Skip to main content
search

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
Հոգեւոր Դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց, եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն,

Նոր բացուող 2010 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավան­քէն կ՚ողջունենք ձեզ՝ հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով։

Ինչպէս գիտէք, իւրաքանչիւր տարի մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրենք խորհրդածելու մեր հաւա­քա­կան կեանքին առընչուած եզակի արժէքի մը, կա­րեւոր երեւոյթի մը, առանցքային մտահոգութեան մը կամ լուրջ մարտահրաւէրի մը մասին, եւ զանազան ազ­դու միջոցնե­րով շեշտելու անոր կենսական կարեւո­րու­­թիւ­նը՝ ի խըն­դիր մեր ազգային¨եկեղեցական կեանքի առա­ւե՛լ կազ­մա­կերպման ու ­­­­ծաղկ­­­ման։

 Նոյն ակնկալութենէն մեկնելով, եւ նկատի ունե­նա­լով հայ կնոջ վերապահուած կարեւոր դերը մեր ժողո­վուրդի կեանքէն ներս, 2010 տարին կը հռչա­կենք՝

«ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻ»

Արդարեւ, ներկայ ժամանակներուն, ընկերութեան զա­նազան կառոյցներէն ներս՝ ընտանի­քէն սկսեալ մին­չեւ դպրոց, հասարակա­կան կազմակեր­պութիւն­ներէն սկս­­եալ մինչեւ պետական հաստատու­թիւններ, կինը սկսած է դառնալ կեդրոնա­կան ներկա­յութիւն՝ իր տիրա­կան խօսքով ու բեղուն գործու­նէու­թեամբ։

Հայրապետական սոյն Գիրով երբ մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրենք ներկայ տարուան ընթացքին լուսարձակի տակ բերելու հայ կինը, անհրաժեշտ է որ կրօնական թէ պատմական, ազգային թէ միջազգային առումով աւելի լայն ենթահողի վրայ դիտենք զայն, որպէսզի կարե­նանք ճիշդ կերպով բնութագրել ու հա­մապարփակ կերպով արժեւորել իր իւրայատուկ տեղն ու դերը հայ կեանքէն ներս։

*
* *

Կինը Աստուածաշունչին մէջ

Որպէս քրիստոնեայ, մեր դաւանած ճշմարտու­թիւն­ներուն, արժէքներուն ու սկզբունքներուն հիմ­քը կը նկա­տենք Աստուածաշունչը։ Անհրաժեշտ է, հետեւա­բար, որ Աստուածաշունչը ունենանք մեր մեկնակէտը երբ կը խօ­սինք կնոջ մասին։ Արդարեւ, Աստուածա­շուն­չը կը հաս­­­­­­տա­տէ, որ Ադամ եւ Եւան Աստուծոյ պատ­կերին հա­մա­ձայն ստեղծուած են եւ միասնաբար ու հա­ւասա­րա­պէս այս երկրի վրայ բազմանալու ու իշխելու պար­տա­­­ւո­րութեան կոչ­­­­­­­­­ուած Աստուծոյ կողմէ (Ծննդ. 1.27-28)։ Արե­­­­­ւելքի մէջ ընկերու­թիւնը ենթակայ ըլլալով արական սե­ռի տիրապետութեան, նաեւ Հին Կտակարանին մէջ կի­նը կը տեսնենք ընդհան­րա­պէս նոյն պատ­կերով ներ­կա­յացուած։

Նոր Կտակարանին մէջ ամբողջութեամբ շրջուած կը ներկայանայ կնոջ պատկերը։ Կինը Աստուծոյ շնորհքին կÿարժանանայ. Աստուծոյ Որդին կը մարդե­ղանայ կնոջ ճամբով) Ղուկ. 1.26-38(։ Այս իրողութիւնը ինքնին մեծ յեղա­շրջում մըն էր արական սեռի գերիշխանութեան տակ գտնուող ընկե­րութեան մէջ։ Եւ աւելի՛ն, Քրիստոս կը դառնայ կնոջ ազատագրիչը։ Կինը ներկայութիւն կը դառնայ ո՛չ միայն Քրիստոսի առակ­ներուն, հրաշք­նե­րուն ու ուսուցումներուն մէջ, այլ նաեւ փրկագործական խոր­­­­­հուրդին մէջ՝ Սուրբ Մար­իամ Աստ­­­­­­­­­­­ուածածնի ճամ­բով որպէս տիպար կին եւ օրի­նա­կելի մայր։ Կնոջ հան­դէպ իրենց ցուցա­բերած յատուկ նախան­ձախնդրու­­­թե­նէն մղուած, Քրիս­տոս ու ապա Առաքեալները կը մեր­ժեն հրեաներու, յոյներու ու հռո­մայե­ցիներու մօտ ըն­­դուն­ուած այրին գերակայութիւնը ու կնոջ ստորա­կա­յու­թիւ­նը եւ կը շեշտեն այր եւ կնոջ հաւասարութիւնը։

Եկեղեցւոյ հայրերու գրականութեան մէջ յատկանշա­կան է մանաւանդ հա­կադրութիւնը “նոր Եւա”–ին՝ Աստ­ուածածնին, որ կեանք բերաւ աշխարհ՝ ծնունդ տալով աշխարհի փրկչին, եւ “հին Եւան”ին, որ մահը բերած էր աշխարհ։ Երկնա­յին շնորհներով լեցուն Սուրբ Մարիամ Աստ­ուա­ծածնի մէջ եկեղեցին ուզած է տեսնել ո՛չ միայն կինը, որպէս տիպար բարոյական առաքի­նու­թեանց ու արժէք­ներու, այն նաեւ իր Որդւոյն կողքին կեցած ու անոր տառապանքին ու ուրախութեան մասնակից մայ­րը։

*
* *

Կինը հայ եկեղեցւոյ մէջ

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մեր բո­լոր հայ­­­րե­րու աստուածաբանական մտա­ծողութեան, դաւա­նա­բա­նական կեցուածքներուն, հայ­րա­­խօսական թէ սր­բա­խօ­սա­­կան գրութեանց մէջ մնայուն ներկա­յու­թիւն ե­ղած է կինը՝ միշտ Սուրբ Մար­իամ Աստուա­ծածնի ճամ­բով։ Նո՛յնը կարելի է ըսել մեր եկեղեցւոյ ծէսին, ուր աղօթք­ներու ու շարա­կան­ներու մէջ որպէս բարեխօս Սուրբ Աստուա­ծածնի յաճախակի յիշատա­կումը յիշե­ցում մըն է հայ կինը Աստ­ուածածնի պատկերին համաձայն տես­նելու անհրաժեշտութեան։

Առաջին դարերէն սկսեալ, հայ եկեղեցւոյ համայնա­կան կեանքին ու առաքելու­թեան եւս կնոջ մասնակ­ցու­թիւնը եղած է կարեւոր։ Ունեցած ենք կոյսեր ու սար­կաւագուհիներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ընկերային ու բարեսի­րական ծառայութեան մասնակից քոյրեր. ունե­ցած ենք յայտնի թէ անյայտ բազմաթիւ կին սուրբեր ու նա­հատակներ, որոնք մեր եկեղեց­ւոյ հաւատքի առա­քե­լութիւնը հարստացուցած են իրենց սրբակենցաղ կեան­քով, ծառայական կոչումով եւ նո՛յնիսկ արեան վկայու­թեամբ։ Հայ եկեղեցւոյ հոգեմտաւոր առաքելութեան, ինչպէս մանրանկարչութիւն, ձեռագիրներու ընդօ­րի­­նա­կու­թիւն, թարգմանչական թէ դաստիարակչական աշ­խա­­տանք, հայ կինը իր ներդրումը կատարած է։ Մեր առա­ջին եկեղեցիները մկրտուած են իգական ա­նուն­­­­ներով. օրինակ՝ Սուրբ Աստուա­ծա­ծին, Սուրբ Գայիանէ, Սուրբ Հռիփ­սիմէ։ Հակա­ռակ կնոջ նկատմամբ մեր եկե­ղեցւոյ ունեցած ընդհան­րապէս արեւելեան մօտե­ցում­ներուն, հայ կինը մեր կեանքին լուսանց­քին վրայ չէ մնա­ցած երբեք։ Մեր եկեղեցւոյ հայրերը գնահատանք ու գուրգուրանք ցուցաբերած են կնոջ նկատ­մամբ՝ անոր մէջ Սուրբ Աստուածածնի առաքինութիւնները տես­­նելու նախանձախնդրութենէն թելադրուած։

*
* *

Կինը հայոց պատմութեան մէջ

Ծանօթ իրողութիւն է, որ մեր պատմութեան խաղաղ թէ վերիվայրումներով յղի ժամանակ­ներուն, հայ կինը միշտ ունեցած է իր իւրայատուկ դերակատա­րու­թիւնը։ Հայոց պատմութեան հեթանոսական շրջանին, Անա­հիտն էր հայոց գլխաւոր չաստուածուհին։ Չաստուա­ծուհի էին նաեւ Աստղիկ, Նանէ, եւ ուրիշներ։ Հայ ժողո­վուր­դի հե­թանոսական շրջանին մէջ իր արմատները ունե­­­­­ցող հայ կնոջ դերը նոր զարգա­ցում ունեցաւ քրիս­տո­նէութեան Հայաստան մուտքով։ Այս ուղղութեամբ կարեւոր կը նկատենք կարգ մը ընդ­­գծումներ ու յիշե­ցում­ներ կատարել.–

ա) Հայ կինը որպէս մայր

Հայ կինը որպէս մայր եզակի կարեւորութիւն ունե­ցած է հայ ժողո­վուրդի մտածողութեան ու կեանքին մէջ։ Նախաքրիստոնէա­կան շրջանէն սկսեալ, հայ ժողո­վուր­դը չաստուածուհի­ներու մէջ տեսած է հայ մօր տիպարը, որպէս «աղ­բիւր», «կեցուցիչ», «շունչ եւ կենդանութիւն» )Ագաթանգեղոս( ազգին յաւերժութեան։ Հայ ժողո­վուր­դը հայ կինը ուզած է տեսնել էապէս ու գերազանցօրէն որպէս մայր՝ մայ­րութիւնը վերածելով գերագոյն ու սըր­բազ­նագոյն առա­քինութեան։ Հայ մայրը ո՛չ միայն աղ­բիւր է եղած բեղմ­նաւորման ու պտղա­բերութեան, այլ նաեւ օրինակ՝ անձ­նազոհու­թեան, ծառայութեան եւ հա­ւա­տար­մութեան։ Հայ կնոջ տիպարը որպէս մայր մեր ժողովուրդին հա­մար նկատուած է այնքան նուիրական, որ մեր ազ­­գային անփոխարինելի արժէքները «մայր» բառով որակած է՝ մայրենի լե­զու, մայր Հայաստան, մայր եկեղեցի։

բ) Հայ կինը որպէս դաստիարակ

Դաստիարակութիւնը, բառին լայն հասկա­ցո­­ղու­թեամբ, հայ կնոջ կոչումին ա՛յլապէս կեն­սական տա­րածք­ներէն մէկը եղած է։ Եղիշէ Պատ­միչ կը յիշէ թէ հինգերորդ դարուն Վարդանանց պա­տերազմի յաջոր­դող շրջանին, երբ Հայաստանի մէջ կը տիրէր վախ ու անորոշութիւն, «Տիկնայք փափկասունք հայոց աշ­խար­հի» նուիրուեցան որբերու դաստիարա­կու­­թեան վեհ գործին։ Անոնք հաւատացին թէ՝ հա­ւատ­քի ու հայ­րենիքին համար մղուած Վար­դանանց պատերազմը շա­րունակելու հա­մար անհրա­ժեշտ էր նո՛յն ոգիով ու տե­սիլքով դաստիարակել նոր սերունդ­ներ։ Հայ ժողո­վուր­դի պատմութեան բոլո՛ր ժա­մանակներուն հայ կինը եղաւ ու մնաց նոր սերունդներու ամե­­­­նէ՛ն յանձնառու դաստիա­րակը։ Արդարեւ, Կիլիկեան Թագաւորութեան անկումէն յետոյ մեր պատմութեան խաւար դարերուն, ո՞վ հայու ինքնութիւնը պահեց բիւ­րեղ մեր զաւակնե­րուն կեան­քին մէջ։ Տէր Զօրի աւազ­ներուն վրայ ո՞վ Ա.Բ.Գ.ը սորվե­ցուց բազմահազար որբե­րուն։ Սփիւռքի տժգոյն պայման­ներուն մէջ ո՞վ մար­դակերտումի ու հա­յա­կեր­­տումի հաւատարիմ առաք­եալը դարձաւ, եթէ ոչ հայ կինը։

գ) Հայ կինը որպէս հասարակական գործիչ

Հայ կինը նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է հայ ժո­ղովուրդի կեանքի քաղաքական¨հասարակական մար­­­­­­­­­­­­­­­­զին։ Թագուհիներ ու իշխանուհիներ ո՛չ միայն իրենց ամուսիններուն հաւատարիմ կողակիցները ու սերտ աջա­կիցները եղած են, այլ նաեւ անոնց արժա­նաւոր խոր­­հրդականները։ Ծանօթ են մեզի Աշխէն թա­գուհիին ու Խոսրովիդուխտ իշխանուհիին նման բազ­մաթիւ կի­նե­­րու կատարած վճռական դերը հայ ժողո­վուրդի պատ­մութեան ճակատագրական օրերուն՝ Հա­յաս­տանէն մին­չեւ Կիլիկիա եւ ապա Սփիւռք։ Հայ կնոջ ստանձնած ծանր պար­տա­ւորութիւնը ընտանիքի կազ­մա­ւորման ու պահ­պան­ման մէջ, երբեք արգելք չէ եղած որ ան նաե՛ւ պա­տասխանատու պաշտօններ ստանձնէ՝ կուսակցա­կան, քաղա­քա­կան, պետական եւ ազգային այլ բնա­գա­ւառներուն առընչուած՝ իր նկատառելի ներդրումը բերե­լով հայ քա­ղաքական մտքի զարգաց­ման ու հա­ւաքա­կան կեանքի կազմա­կերպ­ման։ Անհրա­ժեշտ է հոս յիշել Հայաստանի վե­րան­կախացումէն յետոյ հայ կնոջ հե­տըզհետէ աչքառու ներկա­յու­թիւնը քա­ղաքական դաշ­տէն ներս, ինչպէս նաեւ Սփիւռ­քի տա­րած­քին հայ ժողո­վուրդի իրա­ւունք­ներու հետա­պնդման աշխատանքնե­րուն հայ կնոջ գոր­ծօն մասնակ­ցութիւնը։

դ) Հայ կինը որպէս մտաւորական

Հայ կինը որպէս մշակութային արժէքներու ջատա­գով միշտ մնա­ցած է լուսարձակի տակ մեր ողջ պատ­մութեան ընթաց­քին։ Իշխանական ու ազնուական տոհ­մերու պատկա­նող տիկիններու մեկենասու­թեամբ գրի առնուած բազ­մաթիւ ձեռագիրները, անոնց բարերարու­թեամբ բարձ­րա­ցած եկեղեցիները եւ թելադրութեամբ պատ­րաս­տո­ւած խաչքա­րերը, ակնյայտ իրականութիւն­ներ են։ 18¨րդ դարէն սկս­եալ եւ մանաւանդ Զարթօնքի շրջա­նին, հայ կինը կա­րեւոր նպաստ բերաւ գրակա­նու­թեան ծաղկման։ Կնոջ կրթութան, ազատութեան ու հա­ւասա­րու­թեան դատին շեփորահարները դարձան Սըր­բու­­հի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր, Զա­պէլ Եսայեան եւ ուրիշներ։ Հայ թատրոնը եւ երաժշտութիւնը եւս, ինչպէս արուեստի այլ բնագաւառներ, մեծ նուաճումներ արձա­նագրեցին, ազ­գային թէ միջազ­գա­յին չափանիշե­րով, իգական սեռի մեծաթիւ ներ­կայութեամբ։

ե) Հայ կինը որպէս պաշտպան հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան

Քրիստոնէական հաւատքով շաղախուած ու ազգա­յին ոգիով հզօրացած հայ կինը դարձաւ, իր քաջամար­տիկ ամուսնոյն, եղբօր կամ հօր կողքին, հայ ժողո­վուրդի ազա­տագրա­կան պայ­քարի անվեհեր զինուորը։ Ան նո՛յնիսկ իր ար­եան գնով պաշտ­պանեց իր ընտա­նիքին սրբութիւնը, իր հայրենի­քին ազատութիւնը եւ իր ազգին ու եկեղեցւոյ բարո­յական ու հոգեմտաւոր ար­ժէք­­ները։ Պատմութեան մէջ կը հանդիպինք մեծ թիւով հայ կի­ներու, որոնք մեր ժողովուրդի մարտունակ ոգիին պեր­ճախօս վկաները հանդիսացած են՝ Վար­դա­նանց պա­­­­­­տերազմէն սկսեալ մին­չեւ Կիլիկեան շրջանին ազա­տութեան համար մղ­ուած կռիւ­ները, եւ Զէյ­թունի ապըս­տամբութենէն սկսեալ մինչեւ Սարտա­րա­պատի հե­րո­սամարտը։ Հայկական ցե­­­­­­­­­­ղաս­պա­­նու­­թեան օրերուն բազ­­­­­­­­­մաթիւ են այնպիսի պա­­­­­­­­հեր ու դէպ­քեր, ուր հայ կինը իր արի կեցուածքով բարձր պա­հած է իր ազգին պատիւը։ Ու տա­կաւին, Ղա­րա­­բաղի ա­զա­­­­­­­­տագրական պայքարի պատմութիւնը հա­րուստ է ձեռք ձգուած յաղ­թանակ­նե­րուն ամբողջական նուի­­­րումով մասնակից դար­­­­­­­­­ձած կի­ներու անուններով։

զ) Հայ կինը որպէս ընկերային ծառայող

Ընկերային ծառայութեան դաշտին մէջ հայ կնոջ դե­րը միշտ եղած է առանցքային։ Մեր պատ­մութեան յատ­կապէս ողբերգական պայմաններուն մէջ մեր ժողո­վուր­դի կարիքներուն ու մտահոգութիւն­ներուն դիմաց ան­տարբեր չէ մնացած հայ կի­նը։ Որ­բերը հաւաքելու ու դաստիարակելու, հիւանդ­­­­­ները խնա­մելու, աղքատ­ներն ու այրիները պատսպա­րելու, սգա­ւոր­­ները մխի­թա­րելու եւ չքաւորներուն նիւ­թապէս օ­ժան­­դակելու գործին օրի­նակելի նուիրումով լծուած է հայ կինը։ Մարդասիրա­կան ծառայու­թեան դաշտին մէջ եւս ար­ժանաւոր տեղ գրա­ւած կիներուն անունները բազ­­­­­մաթիւ են մեր պատ­մու­թեան մէջ, Աշխէն թագուհիէն սկսեալ մինչեւ 10¨րդ դարու Շու­շանիկ Պահլաւունի, եւ մօտիկ անցեալի ու ներ­կայի »ան­ձինք նուիր­­­եալք«ները, ո­րոնք իրենց ըն­տա­նիքներէն առաջ օգտակար հանդի­սացան եւ կը շա­րու­­նակեն հանդիսանալ իրենց մեծ ընտանիքին՝ հայ ժո­ղո­վուրդի կարի­քաւոր զաւակ­նե­րուն։

Այս ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութեամբ կ՚ուզենք յիշել Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որուն 100¨ամեակը կը զուգադիպի ներկայ տարուան։ Արդարեւ, անցնող հա­րիւր տարիներու ընթացքին հայ կնոջական այս հա­մազգային միութիւնը մեծապէս գնահատելի դեր ունե­ցաւ հայ կեանքէն ներս։ Ան միայն կնոջ իրաւունքները հետապնդող միութիւն մը չեղաւ, այլ նաեւ հայ կինը առաւել պարտաւորու­թեան ու յանձնառութեան մղող միու­­թիւն։ Ան միայն հայ կնոջ առաքինու­թիւններուն պեր­­­ճախօս վկան չեղաւ, այլ նաեւ հայ կնոջ յիշեցուց թէ ինքզինք պէտք է արժեւորէ ամէն բանէ առաջ ու վեր ծա­ռայութեա՛ն ճամբով։ ՀՕՄ¨ի 100¨ամ­եակին առիթով Մեր Հայրապետական Կոնդա­կին մէջ ըսինք հե­տեւ­եա­լը.¨

«ՀՕՄի հիմնադրութեան 100-ամեակը տօնա­խմբել կը նշանակէ անոր հարիւրամեայ ծառայու­թեան արժե­ւորումը կատարել։ Ամբողջանուէր ծա­ռայութիւն դար­­­­ձաւ ՀՕՄը մեր կեանքի յատկա­պէս կրթական ու ընկե­րային մարզերէն ներս։

ՀՕՄի հիմնադրութեան 100–ամեակը նշել կը նշա­նակէ համահայկական կառոյցի մը գործունէու­թիւնը արժանաւորապէս գնահատել։ Իր ծնունդով եւ ուղղու­թեամբ, իր գործունէութեամբ ու նպատա­կով ՀՕՄը եղաւ ու մնաց համազգային՝ իր կեան­քին ու առաքելու­թեան մէջ ներդաշնակօրէն ընդե­լու­զելով տեղականը ու համահայ­կականը։

ՀՕՄի հիմնադրութեան 100-ամեակը տօնակա­տա­րել կը նշանակէ մեր համազգային տագնապ­ները ապ­րած, մեր երազներուն իրագործման մաս­նակից դար­ձած, մեր գոյապայքարին իր կարեւոր ներդրումը կա­տա­­րած միութեան մը 100-ամեակը նշել։

Այսպէ՛ս ըմբռնեց ինքզինք ՀՕՄը եւ ա՛յս հա­ւատքով ու կամքով, ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձ­նառութեամբ իր աշխատանքը կազմա­կերպեց եւ իր ծրագիրները իրա­գործեց՝ հետեւողական ու գործօն մասնակցութիւն բերելով մեր հաւաքական կեան­քին ու միշտ մնալով ծառայական ներկայու­թիւն հայ կեանքի մայր էջին վրայ։

Արդ, կարելի չէ համապարփակ հայեցակէտով արժե­ւորել պատմութիւնը հայ սփիւռքին առանց ՀՕՄին։ Կարելի չէ Ցեղասպանութենէն յետոյ սփիւռքի գաղութ­ներու կազմակերպումը եւ ձեռք ձգուած իրագործում­ները հասկնալ առանց ՀՕՄի ամբողջանուէր ծառայու­թեան։

Արդարեւ, սփիւռքի կազմակերպումին ու զար­գա­­­ցու­մին բերած իր կարեւոր նպաստին առընթեր, Հայաս­տանի վերանկախացումէն յետոյ, վերջին շուրջ քսան տարիներուն, ՀՕՄը իր յանձնառու մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ թէ՛ Ղարաբաղի ազա­տագրական պայքա­րին, եւ թէ Հայաստանի հզօ­րաց­­­ման եւ ընդհանրապէս հայրենաշինութեան գոր­ծին։

Հարիւրամեակի տօնախմբութիւնը առիթ մը պէտք է դառնայ ՀՕՄին վերաքննութեան են­թար­­­կելու ինքզինք՝ իր ներքին կառոյց­ներով, իր առաջ­նահեր­թու­թիւններով ու գործելակերպով։ Յա­րա­փոփոխ աշխարհի ներկայ պայմաններուն մէջ գործող ՀՕՄը, ինչպէս մեր բոլո՛ր կառոյցները, անհրա­­ժեշտօրէն կարիքը ունի ներ­քին վերանորո­գումի ու վերածրագրումի՝ մեր ազգի կեան­­քէն ներս հետզհետէ յառաջացող նոր պահանջնե­րուն ու մար­­տահրաւէրներուն դիմաց»։

Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան վրայ նետ­ուած այս հպանցիկ ակնարկը ցոյց կու տայ, որ հայ կինը իր բազմերես պատասխա­նա­տուութիւններով կեն­սական դեր է կատարած մեր հա­մայ­նական կեանքին մէջ՝ մնալով ամրօրէն կառչած մեր հոգեւոր ու բարո­յական արժէքներուն, մեր կրօնական ու ազգային աւան­­դութիւններուն եւ համազգային իտէալներուն ու ձըգ­տումներուն։ Հակառակ կնոջ նկատմամբ պահ­պանո­ղա­կան մօտեցում ունեցող արեւելեան ժողո­վուրդ­ներու ու մշակոյթներու ազդեցութեան հայ կեանքէն ներս, մեր ժողովուրդը ընդ­հան­­րապէս խտրական ոգիով չէ մօտե­ցած հայ կնոջ, զինք ստո­րադաս չէ նկատած եւ իր կեան­քի լուսանցքին վրայ չէ պահած զայն. այլ՝ յատուկ սէր ու հոգա­ծութիւն ցուցաբերած անոր նկատմամբ. երե­ւոյթ մը՝ որ կարելի է որոշ չափով իւրայատուկ նկատել արե­ւելեան ժողովուրդներուն մէջ։

Բնականաբար, մեր պատմութեան ընթացքը, հայ կեան­­­քի հոլովոյթը, մեր շուրջ ստեղծուած նոր պայման­ները եւ յառաջացած նոր իրա­կանութիւնները իրենց եր­բեմն դրական ու երբեմն բա­ցա­սական անդրա­դարձ­ները ունեցած են հայ իրականութենէն ներս կնոջ տե­ղին, դիր­քին ու դերին վրայ։

*
* *

Կինը ներկայ ժամանակներուն

Կնոջ հետ աղերս ունեցող խնդիրները ու մար­տա­հրաւէրները, մտահոգութիւնները ու պահանջ­ները փաս­տօրէն դար­ձած են տիրական բո­լոր ընկերու­թիւններու, մշակոյթներու, պետութիւն­ներու ու նաեւ կրօն­ներու օ­րա­­­կարգին վրայ, առաւել կամ նուազ չա­փով։ Արմա­տա­կան ու արագասոյր փոփոխու­թիւններու ենթակայ ըն­կերութեան կեանքին մէջ կնոջ տեղը դարձած է յաճախ տարակարծութիւններ յառաջաց­նող եւ բողոքի ու ընդ­վզումի մղող կարեւոր ազդակ։ Այս գծով պահպա­նո­ղական ու պահանջատիրական, պաշտպանո­ղական ու ջատագովական, աւանդական ու արդիական մօտե­ցում­ներ յաճախ բախումի մէջ են։

Արդարեւ, կնոջ հաւասարութիւնը ապահովելու, ա­նոր իրաւունքները հաստատելու ձգտող շարժումներով, նախաձեռնութիւններով ու աշխատանքներով լեցուն է վերջին կէս դարու ժողովուրդներու պատմութիւնը։ Միաց­եալ Ազգերու Կազմակերպութեան հիմնադրու­թեան առաջին իսկ օրէն կնոջ կարեւոր դերակա­տա­րու­թիւն տալու ձգտումը միշտ ներկայ եղած է յատկապէս Արեւմտեան երկիր­ներու մօտ։ Կնոջական շարժում­նե­րուն նոր թափ տալու եւ քաղաքա­կան, տնտեսական, ընկերային եւ այլ բնա­գա­­ւառներէն ներս կնոջ իրաւունք­ները ու դերը շեշտելու յանձնա­ռութենէ մղուած, Միաց­եալ Ազգերու Կազմա­կեր­­պութիւնը 1975¨1985 երկարող տասնամեակը հռչա­կեց որպէս «Կնոջ Տասնամեակ», որու ծիրէն ներս բոլոր պետու­թիւնները յանձնառու եղան վերացնելու ամէն տեսակ խտրա­­­կանութիւն եւ բռնութիւն կնոջ նկատ­­­մամբ։

Միջ¨եկեղեցական շարժումը եւս յատուկ կարեւորու­թիւն տուած է կնոջ դերին եկեղեցւոյ ու ընդհանրապէս ընկերութեան կեանքէն ներս։ Եկեղեցիներու Համաշ­խար­­հային Խորհուրդը, իր կարգին, 1988¨98 տասնամ­եակը յայտարարեց որպէս “Կնոջ Տասնամեակ” կոչ ուղղելով բոլոր եկեղեցիներուն վերարժեւորելու կնոջ դերը եկեղեցւոյ կառոյ­ցէն ու առաքելութեան ծիրէն ներս՝ յարգե­լ­ով իւ­րա­­քանչիւր եկեղեցւոյ ընկերա¨մշա­կու­­­թային ըմ­բռ­­նում­­ները, աւանդութիւնները ու միջա­վայ­րը։

Միջազգային կազ­­­­­մակերպութիւններու, կրօններու, պե­­տական կա­ռոյց­­­նե­­րու եւ ոչ¨կառավարական կազմա­կերպութիւննե­րու կողմէ առնուած բազմաթիւ ու բազ­մազան նա­խա­ձեռնութիւնները անկասկած որոշ ար­դիւնք մը ձեռք ձգեցին։ Յա­րաբերաբար անցեալին այսօր կնոջ ներկա­յութիւնը հանրային կեանքին մէջ աւե­­լի տեսանելի է եւ կնոջ նկատմամբ գոյութիւն ունե­ցող խտրականութիւնը որոշ չափով նահանջ ար­ձա­նագրած է։ Սակայն, միա­ժամանակ, որոշ մշա­կոյթ­­­­­ներու ու ըներութիւններու մօտ կը շարունակուի կինը ստո­րա­դաս նկատելու մտայ­­­­նութիւնը ու նոյնիսկ գոր­ծելա­ձեւը։ Անհրաժեշտ է հե­տեւաբար իրապաշտ երկխօսու­թիւն մը յառաջացնել կրօ­նական աւանդութիւններու, ըն­­կերա¨մշա­­­­կութային ըմբռնումներու ու մարդկային իրա­­ւունք­ներու միջեւ։

*
* *

Կնոջ դիմագրաւած մարտահրաւէրները այսօր

Ներկայ ժամանակներուն կնոջ դիմագրաւած բազ­մաթիւ մարտահրաւէրներուն, տագնապներուն ու հիմ­նա­հար­­ցերուն մէջ, կարեւոր է լուսարձակի տակ բերել հե­տեւ­եալ երեւոյթները.–

ա) Յաճախ ականատես եւ ականջալուր կÿըլլանք կնոջ նկատ­մամբ ո՛չ¨ընդունելի վե­րաբերումի՝ երբ կինը կը գոր­ծած­ուի որպէս միջոց շա­հադիտական նպատակ­ներու, երբ ան կը դառնայ գոր­ծիք՝ մարդոց հաճոյքն ու փառքը գո­հացնող։ Այս անբա­րոյ մօտեցումը կնոջ նը­կատ­մամբ բո­լոր կրօններուն, մշա­կոյթներուն ու ընկե­րու­թիւններուն հա­մար պէտք է նկատ­ուի խստօրէն դա­տա­պարտելի։ Միւս կող­մէն, սակայն, նո՛յնքան դատա­պար­տելի պէտք է հա­մարուի երբ կինը զանազան պատ­ճառներէ մղուած կեանքի նմանօ­րինակ վիճակ­ներու ու ընթացքներու կը յանձնէ ինք­զինք։ Ինչ որ ալ ըլլան անոր դրդապատ­­ճառները, Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած ու բարոյական արժէքներու տէր կանգնելու կոչուած կին արարածը նման կացութիւններու մէջ տեսնելը խորա­պէս ընդվզե­ցուցիչ է եւ բացարձակապէս մերժելի։

բ) Հետզհետէ նոր ծաւալ կը ստանայ նաեւ բռնու­թիւնը կնոջ նկատմամբ՝ զանազան կերպերով, տեսա­նելի եւ ոչ-տեսանելի միջոցներով, թէ՛ ընտանեկան, թէ՛ կառոյց­ներու եւ թէ ընկերութեան հաւաքական կեանքէն ներս։ Ֆիզիքական ինքնապաշտպանութենէ զուրկ կնոջ դէմ կառոյցներու եւ ընդհանրապէս արական սե­ռի այս բիրտ վերաբերումը ո՛չ միայն խստօ­րէն դա­տա­պարտելի է՝ կրօնական ու բարո­յական չափանի­շերով, այլ նաեւ քրէական յանցանք կը նկատուի շարք մը ընկե­րու­թիւններու մօտ։ Արդարեւ, բռնութիւնը ընդ­հանրա­պէս մարդ արարածին ու նաեւ բնութեան նկատ­մամբ մեր­ժելի վար­քագիծ մըն է։ Յատկապէս կնոջ դէմ բռնու­թեան նուազագոյն ձեւն իսկ արմատախիլ պէտք է ըլլայ ընկե­րութեան կեանքէն։ Սա արդարօրէն կնոջական շար­ժում­­­­ներուն առաջնահերթ պահանջք­ներէն մէկն է։

գ) Այր եւ կին արարածներուն հաւասարութիւնը վե­րա­­­­­­­հաստատելու եւ անոր գործնական ու շօշափելի ար­տայայտութիւն տալու գծով այսօր հսկայ աշխատանք կը կատարուի։ Դարերու ընթացքին անտեսուած ու ճնշուած, նոյնիսկ որոշ մշակոյթներու մէջ պարզապէս այր մարդուն հաճոյքին ու քմահաճոյքին գերին դար­ձած կինը կը մերժէ այս անմարդկային ոգին ու վե­րա­բերումը եւ արդա­րու­թիւն կը պահանջէ։ Արդարեւ, այր եւ կնոջ հաւասարութիւնը, ինչպէս կարեւորութեամբ ընդգծե­ցինք, քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունք­նե­րէն մէկն է։ Աստուած Ադամը եւ Եւան իր պատ­կերին համաձայն ստեղծած է, եւ անոնց նո՛յն պար­տաւորու­թիւնը տուած։ Ճի՛շդ է, այրը այր է իսկ կինը՝ կին, տար­բեր կազ­մա­խօսական դրութեամբ, տար­բեր իւրա­յատ­կու­թիւն­ներով. սակայն անոնք հաւասար են իրենց ի­րա­­­ւունքներով ու պար­տաւորու­թիւն­ներով։ Առաք­եա­լը կը յիշեցնէ թէ՝ «չկայ կին առանց մարդու, ո՛չ ալ մարդ՝ առանց կնոջ։ Որովհետեւ եթէ կինը այր մարդէն սկիզբ առած է, մարդն ալ կնոջմէ կը ծնի, եւ բոլորն ալ Աստուծմով կան» (1 Կորն. 11.11)։

դ) Կնոջական շարժումներու մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ նաեւ ընկերութեան կեանքին կնոջ մաս­նակ­ցու­թեան հարցը։ Կնոջ նկատմամբ գոյութիւն ունե­ցող խտրա­կան ոգիի եւ այր մարդուն ոչ¨հաւասար նկատ­ուե­լու հետեւանքով, կարգ մը ընկերու­թիւն­ներուն ու մշա­­կոյթներուն մօտ կնոջ մասնակցու­թիւնը ընկերու­թեան կեանքին տակաւին կը մնայ սահմանա­փակ։ Փաս­տօրէն կնոջ առջեւ ընկերութեան որոշ բնագաւառ­ներ առաջնորդող ճամբաները տակաւին փակ են, ինչ­պէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական, պե­տական եւ այլ մարզերուն առընչուած կարեւոր պաշ­տօններ ստանձ­նելու կարելիութիւնները՝ կամ ջնջին եւ կամ ամբողջու­թեամբ անգոյ։ Հասկնալով հանդերձ նման մօտեցում­նե­րու ու գործելակերպերու ետին գտնուող աւանդու­թիւն­­ները ու ըմբռնումները, կինը, որպէս այր մարդուն հա­մահաւասար արարած, կոչուած է իր աստուա­ծա­­տուր արժա­նիք­ները ու իրաւունքները, պարտաւորու­թիւն­­ները ու կո­­չումը լիօ­րէն կենսագործելու ընկերու­թեան կեանքի բոլո՛ր մար­զե­րէն ներս ու բոլո՛ր մա­կարդակներու վրայ։ Նման մօտեցում կնոջ նկատ­մամբ մեր ունեցած հոգա­ծու­թենէն պէտք չէ բխի միայն, այլ՝ ընկերութեան կեան­քը կնոջ գործօն մաս­նակ­ցութեամբ աւելի՛ կազմակեր­պելու ու ծաղ­կեցնե­լու մտա­հոգու­թենէն ու նախանձա­խնդրու­­թե­նէն։

*
* *

Ի՞նչ կը սպասենք հայ կնոջմէ

Համաշխարհայ­նա­ցած ներ­կայ աշխարհին մէջ, կ՚ապ­­­­­­­­րինք համաշխար­հային ազա­տախոհ մշա­կոյթի մը զօ­րեղ տիրա­պետու­թեան տակ։ Նոյն ըն­կե­րու­թեան մէջ կ՚ապրի ու կը գործէ նաեւ հայ կինը՝ անմի­ջականօրէն ու մնայուն կերպով ենթա­կայ յիշեալ մշակոյթի, ինչպէս նաեւ այն բոլոր մտա­հոգութիւններուն, խնդիրներուն ու մար­տահրաւէներուն ազդեցու­թեան, որոնց հպանցիկ կերպով անդրադարձանք։ Հետեւա­բար, հարկ է ըլլալ ծայրայեղօրէն զգոյշ, որպէսզի հայ կինը բազմերանգ վտանգներով լեցուն նման կացու­թիւն­­­ներէ, փորձու­թիւն­­­­­ներէ ու փորձանք­ներէ հեռու մնայ։

Ճի՛շդ է, հայ կինը այլ ազգերու կիներուն նման բո­ղոքի երբեմն չափազանցուած արտայայտութիւններով հրապարակ չէ իջած։ Ան առաւելաբար համակերպող է եղած իր կացութեան՝ երբեմն լուռ կերպով համբերող ու տառա­պող եւ քիչ պարագաներուն միայն պոռթկացող։ Դա՛րձ­­եալ ճիշդ է, այլ ազգերու կինե­րուն յարաբերա­բար, որ հայ կինը ընդհանրապէս պահպա­նողական է եւ հա­ւատարմօրէն կառչած է իր կրօնական ու ազգային ար­­ժէքներուն ու աւանդութիւններուն։ Սակայն չմոռ­նանք նաեւ, որ վերջին տարիներուն այս օրինակելի կա­ցու­թեան խոտոր համեմա­տող պարագաներու թիւը սկսած է զգա­լի դառնալ մեր կեանքէն ներս։

Այս հարցերուն մասին իրապաշտ ու ինքնաքննական ոգիով քննարկում­ներ պէտք է տեղի ունենան մեր ըն­տա­նիքներէն ու կառոյցներէն ներս։ Այլ խօսքով, հայ կնոջ գծով գո­յութիւն ունեցող երբեմն երկդիմի ու անո­րոշ, երբեմն պահպանողական ու ազատամիտ մտայնու­թիւնները ու ըմբռնումները, մօտեցումները ու գործե­լակերպերը հա­մա­­պարփակ ու լուրջ արժեւորումի պէտք է ենթարկուին։ Թէ՛ մենք սպասումներ ունինք հայ կինէն եւ թէ ինք՝ մեր եկեղեցիէն, պետութենէն, կառոյց­ներէն, մեր բոլո՛րէն։ Փոխադարձ սպասումներու ծիրէն ներս, կ՚ու­­­­­­­­­զենք անդրադառնալ մի քանի մտահոգութիւն­նե­րու.¨

1) Հայ կինը մեր կեանքէն ներս պէտք է մնայ բա­րոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու ճա­ռագայթող ներկա­յութիւն։ Որպէս մայր ու դաստիա­րակ վաղուան սերունդը կերտելու կոչուած անձ, հայ կինը կոչուած է իր մէջ խտացնելու եկեղեցւոյ ու ազ­գին գերագոյն ար­­ժէքները ու հարազատ աւանդու­թիւն­ները։ Այս ուղղութեամբ բարձրագոյն աստիճանի զգուշա­ւո­­­րու­թիւն հարկ է ցոյց տալ խառն ամուսնութիւններու, ամուսնա­լուծման ա­ռաջ­­­նոր­­դող կա­ցութիւններու ու մեր ընտանիք­ներու ներ­քին մթնոլորտին։ Այս բոլորին մէջ, այր մարդուն կողքին հայ կնոջ դերը ճակա­տագրական է։ Եթէ ընտանիքը նիւթա­պէս սնուցանողը հայրն է, սա­կայն ընտանիքը բա­­րոյական, հո­գեւոր ու հայկական արժէքներով սնու­ցա­­նողը մա՛յրն է։

2) Մայրութիւնը ո՛չ միայն մաս կը կազմէ կնոջ կազ­մախօսական դրութեան, այլ Աստուծոյ կողմէ տրուած նուիրական կոչում մըն է։ Հետեւաբար, պատասխա­նատուութեան խոր գիտակցութեամբ պէտք է կինը մօ­տե­նայ իր մայրական առաքելութեան, որ միայն աշ­խարհ զաւակ բերելու մէջ չի կայա­նար, այլ նաեւ ու մա­նա­ւանդ զաւկին եւ ամբողջ ընտանիքին բարոյական կրթութիւն ու ազգային ոգի ջամբելուն մէջ։ Հայ ըն­տանիքին սրբութեան պահպանումը՝ հոգեւոր, բարոյա­կան ու ազգային իմաստով, հայ մօր առաջնահերթ ու սրբազան պարտաւորութիւնն է։ Ահա թէ ինչու մայրու­թիւ­նը մեր կեանքին մէջ միշտ եղած է հոմանիշ՝ գուրգու­րան­քով, սիրով, հոգա­ծութեամբ լեցուն վերաբեր­մուն­քին։ Մայ­րու­­թիւնը եղած է նաեւ ցուցանիշ հոգեւոր, բա­րո­յա­կան ու ազգային ար­ժէքներով ու աւանդութիւն­ներով լեցուն կենցաղա­կեր­պի ու գործելակերպի։

3) Կնոջական շարժումնե­րուն մէջ կնոջ հաւասա­րու­թիւն ապահովելու ճիգը, ինչպէս տեսանք, յատուկ տեղ կը գրաւէ։ Մեր եկեղեցւոյ ու ազգին պատմու­թեան կարգ մը դէմքերու ու դէպքերու յիշատակումը ցոյց տուաւ, որ մեր կեանքէն ներս ընդ­հանրապէս կինը նկատուած է հաւասար այր մարդուն։ Սակայն կը սպա­սենք աւելի՛ն. պէտք է ըլլայ աւելի՛ն։ Արդ, եթէ տակաւին մեր հաւա­քական կեանքի որոշ մարզերէն կամ կառոյցներէն ներս գոյութիւն ունի խտրական ոգի հայ կնոջ նկատմամբ, եթէ տակա­ւին կան անհատ­ներ՝ պատասխանատու դիր­քերու տէր կամ պարզապէս ընտանիքի հայր, որոնք խտրական վերաբերում ցոյց կու տան կնոջ նկատմամբ, նման ոգի կամ մօտեցում մեր եկեղեցւոյ համար ան­ըն­­դունելի է։ Յարգելով հանդերձ այր եւ կնոջ միջեւ գոյու­թիւն ունե­ցող կազմախօսական դրութեան, նկա­րա­գրային նա­խասիրութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընկե­րա-մշակութա­յին միջավայրին հետ աղերս ունեցող տար­բերութիւն­ները, »չիք խտիր«ի քրիս­տոնէական սկզբուն­քը պէտք է տառա­ցիօրէն գործադ­րուի մեր կեան­քէն ներս։

4) Ինչ կը վերաբերի մասնակցութեան, հայ կնոջ առջեւ մեր կեանքէն ներս փակ դռներ, անմերձենալի պաշտօններ գոյութիւն պէտք չէ ունենան։ Որոշ պաշ­տօն­ներ արական սեռին ու այլ պաշտօններ իգական սեռին յատուկ նկատելու մտայնութիւնը ո՛չ միայն ժա­մա­նակավրէպ է, այլ, դարձեալ, չի համապատասխաներ քրիստոնէական սկզբունքներուն։ Յարաբերաբար այր մարդուն նո՛յն շնորհքներով ու արժանիքներով, եւ եր­բեմն աւելիո՛վ, օժտուած կինը ինչո՞ւ պատասխա­նատու դիրքեր պիտի չստանձնէ։ Անհրաժեշտ է որ առաւե­լա­գոյն չափով հայ կինը մասնակցութիւն բերէ ո՛չ թէ միայն կնոջական կազմակերպու­թիւններուն, այլ մեր համայ­նա­­կան կեանքի կազմակեր­պումին ու ծաղկումին՝ զինք նկատելով այր մարդուն համա­հաւասար դիրքեր ու պար­տաւորութիւններ ստանձնելու ատակ անձ։

*
* *

2010 տարին Հայ Կնոջ Տարի հռչակելով, Մեր ակըն­կա­­­լութիւնն է, որ ամէն բանէ առաջ հայ կինը անդ­րա­դառնալով Աստուծոյ կողմէ իրեն շնորհուած ար­ժանիք­ներուն ու տրուած կոչումին, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին կողմէ իրեն վստահուած յոյժ կա­րեւոր պարտաւորութեան, ինքզինք վերարժեւորումի են­թարկէ՝ իր կոչումը առաւե՛լ պատասխանատուու­թեամբ ու հաւատարմութեամբ ի­րա­­­­­­­­­­­­­գործելու յանձնա­ռութեամբ։ Միւս կողմէն նաեւ Մեր սպասումն է, որ մեր եկեղեցին, մեր կեանքէն ներս գոր­ծող բոլոր կառոյց­ները, մեր ըն­տանիքները ու մեր ժո­ղովուրդի զաւակ­ները աւելի՛ խո­րացնեն սիրով, յարգանքով ու հո­գա­ծութեամբ լեցուն իրենց վերաբերումը հայ կնոջ նկատ­մամբ։ Չմոռնանք որ առանց կնոջ առանցքային դերա­կատարութեան, այր մարդու կողքին, մեր հաւաքական կեանքը շատ բան պիտի կորսնցնէ իր կենսունակութենէն ու որա­­կէն։

Արդ, կոչ կ՚ուղղենք մեր թեմերու Առաջնորդ Սրբա­զաններուն, հոգեւոր դասուն, ազգային իշխանութեանց, ու մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն, ա՛յս ոգիով ու մօտեցումով, պատասխա­նատուութեամբ ու յանձնառու­թեամբ արժեւորելու Հայ Կնոջ Տարին մեր հաւաքա­կան կեան­քէն ներս։

Հայրական ջերմ սիրով,

Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ
Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

31 Դեկտեմբեր, 2009
Ան
­թիլ­ի­աս, Լի­բա­նան

Close Menu

Categories