Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

2022 – Սփիւռքի Տարի – Մենք Կը Նայինք Ձեզի…

By January 19, 2022June 1st, 2024No Comments

Երկնային օրհնութիւններով լեցուն Ս. Ծննդեան հրաշափառ տօնին յաջորդեցին հոգեւոր մտամփոփման քանի մը օրեր, որոնց ընթացքին կարելիութիւնը ունեցայ մտածումներուս կարկինը լայնցնելու, մեր ազգը յուզող ժամանակակից ներկայ տագնապներուն ու ցաւերուն վրայ: Խոստովանիմ, որ բազում են անոնք՝ հայրենականէն մինչեւ համազգայինը, ներազգայինէն մինչեւ գաղութայինները, ա՛լ չհաշուած տեղականները, կամ՝ ընդհանրապէս, աշխարհի առողջական, քաղաքական, ռազմական, ընկերային, տնտեսական համընդհանուր իրավիճակներն ու օրական դրութեամբ մարդկութիւնը նորովի ցնցող եւ իրենց տեսակին մէջ նոր ու բաւականին սուր մարտահրաւէրները…

Խորհրդածեցի ու ցաւեցայ: Առաւել ե՛ւս վրդովեցայ մեր հայրենեաց զաւակներուն եւ հողերուն կորուստով: Անդադրում տագնապելով՝ յաւելեալ մտահոգութեամբ պաշարուեցայ մեր ազգային երանգապնակի, մեր ժողովուրդի ոգեղէ՛ն տեսիլքներու մթագնման հոլովոյթը աչքի առաջ ունենալով: «Յո՞ երթանք՝ հայրենիք ու ազգ» հարցումը բազմիցս խանգարեց ներաշխարհս: Թէեւ քաջ գիտեմ, որ հոգեւոր սպասաւորը կոչուած չէ յուսահատելու, եւ թէ ան՝ յաչս Աստուծոյ եւ ժողովրդեան, հրաւիրուած է անդադար յոյս ու լոյս ներշնչելու բոլորին՝ յանուն վաղուան արգասաբեր առաւօտեան, այսուհանդերձ, ունեցայ մարդկային տկարութեան պահեր, հոգեկան սրսփուքներ, նոյնիսկ մսեցայ ներքնապէս այնքան, որ իմ կարգին ե՛ս ալ փնտռեցի շող մը արեւի՝ հոգիս, միտքս ու մտածումներս կարենալ ջերմացնելու եւ լուսաւորելու համար:

Այսպիսի ծանր պահու մը մէջ էի, երբ մտքիս պաստառին կայծ տուաւ «2022-Սփիւռքի Տարի» բառակապակցութիւնը, մինչ Սփիւռքը ինձմէ դուրս յորդեցաւ այսպէս.

Սփիւռքը ամէն տեղ, բայց՝ ոչ մէկ տեղ,
Սփիւռքը՝ ուժեղ, բայց՝ խոնջ ու վհատ,
Սփիւռքը՝ առաջնորդող, բայց՝ անառաջնորդ,
Սփիւռքը՝ տարբեր, բայց՝ անտարբեր,
Սփիւռքը՝ լուսաւոր, բայց՝ մթամած,
Սփիւռքը՝ հայրենիքով, բայց՝ «անհայրենիք»,
Սփիւռքը՝ հարուստ, բայց՝ խիստ կարիքաւոր,
Սփիւռքը՝ զօրեղ ձայն, բայց՝ անձայնութիւն,
Սփիւռքը՝ շեշտակիր հրաման, բայց՝ անշեշտ վերաբերում,
Սփիւռքը՝ հզօր բազուկ, բայց՝ թեւաթափ ու թեւազուրկ,
Սփիւռքը՝ զգօն ու վստահ, բայց՝ խորթ ու անմիաբան,
Սփիւռքը՝ գերհզօր բռունցք, բայց՝ անկշռելի արդիւնք,
Սփիւռքը՝ հսկայ՝ մեծ ու վիթխարի, բայց՝ հիւլէ մը փոքրիկ, աննշմարելի՜,
Սփիւռքը՝ տարածուն ու անծայրածիր, բայց՝ անքարտէզ ու բացակայ,
Սփիւռքը՝ ահ բաշխող սարսափ, բայց՝ խոցուած արդարութիւն,
Սփիւռքը՝ պայքարի դրօշակիր շեփոր, բայց՝ իրաւազուրկ ինքնութի՜ւն…

***

Մտքիս թափը վերագտած, կը խորհրդածեմ բարձրաձայն.-

Այս Սփիւռքի մասին է, որ կը խօսի Վեհափառ Կաթողիկոսը եւ ազգային առաջնահերթութիւն կը նկատէ անոր վերակազմակերպումը, 2022 թուականի իր Հռչակագրին ճամբով:

Մենք Սփիւռքն ենք: Մէկը անոնցմէ՝ ե՛ս ալ Սփիւռքն եմ եւ ահա՛, յանուն Արեւմտեան Թեմի, կը նայիմ Ձեզի, Վեհափառ Տէր՝ իբրեւ Սփիւռքի հովուապետ-ղեկավարի, որ առաջնորդողի ցուպը բարձր բռնած, Սփիւռքը վերակազմակերպելու, զայն նոր ժամանակներու չափանիշներով աշխատանքի մղելու, աւելի գործունեայ, արդիւնաւէտ ու նպատակասլաց դարձնելու ուղենշային պատգամ կը յղէ բոլորիս: Մենք կը նայինք Ձեզի՝ հետեւելով Ձեր ցուցմունքներուն, որպէսզի Ձեր առաջնորդութեամբ մենք կարենանք մեր ժողովուրդի զաւակները դուրս բերել անտարբերութեան ճիրաններէն, սպիտակ ջարդի եւ բազում այլ անտեսանելի գերութիւններէ: Դուք՝ նման Մովսէս Մարգարէին, Ձեր հայրապետական ասայով կ՛առաջնորդէք մեզ եւ նոյն Մարգարէին նման, որ գերութենէ դուրս բերաւ Իսրայէլի իր ժողովուրդը, կը ձգտիք դուրս բերել մեզ այլասերման գերութենէն:

Եւ ո՛չ միայն: Ձեր Հռչակագրով, Վեհափա՛ռ Հայր, Դուք նաեւ արդարօրէն մարտահրաւէր կը նետէք Սփիւռքին՝ իր հին ու լճացած, ժամանակավրէպ մտայնութենէն ու գործելաոճէն ձերբազատելու եւ նոր ու թարմ, մասնագիտացած երիտասարդութեամբ օժտելու իր կառոյցները, միութիւնները, աշխատանքի դաշտերն ու ղեկավարութիւնը, այլեւ նորոգ թափով վերակազմակերպուելու եւ երիտասարդական աւիշով մեր ազգային կեանքը թարմացնելու, վերաերիտասարդացնելու համար: Երիտասարդութիւն, որ արհեստագիտական նոր տուեալներով, մեթոտներով ու նորագոյն հնարքներով պիտի լեցընէ հայկական կեանքը շարժող բոլոր լծակներն ու ազդակները ու պիտի ըլլայ աւելի՛ տեսանելի ու աւելի՛ պատասխանատու ազգային կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս, միաժամանակ իրենց աչքին առաջ ունենալով նախորդներու վաստակն ու փորձառութիւնը:

Սիրելի՛ Վեհափառ Տէր,
2022 տարուան Ձեր Հռչակագրին ընդմէջէն մենք մեզ կը զգանք լիարժէքօրէն ատակ այն ոստումին, զոր ազգովին պիտի նետենք՝ յանուն նոր սերունդներու առողջ ու հայեցի դաստիարակութեան եւ յանուն Հայ Եկեղեցի, ազգ ու հայրենիք եռամիասնական ճիգերու առաւել ներդաշնակման ու հզօրացման:

Մեր խնդրանքն է, որ Ձեր Հայրական օրհնանքը անպակաս ընէք մեր վրայէն, որովհետեւ մենք կը նայինք եւ մի՛շտ պիտի նայինք Ձեզի:

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Close Menu

Categories