Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան 50-րդ Տարեկան Հաւաքը

Ուրբաթ, 6 Մարտ 2020-ին, Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան 50-րդ տարեկան հաւաքը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդներու, հոգեւորականներու եւ հաւատացեալ կիներու։ Այս տարուան բնաբանն էր Յովհաննու Աւետարանի 5-րդ գլուխի 8-րդ համարը՝ «Ե՛լ, մահիճդ առ ու քալէ՛»։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ներկայ եղաւ արարողութեան եւ ուղղեց իր օրհնութեան խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանիան, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։

Յայտագիրը կազմուած էր աղօթքներով, Աստուածաշնչային ընթերցումներով, շարականներով ու հոգեւոր երգերով, խորհրդածութիւններով ու պատգամներով։

Առաջնորդ Սրբազանը իր սրտի խօսքին մէջ նախ գնահատեց հաւատացեալ տիկինները, որոնք ամէն տարի կը կազմակերպեն աղօթքի այս հաւաքը։ Ապա, շեշտը դնելով աղօթքի զօրութեան եւ կարեւորութեան վրայ, մասնաւորաբար Մեծ Պահքի հոգեպէս վերանորոգման այս ժամանակահատուածին, նշեց որ բոլորս ալ մեր կեանքին մէջ բազմաթիւ դժուարութիւններ ու ցաւեր ունինք՝ ֆիզիքական, մտային, հոգեկան ու զգացական, ինչպէս նաեւ այլօրինակ մարտահրաւէրներ։ Առ այդ, յորդորեց ներկաները Աստուծոյ դիմել, որովետեւ Ան միշտ մեր կողքին է եւ բազմաթիւ առիթներ ու պատեհութիւններ կ’ընձեռէ մեզի՝ առաւել բարելաւուելու համար։ «Այնպէս ինչպէս անդամալոյծը չէր գիտեր, թէ Աստուծոյ Որդին է որ իրեն հետ կը խօսէր, սակայն հնազանդեցաւ Անոր խօսքին եւ իր առողջութիւնը վերագտաւ, մենք ալ նոյնպէս պէտք է Աստուծոյ խօսքն ու պատուիրանները լսենք ու հնազանդինք Իրեն, այն հաստատ հաւատքով, յոյսով ու համոզումով, որ մե՛նք եւս պիտի բժշկուինք», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Տէրունական աղօթք»ով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022