուիրաններն ու երկինքի արքայութեան ուսուցումները նկատի չունէին միայն աշխարհիկ՝ ժամանակաւոր կեանքը, այլ անոնց նպատակն էր մեղաւոր մարդը պատրաստել հանդերձեալ, յաւիտենական կեանքին, ժամանակաշրջանի մը, որ չի սահմանափակուիր աշխարհի վրայ մեր կարճատեւ կեանքով, այլ մահէն անդին տարածուող յաւիտենականութեամբ։ «Լաւ գիտցէք, ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը հաւատայ Անոր՝ որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի եւ պիտի չդատապարտուի, որովհետեւ արդէն իսկ մահէն կեանքի անցած է» (Յովհաննէս 5: 24)։

«Ես եկայ որ կեանք ունենաք եւ առաւել կեանք ունենաք» (Յովհաննէս 10:10)։

Խաչելութենէն երեք օր ետք, Յիսուսի յարութեան հրաշալի դէպքը երկնատուր այս պատգամին գործնական արտայայտութիւնն էր։

Իր յարութեամբ՝ Յիսուս վերջնական յաղթանակը կը տանէր մահուան ու անհետ կորսուելու վտանգին վրայ։

Քրիստոսի մահուան վրայ տարած կեանքի յաղթանակով է որ մենք «մահէն կեանքի անցած ենք» (Ա. Յովհաննէս 3:14)։

Յարութիւնը, սիրելիներ, բարիին յաղթանակն է չարին վրայ, մեղքերէ ձերբազատելու, փրկչագործութեան արտայայտութիւնը, որ իբրեւ պատգամ կը տրուի մեղաւոր մարդուն։ Հաւատքով լեցուած ու Յարութեան աւիշով սպառազինուած մարդը իրաւամբ կրնայ ըսել. «Ո՞ւր է, մա՛հ, յաղթանակդ. ո՞ւր է մա՛հ, քու խայթոցդ» (Ա.Կորնթ. 15։55)։

Աստուածաշունչը մեզի կը պատմէ Աստուածային սիրոյ անհունութեան մասին. անկէ կը սորվինք, որ Աստուած այնքան սիրած է իր ստեղծագործութիւններուն ամէնէն կատարեալը՝ մարդը, որուն փրկութեան համար չէ խնայած իր Միածինը, զԱյն աշխարհ ղրկած է գերագոյն զոհաբերութեան առաքելութեամբ, որպէսզի Անոր հաւատացողները փրկուին ու արժանի ըլլան յաւիտենական կեանքին։

Ահա մեծագոյն հրաշքին ամէնէն կենսատու եւ մշտանորոգ պատգամը՝ մեզի, քրիստոնեայ հաւատացեալներուս։

Քրիստոսի պատգամները լոյսի ու ճշմարտութեան պատգամներ էին. անոնք մարդուն կը թելադրէին եւ այսօր ալ կը պատգամեն պարտութեան մատնել չարը, խաւարն ու անարդարութիւնը, ըլլալ լուսոյ որդիներ։ Քրիստոսի յաղթական յարութիւնը պատգամ է մարդկութեան, որ ինքզինք հեռու պահէ մեղքի տիղմէն, չարիքի ճամբաներէն եւ բոլոր ունակութիւններէն՝ որոնք զինք պիտի զրկեն յաւիտենական կեանքի բարիքներէն ու զինք պիտի մատնեն կորստեան։

Եթէ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը մնայուն պատգամ մը թողած է ամբողջ մարդկութեան ու նոյն հնչեղութեամբ անոր կը հասնի այսօր՝ մեծագոյն հրաշքէն մօտաւորապէս 20 դարեր ետք։ Նոյն պատգամը նոյն հնչեղութեամբ կը հասնի նաեւ մեզի՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներուս, մանաւանդ, որ մեր ողջ պատմութիւնը եղած է այդ պատգամին հաւատարմութիւն եւ հետեւողական կենսագործում։

Արդարեւ, սիրելիներ, Յիսուսի յարութեամբ բոցավառած ճշմարտութեան ջահին լոյսը շուտով Հայաստան աշխարհ բերուեցաւ Անոր առաքեալներուն՝ Ս. Թադէոսի ու Ս. Բարթողոմէոսի կողմէ, արագ տարածում գտաւ մեր ժողովուրդի հոգիին ու կեանքին մէջ, ու մենք դարձանք քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունող առաջին պետութիւնը։

Աստուածաշունչի լոյսին տարածման եռանդն էր որ մեր պատմութեան լուսատու դէմքերը մղեց սեփական գիր ունենալու տենդին։ Հայ Մշակոյթի լուսաւոր ճամբան սկիզբ առաւ նոյնինքն Աստուծոյ խօսքին՝ Աստուածաշունչին հայերէնի թարգմանութեամբ, որ կոչուեցաւ «Թագուհի Թարգմանութեանց»։

Հայ Գիրի գիւտարար սրբազան հայրերուն ու մեր մշակոյթի Ոսկեդարը կերտող անոնց արժանաւոր աշակերտներուն շնորհիւ, Աստուած հայուն հետ հայերէն խօսեցաւ, հայուն պատգամեց կերտել քրիստոնէական իր ուրոյն կեանքը, իր նկարագիրին համապատասխան պատմութիւն։ Հայերէնով կերտուած մշակոյթը դարէ դար հարստացաւ, դարձաւ ներշնչման աղբիւր՝ հայ երաժիշտին, հայ գրողին, հայ արուեստագէտին, մնաց մեզ մահէ փրկող լաստն ու մեր յարութեան գրաւականը. այդ բոլորը իբրեւ անգնահատելի ժառանգութիւն ու աւանդ այսօր հասած են մեզի։ Նոյն այս ներշնչումով է որ մենք, անսալով Ս. Աթոռոյս Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոչերուն, ահաւասիկ վերջին տարիները կը նուիրենք Հայ Մշակոյթին, Հայ Դպրոցին ու Հայ Լեզուին, տօնախմբելով չարիքին ու անհետացման վտանգներուն դէմ անոնց յաղթական երթը։

Սիրելիներ, մեր պատմութիւնը կերտուեցաւ դէպքերով ու հանգրուաններով, որոնք գործնական վկայութիւն էին չարիքի ու մահուան վրայ մեր Փրկիչին տարած յաղթանակին։

Բազմիցս փորձեցին մեզ հեռացնել մեր սուրբ հաւատքէն, սակայն միշտ ալ հնչեց Աւարայրի դաշտին վրայ կերտուած յաղթանակին պատգամը՝ «Մեզ մեր հաւատքէն ոչ ոք կրնայ հեռացնել»։ Որովհետեւ յարութեան ուղեւորներս հաւատացինք ու հետեւեցանք Քրիստոսի, որ կը յուսադրէր բոլոր դարերուն զԻնք Տէր եւ Աստուած դաւանողներուն. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպետեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յովհաննէս 11:25)։

Բազմիցս փորձեցին անվերադարձօրէն սպաննել մեզ ու դուրս ձգել պատմութեան բեմէն, սակայն մեր ժողովուրդին հաւատքն ու կամքը միշտ ալ մեզ առաջնորդեցին յարութեան եւ ինքնակերտումի, արդարութեան ու ճշմարտութեան լոյսին ջահը աւելի՛ եւս բարձրացնելու։

Հայ ժողովուրդը, իր պատմական փորձառութիւններով, ամէնէն հաւատարիմ հետեւորդը եղաւ «մահուամբ մահը զգետնելու» Ս. Յարութեան պատգամին, զայն վերածեց ազգային իւրայատուկ արժանիքի ու աւանդութեան։

Եւ մենք, այսօր ու ընդմիշտ, պիտի շարունակենք Քրիստոսաւանդ այս երթը, որ մեզի պիտի պարգեւէ յաւիտենական կեանք, մեզ պիտի պահէ յաւերժութեան ճամբուն մէջ։ Այս է մեր երթը։ Այս է պատգամը Ս. Յարութեան այս տօնին։

Ս. Յարութեան յաղթական երթով եւ լոյսի ու արդարութեան տենչով, Զատկական մեր շնորհաւորութիւնները կ՚ուղղենք Թեմիս հոգեւորականաց Դասուն, ժողովականութեան, ինչպէս նաեւ մեր կրթական հաստատութեանց, միութեանց ու կազմակերպութեանց բոլոր անդամներուն եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին։ Թող այս յաղթանակի տօնը վերակենսաւորէ բոլորս, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, եւ թող յարուցեալ Փրկիչը մեզի պարգեւէ մեր հաւատքի ու յոյսի երթը յաղթականօրէն շարունակելու լուսաւոր ճանապարհը։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց
Օրհնեալ
է յարութիւնն Քրիստոսի

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ս. Զատիկ 2007

 

 

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022