ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ – ՄԵՐ ԱՉՔԵՐԸ ՅԱՌԵՆՔ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՍՏՂԻՆ

Ահաւասիկ դարձեալ կը կանգնինք նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան տօնի սեմին, 2012 տարին կը դիմաւորենք հոգեկան ցնծութեամբ եւ մեր հայեացքները կþուղղենք դէպի նոր ու ընդարձակ հորիզոններ, որոնք մեզի կը ներշնչուին Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան խորհուրդէն բխող բարի պատգամներով։ Փառք եւ գոհութիւն Երկնաւոր Հօր, որ մեզի կþընծայէ նոր տարի մը դիմաւորելու ցնծութիւնն ու Յիսուս Մանուկի Ս. Ծնունդը տօնելու շնորհը։ Եւ մենք, իբրեւ հաւատացեալ զաւակները Հայ Եկեղեցւոյ, ահաւասիկ անգամ մը եւս մեր ձայները կը միացնենք դարերու խորքէն եկող շարականին եւ հրեշտակներուն հետ միասին կþերգենք.-

 Ծնաւ նոր արքայ ի Բեթղեհէմ քաղաքի,
Որդիք մարդկան օրհնեցէք,
Զի վասն մեր մարմնացաւ։

Այո, սիրելիներ. աւելի քան 2000 տարի առաջ, Աստուծոյ միածինը՝ Յիսուս Մանուկ աշխարհ եկաւ ու «վասն մեր մարմնացաւ»։ Անոր ծնունդը սովորական դէպք չէր, որովհետեւ ան աշխարհ եկած էր յատուկ առաքելութեամբ մը՝ վասն մարդկութեան ապրելու, քարոզելու, մարդոց կեանքը նորոգելու, Հին Ուխտին վրայ նորը աւելցնելու առաքելութեամբ։ Բոլորիս ստեղծիչը՝ Աստուած, առաջին անգամը չէր, որ Իր սէրն ու հոգածութիւնը ցոյց կու տար մարդկութեան։ Արարչագործութենէն ետք, դարերու ընթացքին, Ան բազմիցս տեսած էր որ մարդկութիւնը տարուած է աշխարհիկ արժէքներով ու հեռացած՝ Իր պատգամած ուղիներէն, հետեւաբար, Իր պատուիրաններով ու Իր ուղին ցոյց տուող մարգարէներու միջոցով, իրերայաջորդ պատգամներ փոխանցած էր մարդկութեան։ Եւ ահա, 2012 տարիներ առաջ, Երկնաւոր Հայրը, Իր արարչագործութեան կատարելագոյնը եղող մարդուն՝ իբրեւ գերագոյն պարգեւ ընծայաբերեց Իր Միածինը։ Մարդը, որ սկզբնապէս մօտ էր Արարիչին ու հաւատարիմ հետեւորդը՝ անոր ուղիին, հեռացած էր Երկինքէն, ինկած էր մահացու եւ մահացնող մեղքի բաւիղներուն մէջ, կը տուայտէր անյուսութեան մէջ։ Անոր փրկութեան համար, անհրաժեշտ էր երկնային աննախընթաց միջամտութիւն մը, մեծագոյն զոհաբերում մը, որպէսզի մարդը վերադառնար Մարդուն։ Աստուածորդին աշխարհ չեկաւ շռնդալի ցոյցերով ու մեծ աղմուկով։ Ան ծնաւ Բեթղեհէմի համեստ մսուրին մէջ, ցուրտ ձմրան գիշերին, եւ Իր ծնունդի պայմաններովն իսկ համեստութեան, աւելորդ ճոխութենէ խուսափելու եւ պարզունակ կեանքով բաւարարուելու պատգամ մը ուղղեց մարդկութեան։ Անոր երկրաւոր կեանքն ալ եղաւ շարունակութիւնն ու մարմնաւորումը հոգեպէս հարստացնող՝ Ս. Ծննդեան պատգամներուն։ Արդարեւ, Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան աւետիսը հրեշտակներուն կողմէ առաջին ստացողները եղան ժողովուրդին բարի ու համեստ դասը ներկայացնող հովիւները, որոնք դաշտերու մէջ իրենց հօտին պահակութիւն կþընէին։ Անոնք Փայլուն Աստղին հետեւելով՝ ընդառաջեցին հրեշտակներուն աւետիսին եւ գացին՝ մսուրին մէջ խոնարհելու Մանուկին, որ փրկչագործութեան խորհուրդով աշխարհ եկած էր։ Նոյն Փայլուն Աստղին ուղեցոյցին հետեւելով՝ Իմաստուն Մոգերը հասան Բեթղեհէմ, որպէսզի թանկարժէք ընծաներ նուիրաբերեն Մանուկին, այլապէս օրինակ դառնալով զոհաբերումի ու նուիրաբերումի։ Մարդուն հանդէպ Աստուծոյ փրկարար ընծայաբերումին խորհուրդը ունէր Ս. Ծնունդը կանխող տնօրինում. նախաքայլերը առնուած էին Յովհաննէս Մկրտիչով ու Խոնարհ Կոյսին՝ Մարիամի կատարուած հրեշտակներուն աւետումով. Բեթղեհէմի մէջ, »մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ«ի գիշերէն ամիսներ առաջ, Ս. Կոյս Մարիամ ապրած էր Աստուծոյ ընտրեալը ըլլալու բերկրանքն ու անձկութիւնը, երբ հրեշտակը անոր աւետած էր, թէ աշխարհի ու մարդկութեան ապաւէնը իր միջոցով աշխարհ պիտի գար, եւ ան հնազանդած էր Երկնաւոր Հօր կամքին, ըսելով. »Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ« (Ղուկաս 1։38)։ Վերջապէս, Բեթղեհէմի մսուրին մէջ Յիսուս Մանուկի ծնունդով, կþամբողջանար աստուածընտիր Սուրբ Ընտանիքը՝ Նորածինին շուրջ բոլորուած Հայր Յովսէփով ու Աստուածածին Մարիամով, ընտանիք՝ որ պիտի դառնար քրիստոնեայ աշխարհին տիպար օրինակը, խոնարհութեան ու բարութեան խորհրդանիշը, ոգեղէն հարստութիւններով հպարտանալու ուղեցոյցը, Աստուծոյ պատգամներուն տարածիչը։ Այդ օրը, »մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ մը« մարմին կþառնէր, մարդկութեան կը տրուէր Փրկիչին գալուստը, որ »վասն մեր մարմնացաւ«։ Աւելի քան 2000 տարի առաջ, մարդկութեան տրուած աւետիսն ու փրկչագործութեան պատգամը անժամանցելի են եւ նոյն խորքով ու շեշտադրութեամբ մեր կեանքերուն մէջ ներկայ են նաեւ այսօր։ Մարդկութիւնը յաճախ խոտորումներ ու հեռացումներ արձանագրած է ու կþարձանագրէ Տիրոջ ուղիէն, կþիյնայ մեղքի մահացնող ազդեցութեան տակ, սակայն ան չունի անյոյս վիճակի մատնուելու մտավախութիւնը։ Կը բաւէ, որ ան անդրադառնայ իր սխալին, աչքերը յառէ Փայլուն Աստղին՝ Յիսուսի, որդեգրէ բարութեան, խաղաղութեան ու հաճութեան պատգամներու ուղին, եւ պիտի արժանանայ Աստուծոյ ներողամտութեան, Անոր Ս. Աջը ապաւէն պիտի ունենայ իր կեանքին ու գործին մէջ։ Պատերազմներով, խռովութիւններով ու բազմազան տագնապներով ընկճուած աշխարհն ու մարդկութիւնը այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի՛ պէտք ունի Ս. Ծննդեան յուսատու պատգամներուն, որպէսզի խաղաղութիւնը, սէրն ու իրերօգնութիւնը բարիք բերեն աշխարհի երկիրներուն ու ժողովուրդներուն, մեծին ու փոքրին, հաւասարկշռութիւն ու հաւասարութիւն ստեղծեն հզօրին ու տկարին, իրաւազրկողին ու զրկեալին միջեւ։ Իբրեւ պետականօրէն առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին զաւակները, մենք՝ հայերս, ոեւէ ազգէ ու ժողովուրդէ աւելի՝ խորապէս կþըմբռնենք այս ճշմարտութիւնը, որովհետեւ մեր դարաւոր պատմութիւնը վկայութիւն է եղած Յիսուս Մանուկով վերաբացուած ուղիին հաւատարմութեան ու անոր պահպանման համար անսպառ զոհաբերութեան։ Եւ այդ ուղին մեր կեանքին մէջ պիտի մնայ անշեղ ու աննահանջ, որովհետեւ Ան ուղեցոյց եղած է մեզի ու մարդկութեան, թէ Ինք է Ճշմարտութիւնն ու Կեանքը, ով որ հետեւի Իրեն, պիտի չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ, պիտի արժանանայ Երկնաւոր Հօր անսպառ բարիքներուն եւ ընծաներուն, որոնց մարմնաւորումն է Ինք՝ Բեթղեհէմի մէջ ծնած Յիսուս Մանուկը։ Ահաւասիկ այս մտածումներով, Ս. Ծննդեան խորհուրդէն բխող զգացումներով կþողջունենք մեր ժողովուրդի բոլոր հաւատացեալ զաւակները, ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի։ Կþողջունենք հոգեւոր դասը, ժողովական մարմինները, կրթական մշակները, կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, բարերարներն ու բարեկամները՝ անհատ ու հաւաքական ընտանիքներն ու անոնց մէն մի անդամը, մաղթելով, որ լեցուինք խաղաղութեան ու սիրոյ զգացումներով, իրերօգնութեան կամքով ու մեր Մայր Հայրենիքն ու հայութիւնը դէպի բարօրութիւն, նորանոր նուաճումներ առաջնորդելու պատրաստակամութեամբ, շրջանցելով ժամանակաւոր ընկրկումներն ու շեղումները։ Թող Մանկացեալ Փրկչին անյիշաչարութեան հոգին տարածուի բոլորիս սիրտերուն մէջ, խաղաղութիւն, հաճութիւն եւ սէր սերմանէ ներսիդին, որպէսզի »բարիով յաղթենք չարին«, եւ մերօրեայ աշխարհի մարտահրաւէրները յաղթահարելով՝ մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերը կերտենք աստուածահաճոյ ընթացքով։

Շնորհաւոր Նոր Տարի,

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ,

 

Թող այս մաղթանքը բխի ամէնէն վսեմ զգացումներէն ու հաճութեան աղբիւրէն, որպէսզի Ս. Ծննդեան խորհուրդները մեր կեանքերուն մէջ ունենան մշտանորոգ ներգործութիւն, եւ Փայլուն Աստղը մեր ուղին լուսաւորէ ընդմիշտ։ Սիրոյ ջերմ ողջունիւ, Աղօթարար՝ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ 2012

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022