Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը – 2011

Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ

«Այսօր հրեշտակները երկինքէն իջնելով աւետիս կու տան մարդոց, խաչեալը յարութիւն առաւ եւ իր հետ ձեզի յարութիւն տուաւ» (Շարական)

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը Քրիստոնեայ անհատին համար տարուան ամէնէն սուրբ եւ նուիրական օրն է անկասկած։ Իսկ եթէ Հայ ժողովուրդին համար Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն զուգահեռ օր մը կայ, որ ամէնէն նուիրական եւ սրտի մօտիկ օրն է, այն ալ մեր աւելի քան 1.5 միլիոն նահատակներուն ոգեկոչման յիշատակն է, Ապրիլ 24ը։

Արդարեւ, այս տարի, ուշագրաւ եւ խորհրդաւոր դիպուածով մը, պատմական այս երկու օրերը կը զուգադիպին Կիրակի, Ապրիլ 24ին։

Որքան յատկանշական է որ այս տարի մենք՝ հայերս, մեր պատմութեան ամէնէն մութ ու տխուր օրերէն մէկը կը յիշատակենք Ս. Յարութեան տօնին օրը։ Արդարեւ, ինչպէս որ մարդկութիւնը փրկութեան արժանացաւ եւ վերածնաւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեամբ, նոյնպէս ալ Հայ ժողովուրդը յարութիւն առաւ ու վերածնաւ Ցեղասպանութեան նախճիրէն։

Այս տարի, Ապրիլ 24ին, աննախընթաց զուգադիպութեամբ, հոգեկան ցնծութեամբ կը տօնախմբենք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մահուան վրայ տարած յաղթանակը եւ յաւիտենական կեանքի համար մարդկութեան շնորհած յոյսը։ Նոյն ատեն, սակայն, կ՚ոգեկոչենք մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը՝ Հայ ժողովուրդին Ցեղասպանութիւնը եւ միաժամանակ վերածնունդը։

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Յարութիւնը մեզի կը շնորհէ մարդկային պատմութեան ամէնէն հզօր ներշնչումի աղբիւրը։ Արդարեւ, Ս. Յարութեան պատգամը նշանակալից եւ գեղեցիկ է, որովհետեւ մեզի կը հաւաստիացնէ, թէ Տէրը իշխանութիւն ունի նոյնիսկ մահուան վրայ, եւ թէ՝ Աստուծոյ համար մահը պարզապէս առաւել կեանքի առաջնորդող հանգրուան մըն է։

Իր մահէն առաջ, մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս յաւիտենական կեանքի խոստումը տուաւ բոլոր անոնց, որոնք կ՚աշակերտին ու կը հետեւին իրեն։  «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի։ Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի» (Յովհ. 11։25-26)։ Եթէ մեր Փրկչին երկրաւոր կեանքի առաքելութիւնը աւարտէր իր մահով, Ինքն ալ կը դառնար մահկանացու կրօնական առաջանորդներէն մէկը։ Սակայն իրողութիւնը այն է, որ Յիսուս խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ երեք օրեր ետք մեռելներէն յարութիւն առաւ, մահուան վրայ յաղթանակ տանելով՝ նոր կեանքի՝ յաւիտենական կեանքի յոյսը պարգեւեց մեզի։ «Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն, իր մահով մահը նուաճեց, եւ իր յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւեց։ Անոր փառք յաւիտեան։ Ամէն» (Ժամամուտ)։ Հետեւաբար, Ս. Յարութեան շնորհիւ, մենք կը վերածնինք, մահէն դէպի կեանք կ՚անցնինք։

Աւագ Հինգշաբթիով ու Աւագ Ուրբաթով պատկերաւորուած մեր Փրկչին չարչարանքներուն, խաչելութեան ու թաղման յուզումնալից պահերէն ետք, Ս. Զատկուան առաւօտուն, մեր Տիրոջ սիրոյն եւ թողութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք, եւ կը գիտակցինք որ մեր կեանքերը պէտք է պայծառակերպուին ու յարութեան շունչով առաջնորդուին յաղթական երթով։ Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, մեռելներէն յարութիւն առաւ, որպէսզի Իր օրինակով մենք եւս յարութիւն առնենք։ «Թող օրհնեալ ըլլայ Աստուած, Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ Իր անսպառ շնորհներով մեզի պարգեւած է կեանքի յոյսը՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեամբ» (Ա. Պետր. 1։3)։ Մեր յոյսը կ՚ամրապնդուի վերստին ծնունդով, որ կ՚իրականանայ Ս. Յարութեան յաղթանակով։

Արդարեւ, երբ հոգեպէս սպառազինուած ենք Ս. Յարութեան կենսատու պատգամով, ալ ոչ մէկ բանէ վախնալու պատճառ ունինք, որովհետեւ գիտենք՝ ցաւն ու մահը չեն կրնար զգետնել մեզ ու յաղթել մեզի։ «Մահը կլանուեցաւ. յաղթանակը շահուեցաւ։ Ո՞ւր է, Մահ, յաղթանակդ. ո՞ւր է, Մահ, քու խայթոցդ» (Ա. Կորնթ. 15։54-55)։

Մահէն ետք կան վերածնունդ ու նոր կեանք, եւ այս ճշմարտութեան վկան է Հայ ժողովուրդը։

Քրիստոնէական մեր հաւատքի ճանապարհին, բազմաթիւ փորձեր եղած են մեզմէ խլելու մեր հաւատքը։ Այսուհանդերձ, մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ մեր հաւատքն ու վստահութիւնը ապահոված են մեր գոյատեւումը։ Շատեր փորձած են ջարդել մեզ ու դուրս ձգել պատմութեան էջերէն, սակայն մեր հաւատքը մեզի ընձեռած է զրահը՝ պաշտպանելու մենք զմեզ եւ մեր իրաւունքները։ Իբրեւ ազգ, բազմիցս վերականգնած ենք ողբերգութեանց մոխիրներէն եւ վերածնած ենք դարձեալ։ Մահը չէ յաջողած զգետնել մեզ։ Աւելի քան 1700 տարիներ առաջ, մեր Հայրերը յարուցեալ Քրիստոսը ընդունած են իբրեւ Տէր ու Փրկիչ։ Անոնք իրենց հաւատքը հաստատած են ամուր հիմերու վրայ, Ս. Յարութեա՛ն ճշմարտութեան վրայ։ Դարեր շարունակ, անոնք հաւատարիմ մնացին մեր ազգի գոյատեւման նոյն հաւատքին։ Հրաշափառ Ս. Յարութեան հրաշալիքը կերպարանափոխեց մեր ժողովուրդին կեանքը, որովհետեւ մեր նախնիները ո՛չ միայն ընդունեցին զայն, այլեւ կենսագործեցին հաւատքով ու գործերով։ Հայ ժողովուրդը Ս. Յարութեան բերած խոստումը իւրացուցած է իբրեւ ազգային արժէք ու աւանդ, յաջողած է յաղթահարել բազում փորձութիւններ ու վտանգներ, որովհետեւ զրահուած ենք Ս. Յարութեան կենսատու ոգիով։ Ենթարկուած ենք բազմաթիւ փորձութիւններու եւ մարտահրաւէրներու, բայց երբեք տեղի չենք տուած ու ամրօրէն պաշտպանած ենք մեր հաւատքն ու ժողովուրդին գոյատեւումը։

Հայկական Ցեղասպանութեան 96րդ տարեդարձի ոգեկոչման առիթով, իբրեւ զաւակները յարուցեալ ժողովուրդի մը, կ՚ուխտենք յարգել յիշատակը մեր նահատակներուն, որոնք քալեցին խաչին ճանապարհով, ու վկաները եղան Հայ Գողգոթային։ Նաեւ կ՚ուխտենք, որ հայութիւնը բնորոշող վերապրումի ոգին երբեք պիտի չմեռնի։

Ինչպէս որ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը մահուան վրայ յաղթանակն է ու նոր կեանքի մը արշալոյսը, միաժամանակ վերահաստատումն է այն ճշմարտութեան, թէ բարի կամքը կը յաղթանակէ չարիքին, եւ աղբիւրն է անսպառ յոյսի։ Նոյն յոյսով կ՚ապրի նաեւ մեր ժողովուրդը, որ իր կեանքի փորձով կենսաւորած է վերածնունդը, վերանորոգութիւնը. հետեւաբար, Ս. Յարութեան տօնի վերակենսաւորող պատգամը այսօր ալ կ՚ապրի մեր ժողովուրդին մէջ։

Մեր պատմութիւնը փաստած է, որ ի՛նչ պարագաներու առջեւ ալ գտնուինք, իբր յարուցեալ ազգի զաւակներ, մեր հաւատքը պիտի մնայ անխախտ, կործանման մոխիրներէն յարութիւն պիտի առնենք եւ ամէն անգամ յաղթական դուրս պիտի գանք։

Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, մահը պարտութեան մատնելով, մեզի տուաւ յոյսը՝ անյուսութեան պահերուն, խաղաղութիւնը՝ փոթորկոտ օրերուն։

Ս. Յարութեան տօնի առթած ապրումներով, գոհութիւն ու փառք տանք Ամենակալին, որ մեզի շնորհած է այս սքանչելի պարգեւը։ Երբ ցնծութեան պահեր կ՚ապրինք Ս. Յարութեան տօնին, աղօթենք, որ Ան վերանորոգէ մեր հոգիները, ամրացնէ մեր հաւատքը, եւ մեզի շնորհէ քաջութիւն ու կենսունակութիւն՝ մեր ազգը առաջնորդելով դէպի արդարութիւն եւ մեր իրաւունքներուն վերատիրացում։ Աղօթենք, որ Ան խաղաղութիւն շնորհէ մեր սիրելի նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին հաւատքի ու ազգութեան համար, եւ անոնց հոգիները արժանի դարձնէ Իր Արքայութեան երանական կեանքին։

Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնին ու մեր նահատակաց ուխտի վերանորոգման այս օրին, հայրական սիրով ու բարեմաղթութիւններով կ՚ողջունենք մեր հոգեւոր եղբայրները, Ազգային Վարչութիւնը, Ազգային Երեսփոխանները, ծխական շրջաններու հոգաբարձութիւնները, դպրոցներն ու նուիրեալ դաստիարակները, մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ամբողջ։ Կ՚աղօթենք, որ յարուցեալ Փրկչին փառքը մեզի բերէ նոր կեանք ու յոյս, անհատաբար եւ ազգովին։

Թող Ս. Յարութեան հրաշքն ու խոստումները, զատկական այս օրուան առիթով, մեր սիրտերը լեցնեն անսպառ ցնծութեամբ, ու միասնաբար գոչենք՝

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ
Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ս. Զատիկ 2011

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022