Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պաշտօնավարութեան Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան 25-րդ Ընթրիքը Պսակուեցաւ Յաջողութեամբ

– ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՏԱԽՏԱԿ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ՝
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻն ՎԱՐԱՆԴ ԵՒ ՀՈՒՐԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆՆԵՐՈՒՆ

-ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԾԽԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՔՍԱՆ ՀԻՆԳ ՏԱՐԻՆԵՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏՈՒՑԱԾ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒ

Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքին շուրջ համախմբուեցան Արեւմտեան Թեմի մեծ ընտանիքը, հովանաւորներ, գաղութի ղեկավարներ եւ համայնքի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։ Այս տարուան ընթրիքը կը նշէր 25-րդը, որուն կը նախագահէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, նախ որպէս Առաջնորդական Տեղապահ եւ ապա իբրեւ Առաջնորդ։ Գլխաւոր հիւրընկալն էր Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը։

Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, Թեմիս հոգեւորականաց դասու, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ու Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի, երեսփոխանական կազմի, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց ու տիկնանց միութանց, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի եւ Տնօրէնութեանց, CASPS-ի, Հայ Դատի, ՀՕՄ-ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Համազգայինի, Հայ-Ամերիկեան թանգարանի ու Հայ Կրթական Հիմնարկութեան անդամներ, Մոնթեպելլոյի ու Կլենտէյլի քաղաքապետարաններու, «Ֆորէսթ Լոն» հաստատութեան, Կլենտէյլի «Dignity Health Memorial» հիւանդանոցի, Կլենտէյլի ոստիկանապետութեան ու կրթական համակարգի ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։

Երեկոյի հանդիսավարութիւնը վարեց Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանը, որ ներկաները ողջունելէ ետք, փառք ու գոհութիւն վերառաքեց առ Բարձրեալն Աստուած՝ Իր Միածին Որդւոյն միջոցաւ Ինքզինք մարդուն յայտնելուն ու մարդուն կեանքին մէջ Իր ներկայութեան համար եւ մաղթեց որ Մանկացեալ Աստուածորդին Իր Ս. Ծննդեան խորհուրդով կենսաւորէ մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքը։

Յանուն Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի բարի գալուստ մաղթեց փոխ ատենապետուհի՝ Տիկին Վարդուկ Աւետիքեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն Ազգ. Առաջնորդարանի գործունէութիւնը սատարելուն, ընդգծելով, որ Աստուածայայտնութեան տօնը առիթ է Առաջնորդարանի հովանիին ներքեւ միասնաբար համախմբուելու եւ նշելու Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծնունդը։

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ընդգծեց, թէ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան սիրոյ պատգամը համախմբած է մեզ բոլորս եւ Աստուածայայտնութեան խորհուրդը յիշեցում մըն է, որ Աստուած կը սիրէ մեզ ամէն պարագաներու մէջ եւ մենք ալ նոյն ձեւով պէտք է սիրենք մեր նմանները։ Ան նաեւ նշեց, որ Աստուծոյ արարչութեան ընթացքին մարդուն տրուած շնորհքներէն է սիրելու եւ սիրուելու շնորհքը։ Մաղթեց, որ նոյն այդ սիրով համակուինք բոլորս, Աստուծոյ եւ մեր նմաններուն նկատմամբ։

Ողջոյնի խօսքերէն ետք, սկիզբ առաւ տօնական խորհրդաւոր պահը։ Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորութեամբ, հոգեւոր հայրերը հանդիսաւոր թափօրով, մոմեր ի ձեռին մուտք գործեցին սրահ, որ լուսաւորուած էր ներկայ հիւրերու ձեռին եւս լուսաւորուած մոմերով եւ միասնաբար երգեցին «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի» եւ Ս. Ծննդեան այլ շարականներ՝ Մանկացեալ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսը իրարու փոխանցելով, որուն յաջորդեց Թաթախի աւանդական արարողութիւնը։

Այնուհետեւ, Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տեսագրեալ պատգամը պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ։ Վեհափառ Հայրապետը կը շնորհաւորէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ժողովականութեան անդամներուն, Թեմիս հայկական կազմակերպութեանց, միութեանց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին Նոր Տարին։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ շեշտը դրած էր «պատկանելիութեան» գաղափարին շուրջ, բացատրելով, որ Աստուծոյ առաջին ստեղծագործ՝ այրն ու կինը անտեսեցին իրենց Արարիչին՝ Աստուծոյ պատկանելու իրողութիւնը եւ Աստուածորդւոյն մարդեղութիւնը հրաւէր մըն էր մարդուն՝ վերականգնելու համար մարդ եւ Աստուած յարաբերութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ընդգծած էր պատկանելիութեան կարեւորութիւնը որպէս հայեր եւ քրիստոնեաներ, մասնաւորաբար ժամանակակից աշխարհին մէջ, երբ բոլորս շարունակ ենթակայ ենք զանազան ազդեցութեանց, որոնք կը փորձեն աղաւաղել մեր կրօնական հաւատալիքներն ու արժէքները։ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը եզրափակած էր, յորդորելով, որ բոլորս անխտիր վերահաստատենք մեր պատկանելիութիւնը Աստուծոյ եւ մեր ազգային աւանդութեանց, փարինք մեր ազգային ինքնութեան եւ քրիստոնէական դաւանանքներուն, զանոնք կենսագործելով ու ցոլացնելով մեր առօրեայ ընտանեկան, եկեղեցական, համայնքային եւ ազգային կեանքին ընդմէջէն։

Ազգ. Վարչութեան խօսքը փոխանցեց գանձապահ Տիար Աւօ Քէշիշեան։ Ան ընդգծեց, որ այս երեկոյին գլխաւոր նպատակն է Ս. Ծննդեան տօնախմբութիւնն ու Ազգ. Առաջնորդարանի գործունէութեան սատարումը, նշելով, որ տարիներու ընթացքին իրագործուած յաջողութիւնները արգասիքն են Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետեւողական ճիգերուն, յարակից յանձնախումբերու ժրաջան գործունէութեան եւ մեր մնայուն հովանաւորներուն։ Ան նոր տարուան առթիւ բարեմաղթութիւններ ուղղեց բոլորին։

Ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իրեն ուղղած հրաւէրին համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին՝ Հայաստանի նկատմամբ իր տածած սիրոյն եւ նուիրումին համար։ Դոկտ. Բայբուրդեան անդրադարձաւ պատմութեան ընթացքին, անցեալին եւ ներկայիս Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերին, յատկապէս Սփիւռքի տարածքին, ուր եկեղեցին իր կրօնական դերէն անդին ստանձնած է ազգային առաքելութիւն։

Ընթրիքի պահուն, իրագործուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Ելոյթ ունեցան Կրէկ Հօշարեան ու իր նուագախումբը, որոնք դասական, ժողովրդային ու հայրենասիրական երաժշտութեամբ ու երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը: Երեկոն ճոխացուց նաեւ Սոփրանօ Անահիտ Ներսիսեանը՝ մեկնաբանելով տօնական եւ ժողովրդական երգեր։

Այս տարի իւրայատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ. Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Վարչութիւնը բարի մտածումը ունեցած էին յատուկ գնահատանքի արժանացնել իւրաքանչիւր ծխական շրջանէ նուիրեալ մը, որ 25 եւ աւելի տարիներ իր սիրայօժար ծառայութիւնը մատուցած է իր պատկան ծուխին։ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ Տիկին Քնար Գորթոշեան, շեշտելէ ետք կամաւոր աշխատանքի կենսականութիւնը մեր ծխական, միութենական թէ գաղութային կեանքի յառաջընթացքին համար, ներկայացուց իւրաքանչիւրին գործունէութիւնը, ապա հրաւիրեց զիրենք, որպէսզի Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Կարօ Էշկիեանի կողմէ ստանան իրենց յուշատախտակները։ Մեծարեալներն էին՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն Հրայր Սրկ. Թեճիրեան, որ աւելի քան չորս տասնամեակներ եւ շարունակաբար որպէս սարկաւագ ծառայած է. Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիէն Էլիզապէթ Տաղլեան, որ աւելի քան քառասուն տարիներու ծառայութիւնը ունի որպէս Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան անդամ. Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցիէն Լեւոն Կիւլէեան (յետ մահու), որ շուրջ երեսուն տարիներ ծառայած էր որպէս Հոգաբարձութեան ատենապետ եւ անդամ. Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն Յովհաննէս Սրկ. Պալեան (իր բացակայութեան), որ երեք տասնամեակ շարունակ որպէս սարկաւագ ծառայած է. Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիէն Սրբուհի Մըսըրլեան, իր աւելի քան երեսուն տարիներու ծառայութեան համար իբրեւ երեսփոխան եւ երգչախումբի անդամ. Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարէն Սարգիս Պոյաճեան, որ աւելի քան չորս տասնամեակ ծառայած է որպէս մենակատար եւ դպրապետ. Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցիէն Սեդա Քէչէճեան, որ քսանհինգ տարի շարունակ ծառայած է որպէս Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչ, ապա տնօրէն. եւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցիէն Աստղիկ Ետալեան, իր աւելի քան երեսուն տարիներու ծառայութեան համար որպէս Տիկնանց Միութեան եւ երգչախումբի անդամ։

Այնուհետեւ, հանդիսավար քահանայ հայրը անդրադարձաւ նախորդ քսան հինգ տարիներուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ունեցած կարեւոր ներդրումին, Առաջնորդարանի գործունէութեան ծաւալման եւ ընդարձակման, երախտագիտութիւն յայտնելով անոր հայրական հոգածութեան եւ գնահատելի առաջնորդութեան։ Ապա, բեմ հրաւիրեց զինք՝ ուղղելու համար իր պատգամը։

Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդով տոգորուած ու քրիստոնէական ջերմ սիրով ողջունեց պաշտօնական հիւրերն ու ներկաները, փառք տալով Աստուծոյ, որ բոլորիս առիթը ընծայած էր թեւակոխելու 2020 տարին։ «Այս երեկոյ, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան այս ընթրիքին, նոյն այս բեմէն 25-րդ անգամն է որ կը շնորհաւորեմ ձեզ բոլորդ։ 25 տարիներ անցած են, երբ Տիրոջ օրհնութեամբ կոչուեցանք Առաջնորդական Տեղապահի եւ ապա Առաջնորդի պաշտօններուն։ Եւ ահա 1996 տարուան Ս. Ծննդեան տօնէն ի վեր, 25¬րդ անգամ ըլլալով միասնաբար, այս սիրոյ սեղանին շուրջ կը տօնախմբենք Ս. Ծնունդը։ Աստուծոյ տնօրինութեամբ ու կամքով, մեր բարերարներուն եւ մեր Թեմի նուիրեալներուն աջակցութեամբ, երկար տարիներու վրայ տարածուած այս աւանդականացած երեկոն տարուէ տարի այս յաջողութեան հասաւ», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան գնահատեց բոլորին առատաբաշխ նուիրատուութիւններն ու իրենց ներկայութիւնը, աղօթելով, որ Տէրը երանական հանգիստ շնորհէ ննջեցեալ բարերարներու հոգիներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ս. Աթոռոյս Գահակալ շնորհազարդ Հայրապետին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, մեզի փոխանցած իր պատգամին համար։ Ապա յայտնեց, որ Նորին Սրբութիւնը 2020 տարին հռչակած է «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի»ն եւ կոչ ուղղեց անսալու Վեհափառ Հայրապետին կոչին, մեր նմաններուն հանդէպ սէր եւ գուրգուրանք տածելու, այնպէս ինչպէս Քրիստոս Ինք կատարեց Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին։

Առաջնորդ Սրբազանը իր օրհնութիւնները, գնահատանքի խօսքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց երեկոյի գլխաւոր հիւրընկալ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն, որոնք 100.000 տոլարի իշխանական նուիրատուութեամբ իրենց զօրակցութիւնը անգամ մը եւս ցուցաբերած էին, զանոնք համարելով օրինակելի եւ ազնուասիրտ բարերար զոյգ մը ո՛չ միայն մեր եկեղեցւոյ եւ Թեմի, այլ մանաւանդ մեր գաղութի կազմակերպութեանց ու միութեանց։ Որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն անոնց նուիրատուութեան եւ առատաձեռնութեան, Առաջնորդ Սրբազանը զանոնք բեմ հրաւիրեց՝ երախտագիտական յուշատախտակը յանձնելու համար։ Առաջնորդական Փոխանորդը, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանը եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետը եւս մասնակցեցան յուշատախտակի յանձնումին։

Նշենք, որ այս տարուան ձեռնարկի գլխաւոր զօրակիցներն էին (Patron) Առաջնորդարանիս Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը, Տիար Հէնք Խաչատուրեանը, Տիկին Թինա Քարոլանը, Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեբէթճեանները եւ «Forest Lawn» հաստատութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ օրուան մեծարեալ ծառայողներուն, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի տիկիններուն, որոնցմէ շատերը տասնամեակներէ ի վեր կը ծառայեն իրենց անսակարկ նուիրումով։

Ան յատկապէս յիշեց մեր եկեղեցւոյ եւ հաւաքական կեանքէն ներս նուիրեալ ծառայողները, որոնք անցեալ տարի առյաւէտ բաժնուած էին մեզմէ։ Անոնց շարքին էին՝ Արման Քէօսեանը, Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը, Կարօ Պետրոսեանը, Յակոբ Մանճիկեանը, Ժագ Ս. Յակոբեանը, Հուրիկ Ապտուլեանը եւ Խաժակ Սարգիսեանը։

Խօսելով Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան խորհուրդի մասին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Նոր Տարուան եւ նոր տասնամեակի սեմին եւ Ս. Ծննդեան խորհուրդով լի, պարտ է մեզ վերանորոգ հաւատքով, նորոգեալ հոգիով Աստուծոյ պատկերը մնայուն կերպով արտայայտել՝ մտածումով, խօսքով ու գործով։ Ան անդրադարձաւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ յարուցուած տագնապներուն, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, շեշտելով. «Քրիստոսի պարգեւած փրկութեան ուղիներո՛վ է միայն, որ մարդկութիւնը կը կարողանայ այս երկրի վրայ ապրիլ որպէս մեծ ընտանիք, փոխադարձ սիրով ու օգնութեամբ ամոքելով իր վէրքերը, հոգալով կարիքները, կարգաւորելով այս աշխարհի խնդիրները եւ ծառայելով «յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» հրեշտակաձայն պատգամին։ Բայց այս բոլորը կը սկսին իրագործուիլ մեր սեփական եւ հաւաքական կեանքէն, այսինքն, ընտանեկան, ազգային եւ եկեղեցական կեանքէն»։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը մատնանշեց նաեւ պատմական այն մեծ իրագործումը, երբ անցեալ տարուան ընթացքին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը եւ ապա Ծերակոյտը յաջորդաբար ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը։ Այս արդիւնք էր Հայ Դատի հետեւողական ու լիաբուռն պայքարին եւ մեր ժողովուրդի միասնականութեան։ Պատիւ բոլոր նուիրեալներուն։

Ան նաեւ ներկայացուց Ազգ. Առաջնորդարանի հոգեւոր, կրթական եւ ազգային գործունէութիւնը, շեշտելով, որ այս առաքելութիւնը կը յաջողի համատեղ, համադրուած ու համերաշխ աշխատանքով։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր գործակից ժողովական մարմիններուն, բարեկամներուն ու բարերարներուն, կազմակերպութեանց ու միութեանց՝ ըսելով. «Մէկը ներդրում կ’ունենայ նիւթապէս, ուրիշ մը՝ բարոյապէս, երրորդ մը աշխատանքով ու նուիրաբերումով. բոլորը ունին մէկ հասարակ յայտարար, որ կը կոչուի նուիրաբերում ու հաւատք։ Հաւատք՝ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան նկատմամբ, հաւատք՝ մեր կրթական համակարգին, հաւատք՝ մեր ազգային արժէքներու պահպանումին ու մեր անժամանցելի իրաւունքներուն իրականացման նկատմամբ։ Ազգային կեանքի մէջ գործը կը յաջողի, երբ բոլոր միաւորներն ու ծառայողները կը գործեն զիրար ամբողջացնելու կամքով, սիրով ու հաճութեամբ, ինչպէս որ կը պատգամէ Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան խորհուրդը»։ Այս առթիւ, ան բարձր գնահատեց Առաջնորդարանի անձնակազմի անխոնջ աշխատանքը։

Իր խօսքը եզրափակելով, Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ Աստուածորդին Իր ամենախնամ հոգածութեան եւ սիրոյ մէջ պահէ մեր եկեղեցին, ժողովուրդն ու հայրենիքը, զօրացնէ մեր հաւատքը՝ յաղթելու համար չարին բոլոր փորձութեանց, իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, մեր հայրենիք Հայաստանն ու Արցախը խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ համերաշխութեան ուղիով առաջնորդէ եւ մեր Թեմի զաւակներուն կեանքը առաջնորդէ սիրոյ, համախոհութեան եւ խաղաղութեան ոգիով։

Երեկոն վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով, «Կիլիկիա» եւ Հայրապետական մաղթերգներով ու Հայաստանի քայլերգով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022