Կոչ՝ Մասնակցինք Ս. Նահատակաց Յիշատակի Արարողութեանց Ձեռնարկներուն եւ Հանրահաւաքին


Այս շաբաթավերջին, Շաբաթ, 23 եւ Կիրակի 24 Ապրիլին, հայ ժողովուրդը աշխարհի չորս ծագերուն, Հայոց Ցեղասպանութեան 101րդ տարելիցը պիտի նշէ եկեղեցական արարողութիւններով, յուշահանդէսներով, մշակութային ձեռնարկներով ու ցուցական հաւաքներով, խոնարհելու համար մեր Սուրբ Նահատակներուն յիշատակին առջեւ եւ անսասան կամքով պահանջատիրական ձայն բարձրացնելու մեր արդար իրաւունքներուն ի խնդիր:

Սիրելի հայորդիներ,

Կոչ կ’ուղղենք բոլորիդ, որ խուռներամ ներկայութեամբ մասնակից ըլլաք մեր գաղութի Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Մարմինի թէ հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց նախաձեռնած համագաղութային բոլոր արարողութեանց ու ձեռնակներուն։ Մասնաւորաբար Շաբաթ, 23 Ապրիլի կէսօրուան ժամը 1էն 3, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ (Bicknell Park, 901 Via San Clemente, Montebello, 90640) ուր տեղի պիտի ունենայ մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակի արարողութիւն եւ ոգեկոչման հաւաք։ Իսկ Կիրակի, 24 Ապրիլին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի ի յիշատակ սուրբ նահատակներուն: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի նախագահէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը: Ինչպէս ծանօթ է, մեր Եկեղեցին անցեալ տարի, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, սրբադասեց մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակները: Այսուհետեւ, մեր աղօթքներով անոնց բարեխօսութեան պիտի դիմենք, որովհետեւ մեր եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն, սուրբերու յիշատակին հոգեհանգիստ չի կատարուիր:

Կիրակի, յետմիջօրէի ժամը 1ին, տեղի պիտի ունենայ արդարութեան հանրահաւաք՝ Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ (6300 Wilshire Blvd., Los Angeles, 90048):

Վստահ ենք, որ ինչպէս անցեալ տարի, յատկապէս Կիրակի օր, մեր ժողովուրդը միահամուռ կերպով ու մեծաթիւ ներկայութեամբ արձագանգ պիտի հանդիսանայ Հայաստանէն ու այլ օճախներէ բարձրացող պահանջատիրութեան ձայնին, մանաւանդ, որ դեռ երէկ, Ապրիլի առաջին օրերուն, նո՛յն ցեղասպանին լծակցութեամբ՝ Ազրպէյճան դաւադիր յարձակում գործեց Արցախի վրայ, ու հայրենի հողին պաշտպանութեան մարտերուն մէջ ինկած նահատակները գացին միանալու մեր բիւրաւոր նահատակներուն:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022