Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 20-ամեակի Տօնախմբութիւն Արեւմտեան Մեր Թեմին Մէջ


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը գոհունակութեամբ կը յայտարարեն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յառաջիկայ 30 Սեպտեմբերէն 4 Հոկտեմբեր հայրապետական այցելութիւն մը պիտի շնորհէ Արեւմտեան մեր Թեմին, Նորին Ս. Օծութեան գահակալութեան 20րդ տարեդարձի տօնախմբութեանց անձամբ նախագահելու համար։

Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան շաբաթավերջին նկատի առնուած են շարք մը արարողութիւններ ու ձեռնարկներ, որոնց գլխաւորներն են՝ Հայրապետական Ս. Պատարագ, համաժողովրդային հանդիսութիւն մը՝ Նորին Ս. Օծութեան գահակալութեան 20րդ տարեդարձին նուիրուած, եւ հանգանակային ճաշկերոյթ ի նպաստ Վեհափառին գահակալութեան 20ամեակին առիթով ստեղծուած «Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հիմնադրամ»ին:

Այս բոլորը կը յանձնենք մեր ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան, այժմէն իսկ միասնաբար պատրաստուելու Վեհափառ Հայրապետի օրհնաբեր այցելութիւնը ընդունելու ու տօնախմբելու:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը հաղորդենք հետագային:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022