Հայկական Բանակի Կազմութեան 26-ամեակի Հանդիսութիւն

Հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ կազմակերպութեամբ Իրանահայ Միութեան, Կիրակի, 28 Յունուար 2018-ի երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ազգային բանակի կազմութեան 26-րդ տարեդարձին առիթով։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Ներկայ էին հիւպատոսարանի անձնակազմի անդամներ եւ մեր գաղութի հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։

Հանդիպումը խորքին մէջ մարմնաւորուեցաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմի հերոսներէն Մարատ Պետրոսեանի եւ Նարեկ Մալխասեանի հետ ծանօթացումով. երկու հերոսները հիւրաբար Լոս Անճելըս կը գտնուէին այս առիթով։ Արտասանուեցան ողջոյնի խօսքեր ու մեր բանակին ներշնչած հպարտանքէն բխող արտայայտութիւններ։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիար Արծրուն Յովհաննիսեան որոշ լուսաբանութիւններ տուաւ երկու հերոսներուն, բանակի դերակատարութեան ու յարակից հարցերու մասին, ապա նաեւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։

Տ. Ղեւոնդ Քահանայ յանուն Առաջնորդ Սրբազանին փոխանցեց ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսք։ Ան կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, մեր ժողովուրդը, հոգեւորականութիւնն ու բանակը պատմութիւն կերտած են կողք կողքի, ի խնդիր հայրենիքի ու սեփական մշակոյթի պահպանման։ Ան յիշեցուց, որ Աւարայրի ճակատամարտին, Մամիկոնեան սպարապետին սուրն ու Ղեւոնդ Երէցի խաչը միացան իրարու եւ հունաւորեցին մեր պատմութիւնը, այդ ողջագուրումը շարունակուեցաւ դարերու ընթացքին, անոր ականատես եղանք 100 տարի առաջ մղուած Սարդարապատի ճակատումներուն, նոյնը կը շարունակուի այսօր՝ Արցախի մէջ։ Ան նաեւ փոխանցեց շնորհաւորանք ու ապահով երթի բարի մաղթանքներ։

Նոյն սրահին մէջ եւ իբրեւ շարունակութիւն նոյն նախաձեռնութեան, աւելի ուշ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիսութիւն մը, նուիրուած հայոց բանակին։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Ներկայ էին մեր գաղութի հոգեւորականաց դասերու եւ կազմակերպութեանց ներկայացոցիչները։ Քայլերգներէն ետք, հանդիսութիւնը բացուեցաւ հոգեւորականաց դասու աղօթքով։ Արտասանուեցան ողջոյնի ու սրտի խօսքեր, իսկ գեղարուեստական բաժինով ներկայացուեցան հայրենասիրական երգեր։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022