Օգնութեան Ձեռք Երկարենք Սուրիոյ Հայութեան

Սուրիոյ մէջ աւելի քան 17 ամիսներու իրադարձութիւնները վերջին շաμաթներուն հասած են աղէտալի զարգացումներու ու անոնց ահաւոր հետեւանքները ծանօթ են μոլորիս։ Երկիրը զինեալ դէպքերու կրակէ օղակին մէջ μռնած կացութենէն գլխաւոր տուժողն է անմեղ μնակչութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ հայ համայնքը։

Սուրիոյ Հայ համայնքը ունի դարաւոր պատմութիւն, եւ իր պատմական իրագործումներով, իւրայատուկ տեղ ու ներդրում ունի հայկական գաղթաշխարհի պատմութեան մէջ։ Յատկապէս Ցեղասպանութենէն ետք աւելի մեծ ծաւալ ստացած այս գաղութը, հայավայել աշխատանքով ու ջանասիրութեամμ, ընդհանրապէս μարօր վիճակ կերտած է սեփական ընտանիքներու թէ ազգային կառոյցներու՝ եկեղեցիներու, դպրոցներու հաստատումով։ Այսօր, ծանօթ իրադարձութեանց հետեւանքով, գաղութը մատնուած է տագնապալի վիճակի։ Սուրիոյ մեր գաղութի կազմակերպութիւնները, հաւատարիմ՝ մեր ազգային նկարագիրին, արդէն նախաձեռնած են գաղութի կարիքներուն հասնելու ծրագրուած ու համադրուած հաւաքական աշխատանքին։

Ի տես ստեղծուած վիճակին, հայութիւնը չի կրնար անտարμեր մնալ, այլ կը մղուի գործի, կանգնելու համար Սուրիոյ հայութեան կողքին, պատրաստ է օգնութեան ձեռք երկարելու անոր։

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայութիւնը եւս մտահոգ է սուրիահայ տագնապով։ Հայութեան աշխարհատարած ընտանիքին ոեւէ մէկ անդամին հասած վնաս՝ հաւասարապէս կը ցաւցնէ ընտանիքին μոլոր անդամները՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Հայավայել գիտակցութեամμ պատրաստակամ ըլլանք մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ աջակցելու մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս որ օժանդակութեան ձեռք երկարած ենք Հայաստանին, Արցախին, Լիμանանի, Իրաքի եւ այլ տագնապահար գաղութներու։

Արդ, կոչ կþուղղենք շրջանիս հայութեան, որպէսզի ընդառաջէ Սուրիոյ հայութեան կարիքներուն եւ նուիրաμերէ ի խնդիր Սուրիոյ հայկական օճախին μարօրութեան պահպանման։ Սուրիոյ Հայ գաղութը իր դարաւոր առաքելութիւնը կենսագործած է μարձրաճակատ, այսօր ալ կառչած կը մնայ իր օճախին, իրազեկ է, որ գաղթաշխարհի տարածքին ունի իր անփոխարինելի եւ անկորնչելի տեղն ու դերը, զոր պէտք է պահպանել միահամուռ կեցուածքով։

Այսու կը հաղորդենք մեր ազնիւ ժողովուրդին, որ կազմուած է «Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմին» մը։

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ                        ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍԿ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ                ՎԵՐ. ՅՈՎՍԷՓ ՄԱԹՈՍԵԱՆ
Ս.Դ.Հ.Կ.                                                            Հ.Յ.Դ.
ՌԱԿ                                                                 Հ.Բ.Ը.Մ
ՀՕՄ                                                                  ԱՄԵՐԻԿ. ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԸՆԿ.

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022