
Երեքշաբթի, 19 Օգոստոս 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարժարաններու երկրորդական, միջնակարգ եւ նախակրթարանի բաժինները իրենց հրճուալից դիմաւորեցին 2025-2026 տարեշրջանի կրթական վերամուտը, որ իւրաքանչիւր վարժարանի յարկին տակ ի մի խմբեց նախկին եւ նոր աշակերտներ, պատասխանատու մարմիններ եւ ներկայացուցիչներ, դաստիարակ ուսուցիչներ ու կրթական մշակներ ծնողներ, բարեկամներ եւ բարերարներ:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտի ուրախալի առաւօտը դիմաւորեց Էնսինոյի Ազգային Ֆերահեան երկրդ. վարժարանի մեծ ընտանիքին հետ եւ նախագահեց հանդիսութեան, որուն ներկայ եղան շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խանդավառ աշակերտներն ու ծնողները ողջունեց պաշտօնապէս բացուած յայտարարելով Ազգային վարժարաններուն դռները եւ օրը որակեց արդիւնաւէտ ու կենսալից՝ նշելով, որ հայկական վարժարաններու վերամուտը նաեւ համայնքային կեանքի աշխուժութեան ցուցանիշն է, ապա շնորհաւորեց փոքրն ու մեծը եւ յաջող ու ապահով տարի մաղթեց բոլորին:
Նոյն օրը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Հոգեւոր հօր եւ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Յովիկ Պետեւեանի, ներկայ եղաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ազգ. Մարի Գապայեան նախակրթարանի կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտի հանդիսութեան, քաջալերեց փոքրիկ ու պատանի աշակերտները եւ իրենց ծնողները, գնահատեց ազգային կառոյցի ներդաշնակ ընտանիքը՝ դիտել տալով, որ հանդիսութեան ներկայ իւրաքանչիւր տարր ո՛չ միայն իր վարժարանը գործօն կառոյցի կը վերածէ, այլեւ համայնքային գործունէութեան նոր թեւ ու թռիչք կը շնորհէ: Հուսկ, ան բոլորին բաշխեց իր հայրական օրհնութիւնները:
Այս առիթով, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ շրջեցաւ նախակրթարանի ընդլայման ծրագիրին ի նպաստ անցնող ամիսներուն գնուած յատուկ հողամասը եւ վարժարանին մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:
Յայտնենք, որ Գալիֆորնիա նահանգի Ազգային միւս վարժարաններու վերամուտի արարողութեանց ներկայ եղան տեղւոյն եկեղեցիներու Հոգեւոր հայրեր, ինչպէս նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամներ եւ Ազգ. Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչներ: Վերամուտի առիթով, բոլոր վարժարաններէն ներս ընթերցուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր յատուկ պատգամն ու հայրական բարեմաղթութիւնները: