Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2017


Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒ

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հրաշալի աւետիսը դարձեալ մեր սիրտերը կը ջերմացնէ ու հոգիները ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ կը պարուրէ։ Փա՜ռք Ամենակալին, իր Միածին Որդւոյն աննկարագրելի, անսահման, անբաղդատելի, գերազանց եւ յաւերժական պարգեւին եւ թանկագին Նոր Տարուան մը համար։

Տարուան ընթացքին, չկայ աւելի գեղեցիկ ժամանակ՝ քան Ս. Ծննդեան շրջանը, երբ մեր սիրտերը կը փափկին, աշխարհը կը լեցուի տօնական խորհուրդի ջերմութեամբ, եւ մենք մեր ընտանիքներով եւ բարեկամներով ցնծագին կը վայելենք անոր լուսաշող մթնոլորտը, տաղերու քաղցր ձայները, նաեւ՝ մեր սիրելիներուն հետ նուէրներու փոխանակումը։ Տակաւին, Նոր Տարուան սեմին, մեր կեանքը բարելաւելու եւ վերանորոգելու խոստում կու տանք, երբ նոր ակնկալութիւններով, նոր յոյսերով, նոր իղձերով ու փափաքներով մեր հոգիները կը խայտան։

Արդարեւ, տարուան այս նուիրական շրջանը՝ ամէնէն հարազատ հրաւէրն է վերանորոգութեան, երբ կը փակենք մեր կեանքի մէկ հանգրուանը եւ կը բացուինք նոր հանգրուանի մը, նոր սկիզբի մը։

Աւելի քան 2000 հազար տարիներ առաջ, լուռ եւ սուրբ գիշեր մը, Բեթղեհէմի համեստ մսուրին մէջ, Տիրոջ հրեշտակը մեծ աւետիս մը տուաւ, որ ամբողջ աշխարհին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէր, որովհետեւ աշխարհի Փրկիչը ծնաւ (Հմմտ. Ղուկաս 2։10-11)։ Մարդկութեան համար նոր արշալոյսի ծագումն էր այդ աւետիսը։

Այո՛, մեր Փրկչին Ս. Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը՝ խաւար աշխարհին նոր դարաշրջան մը բացող, նոր կեանքի մը նո՛ր շունչ փչող եւ նոր լո՛յս ծագեցնող հրաշք մը եղաւ։

Մարդ արարածը կորսուած ու ընկղմած էր մեղքի տիղմին մէջ, մնալով անօգնական եւ անզօր, երբ Աստուծոյ սիրոյն եւ գթառատութեան շնորհիւ «Բանը մարդ եղաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ» (Յովհ. 1։14), նոր եւ առաւել կեանք պարգեւելով բոլոր անոնց, որոնք Զինք ընդունեցին կատարեալ հաւատքով։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդուն հետ իր յարաբերութիւնը վերականգնէ, մեզ բոլորս վերանորոգէ եւ իր սիրոյ, խաղաղութեան, գթառատութեան եւ փրկութեան նոր պատգամը աւետէ, բայց մանաւանդ ցոյց տայ «ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յովհ. 14։6)։

Արդարեւ, մարդեղութեան խորհուրդին ընդմէջէն, Աստուած մարդը վերանորոգեց եւ վերստին կեանքի կոչեց, ու մեր ճակատագիրը միանգամընդմիշտ փոխեց։ Տակաւին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը՝ աշխարհի պատմութեան մէջ մէկ անգամ պատահած եւ պատմական անցեալին մէջ մնացող դէպք մը չէ, որովհետեւ Քրիստոս միշտ ներկայ է մեր կեանքերուն մէջ։ Իր փրկարար շնորհքը, սէրը, ուրախութեան ու խաղաղութեան եւ նոր կեանքի պարգեւը յաւերժական ու յաւիտենական են բոլոր անոնց համար, որ զԻնք կ’ընդունին ամբողջ մտքով, սիրտով ու հոգիով։

Այո, սիրելիներ, Քրիստոս աշխարհ եկաւ, որպէսզի կեանք ունենանք եւ առաւե՛լ կեանք ունենանք (Յովհ. 10։10)։ Մեր Եկեղեցւոյ աւազանին մէջ մկրտուելով եւ Ս. Միւռոնով դրոշմուելով, իւրաքանչիւրս, իբրեւ Աստուծոյ զաւակ, վերստին կը ծնինք եւ Ս. Հոգիի շնորհքներով կը վերանորոգուինք։

Այս նոյն վերածնելով ու վերանորոգութեամբ՝ բոլորս կը մաքրագործուինք եւ Քրիստոսով նոր կեանք մը կ’ունենանք։ Սակայն չմոռնանք, որ վերածնունդն ու վերանորոգութիւնը շարունակական եւ մնայուն ընթացք են, որուն մաս եւ բաժին են մեր միտքը, սիրտն ու հոգին։ Արդարեւ, Քրիստոս վերանորոգութեան կարեւորութիւնը շեշտեց, երբ Նիկոդեմոսի հետ իր հանդիպումին՝ ըսաւ. «Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը» (Յովհ. 3։3)։

Հետեւաբար, Ս. Ծննդեան Տօնը իւրաքանչիւրիս համար մեծագոյն եւ կարեւորագոյն առիթն ու հրաւէրն է վերանորոգուելու հոգիով, մեր մտածելակերպը փոխելու, Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած նոր մարդ դառնալու եւ ճշմարիտ կեանքը արդարութեամբ եւ սրբութեամբ ապրելու (Հմմտ. Եփ. 4։23-24)։ Առաւել եւս, անիկա հրաւէր է մեր հին կեանքը եւ նախկին գործերը մոռնալու, մեր արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելու, որպէսզի կարենանք զԻնք ճանչնալ (Հմմտ. Կող. 3։9-10)։

Եկէ՛ք, ուրեմն, վերանորոգուինք կեանքով: Վերանորոգենք մեր հաւատքը: Վերանորոգենք մեր յոյսը: Վերանորոգենք մեր սէրը։

Եւ ազգովին վերանորոգուինք մեր հոգեւոր եւ ազգային նուիրումին եւ առաքելութեան մէջ, մանաւանդ, որ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2017 տարին հռչակած է «Վերանորոգման Տարի», առաւել եւս շեշտելով վերանորոգութեան եւ վերակենսաւորման անհրաժեշտութիւնը:

Հետեւաբար, այս մտածումներով, կ’ողջունեմ, կը շնորհաւորեմ եւ լաւագոյն բարեմաղթութիւններս կը փոխանցեմ մեր Թեմի հոգեւորականաց դասուն, Ազգային Երեսփոխանական ժողովին եւ Վարչութեան, ծխական մեր բոլոր շրջաններուն, մեր վարժարաններուն, մարմիններուն ու կազմակերպութիւններուն, մեր բարերարներուն, նուիրատուներուն եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, աղօթելով, որ խաղաղութեամբ եւ Աստուծոյ օրհնութիւններով լեցուն կեանք մը ունենանք, բարի, յաջող եւ խաղաղ տարի մը վայելենք մեր հայրենիքին՝ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհին մէջ, ու յատկապէս Միջին Արեւելքի, Սուրիոյ ու մանաւանդ Հալէպի մէջ։

Այնպէս, ինչպէս Աստուծոյ փառքը յայտնուեցաւ համեստ ու բարի հովիւներուն, նոյնպէս ալ կ’աղօթեմ, որ Աստուծոյ փառքն ու շնորհքը շողան մեր բոլորին վրայ, եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան խորհուրդը մեր ներաշխարհը մաքրէ, վերակենդանացնէ եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքը ամբողջ տարուան ընթացքին լեցնէ սիրով, լոյսով, յոյսով, խաղաղութեամբ, բարութեամբ, ազնուութեամբ ու հոգեւոր զուարթութեամբ։

Թո՛ղ մեր անհատական, ընտանեկան, եւ համայնքային կեանքը վերանորոգուի եւ վերաշխուժանայ Նորածին Արքային յաւերժական ներգործութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, որպէսզի մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ շինութեան համար ծառայենք վերանորոգ հաւատքով, կորովով եւ պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ։

Թո՛ղ Քրիստոս Արքան, իբրեւ Մանուկ Յիսուս՝ անգամ մը եւս ծնի մեր սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, մեզ նոր ծնունդով վերանորոգէ, ինչպէս որ Շնորհալի Հայրապետը մեր բոլորին կողմէ եւ բոլորին համար կը խնդրէ ըսելով.

«Նորոգող հնութեանց,
Նորոգեա՛ եւ զիս.
Նորոգ զարդարեա՛» (Ժամագիրք)

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ 2017

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022