Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը – 2009

ՀՐԱՇԱՓԱՌ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝  ԿՈՉ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ

«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, Մահուամբ զմահ կոխեաց, Եւ յարութեամբն իւրոյ Մեզ զկեանս պարգեւեաց։ Նմա փառք, յաւիտեանս։ Ամէն» (Շարական)։

Վերածնունդի ու վերանորոգութեան կենսատու պատգամը ահա անգամ մը եւս կ՚արձագանգէ աշխարհի տարածքին, երբ իբրեւ քրիստոնեաներ՝ դարձեալ կը պատրաստուինք տօնելու Մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը եւ միաձայն գոչելու.

«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. ալէլուիա.
Եկայք
ժողովուրդք, երգեցէք Տեառն. ալէլուիա»։

Մեր Տիրոջ Ս. Յարութիւնը մեզի կը բերէ վերածնունդի ու վերանորոգութեան հզօր պատգամը։ Ան կը սկսի մահով՝ Քրիստոսի խաչելութեան ու մահուան դէպքով, ու կ՚աւարտի կեանքով՝ հրաշափառ Յարութեամբ, Զատկի առաւօտուն։ Սա մահուան վրայ տարուած յաղթանակին եւ նոր կեանքի արշալոյսին տօնն է, վերահաստատումն է այն իրողութեան, թէ բարի կամեցողութիւնը մի՛շտ պիտի մնայ յաղթական, յոյսը մի՛շտ պիտի ըլլայ անսպառ։

Որքա՜ն պատշաճ է, որ Ս. Յարութեան տօնը կը նշենք գարնան, այն եղանակին, երբ կեանքը կը վերածաղկի, երբ գորշ ու դաժան ձմեռը կը թողունք մեր ետին, արեւը դարձեալ կը փայլի պայծառօրէն։ Ականատես կ՚ըլլանք բնութեան հրաշալիքին, ուր հինը կը մեռնի ու նորը ծնունդ կ՚առնէ։ Արդարեւ, մենք ալ ենթակայ կ՚ըլլանք կեանքի այս ընթացքին, սակայն ո՛չ թէ վախճանը դիմակալելով, այլ՝ կեանքի նոր սկիզբ մը, նոր իրավիճակ մը, որ մեզի կ՚ընծայէ վերածնունդ մը. որովհետեւ՝ Ս. Յարութիւնը մեզի կու տայ այս խոստումը. «Ան մեզ փրկեց, ոչ թէ մեր կատարած արդար գործերուն համար, այլ պարզապէս ողորմած ըլլալուն համար։ Մեզի նոր ծնունդ տուաւ մկրտութեամբ, եւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ մեզ վերանորոգեց։ Աստուած Սուրբ Հոգին առատօրէն մեր վրայ թափեց մեր փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որպէսզի Քրիստոսի շնորհքով արդարացած՝ ժառանգենք յաւիտենական կեանքը, որուն կը յուսանք» (Տիտ. 3։5-7)։

Արդարեւ, յարութեան փորձառութիւնը ապրելու համար, պէտք չունինք ֆիզիքապէս մեռնելու։ Ս. Յարութեան լիարժէք պատգամը այն է, որ տառապանքին եւ տանջանքին կը հետեւին փրկութիւնն ու յոյսը։ Մեր կեանքի ընթացքին, յաճախ դէմ յանդիման կը գտնուինք դժուարութիւններու ու խոչընդոտներու, սակայն այդ խոչընդոտները լոկ հանգրուաններ են դէպի լուսաւորութիւն առաջնորդուելու։ Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս պէ՛տք է մեռնէր խաչին վրայ, որպէսզի յարութիւն առնէր։ «Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ վերստին ծնաւ, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութիւն առնելովը ունենանք այն կենդանի յոյսը, թէ պիտի ժառանգենք անեղծ, անարատ եւ անթառամ կեանքը» (Ա. Պետրոս 1։3-4)։

Ս. Յարութեան խոստումը մեզ վեր կը բարձրացնէ մեր ամէնէն մութ պահերէն, մեզ կը ձերբազատէ մեր ծանր բեռներէն ու հոգերէն, ընծայելով ուժ, վերանորոգեալ սրտի մը յոյսը, վերանորոգեալ հոգի մը, եւ վերանորոգեալ կեանք մը։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Զատիկը պահն է զարթօնքի, պահը՝ վերակենսաւորման ու վերաշխուժացման։

Յարութիւնը հոգեկան վերածնունդ է, ճանապարհորդութիւն մը՝ բարձրագոյն նպատակի մը տանող, որ մեր ներաշխարհին մէջ սկիզբ կ՚առնէ, երբ մաքուր ու բաց սրտով Յիսուս Քրիստոսը կ՚ընդունինք իբրեւ մեր Փրկիչը, ուղեւորութիւն մը՝ որ անժխտելի իրողութիւն է. եւ ինչպէս որ մեր Փրկիչը կ՚ըսէ. «Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի, չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը» (Յովհ. 3։3)։

Փառք Աստուծոյ, Ս. Յարութեան պատգամը ուղղուած է ողջ մարդկութեան, պատգամ մը՝ որուն որեւէ ժամանակէ աւելի աշխարհը պէտք ունի այսօ՛ր։ Արդարեւ, աշխարհն այսօր մատնուած է վհատութեան եւ յուսալքման։ Մեր Տիրոջ Ս. Յարութիւնը հրաշալի պարգեւ մըն է, որ հաւատքի մէջ տկարացածին հաւատքը կը վերահաստատէ, եւ անյոյսին յոյս կը ներշնչէ։ Անիկա մեզի կ՚ընծայէ մահէն դէպի կեանք անցնելու պարգեւը, յուսալքումէ կը փոխադրէ դէպի լաւատեսութիւն, մեզ կը հրաւիրէ վերածնելու, որպէսզի ստանանք Իր առատ օրհնութիւններն ու բարի խոստումները։

Երկու հազար տարի առաջ, Յիսուս Իր Լոյսը աշխարհ բերաւ. այդ լոյսը մինչեւ օրս կը փայլի իբրեւ հաւատքի, սիրոյ եւ յոյսի կոչ, որ որեւէ ժամանակի չափ, եթէ ոչ աւելի, ներշնչող է ու իմաստաւորող։

Դարեր շարունակ, մեր նախահայրերը ո՛չ միայն խորապէս ըմբռնած են Ս. Յարութեան խորհուրդը, այլ զայն ապրած են իրենց հաւատքով ու կեանքով, ու ըստ այնմ վերանորոգած են Հայ ժողովուրդի հաւատքն ու ազգային ոգին։

Եկէ՛ք, ուրեմն, ընդառաջենք Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոչին, որ 2009 տարին հռչակած է Երիտասարդութեան Տարի։ Յատուկ հոգածութիւն ընծայենք մեր երիտասարդներուն եւ ուշադիր ըլլանք անոնց ակնկալութեանց։ Եկէ՛ք, զանոնք բաժնեկից դարձնենք Ս. Յարութեան կենսաւորող պատգամին, մենք զմեզ յանձնառու դարձնենք անոնց հոգեկան սնունդին ու հոգեւոր աճին, եւ այս՝ ոչ միայն տօնական այս օրերուն, այլ ամբողջ տարուան ընթացքին։ Մեր երիտասարդութիւնը կամրջենք մեր կրօնական ու ազգային ժառանգութիւններուն, ու անոնց ճամբով եւ ի սէր մեր երիտասարդութեան՝ վերանորոգենք ու վերակենսաւորենք մեր առաքելութիւնը, վասն մեր եկեղեցւոյ ու ազգի յարատեւման ու բարգաւաճման։

Զատկական օրերու ընծայած սիրոյ, յոյսի եւ վերանորոգութեան ալիքները տարածենք ամէնուրեք, վերահաստատենք մեր հաւատքը, ապրինք հոգեկան վերածնունդ ու կենսաւորումը, որպէսզի ապրինք հոգեւորապէս հարուստ ու աստուածահաճոյ կեանք մը։

Ս. Յարութեան պատգամով խրախուսուած՝ եկէ՛ք, լսենք առաքեալին պատգամը՝ «Նոր մարդ եղէք, ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի կարենաք զինք ճանչնալ» (Կող. 3:10), եւ առիթ տանք որ այս հրաշափառ տօնին աւետիսը մեզ առաջնորդէ նոր կեանքի  ու նոր բարձունքներու։

Այս զգացումներով, եկէ՛ք, աղօթք բարձրացնենք առ Աստուած ու խնդրենք. «Մաքուր սի՜րտ մը հաստատէ մէջս, ո՜վ Աստուած, նոր եւ ուղիղ հոգի՛ դիր իմ ներսիդիս» (Սաղմոս 51։10)։

Ահա այս խորհրդածութիւններով ու իղձերով, Ս. Յարութեան այս տօնին, մեր բարեմաղթութիւնները կը փոխանցենք մեր Հոգեւորականաց Դասուն, Ազգային Վարչութեան, Ազգային Երեսփոխաններուն, ծխական շրջաններու բոլոր նուիրեալներուն, դաստիարակներուն, քոյր կազմակերպութիւններուն, եւ մեր բոլոր հաւատացեալներուն, նաեւ բոլոր անոնց՝ որոնք կը ծառայեն ի պայծառութիւն մեր եկեղեցւոյ ու ազգին։

Սա պահուն, կը միանանք բոլորիդ ըսելով.

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ
է յարութիւնն Քրիստոսի։

Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ս. Զատիկ 2009

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022