Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 3էն 7 Յուլիսին տեղի պիտի ունենան 43-րդ «Նաւասարդեան» փառատօնը, Վէն Նայսի «Պըրմինկհէմ» վարժարանի մարզահամալիրին մէջ։ 43-րդ «Նաւասարդեան» խաղերու պատուոյ նախագահն է Տէր եւ Տիկին Համլէթ եւ Կրեթա Չրաղճեան ամոլը, իսկ Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի պատիւին կ’արժանանայ բազմավաստակ Հ.
buy nolvadex online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/mg/nolvadex.html no prescription
Մ.Ը.Մ.-ական Տիար Գօգօ Պալեան։
Բացումը տեղի պիտի ունենայ 3 Յուլիսին, իսկ տողանցքն ու մարզախաղերու փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենան Շաբաթ, 7 Յուլիս երեկոյեան։ Նշենք, որ այս տարուան փառատօնը կը զուգադիպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակին։ Տողանցքին կողքին, յաղթական խումբերն ու մարզիկները պիտի արժանանան բաժակներու եւ յուշանուէրներու։
Փառատօնի նախօրեակին, Կիրակի, 1 Յուլիսի երեկոյեան, տեղի պիտի ունենայ Յաղթանակի Պարահանդէսը, «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը Յաղթանակի պարահանդէսին բացումը պիտի կատարէ աղօթքով եւ փառատօնին փակման հանդիսութեան պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Նախընթաց օրերուն, ան նաեւ պիտի այցելէ կրպակները։