«Գոհաբանութեան Տօնը Կը Նշենք Հայոց Ապագայ Յաղթանակներուն Համար». Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

Չորեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2020ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Գոհաբանութեան Տօնին նուիրուած յատուկ արարողութիւն, նախագահութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու, սարկաւագաց դասին եւ դպիրներու: Գոհաբանական արարողութեան պաշտօնապէս ներկայ եղաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հ.Հ. գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան: Ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան Թեմի Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան, Աթոռոյ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան եւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմի ներկայացուցիչներ ու անդամներ:

Պահը սովորականէն աւելի յուզիչ էր, խորապէս յագեցած հայ մարդու ներքին ցաւով, Արցախի համար ափսոսանքի եւ կարեկցանքի կսկիծով: Բնական է, որ ամերիկահայ հաւատացեալներէն շատ շատեր, այդ օր իրենք իրենց մէջ հարցուցած ըլլան, թէ՝ Գոհաբանութեան Տօն, ինչո՞ւ համար…: Այս հարցումին պատասխանը տուաւ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Գոհաբանութեան Տօնին առիթով խօսած իր պատգամին մէջ՝ ըսելով. «Այսօր մենք հաւաքուած ենք այստեղ Գոհաբանութեան Տօնին առիթով, թերեւս մեր մէջ եղող մարդիկ հարց տան մեզի, թէ ինչո՞ւ մենք գոհութիւն պիտի յայտնենք Աստուծոյ: Թերեւս մարդիկ, որ սա պահուն կը հետեւին մեզի համացանցի ճամբով, մտածեն եւ ըսեն՝ «Փառք Ի Բարձունս» կ՛երգուի, եւ ինչո՞ւ մենք այսօր «Փառք Ի Բարձունս» կ՛երգենք: Անոր պատասխանը այդքան յստակ, նոյնքան թափանցիկ է մեր աչքին առջեւ. մենք այսօր գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ եւ փառաբանական երգեր կը բարձրացնենք դէպի երկինք, որովհետեւ կը հաւատանք մեր առջեւ բացուող յաղթանակին: Մենք այսօր գոհաբանական աղօթք կը բարձրացնենք Հայաստան աշխարհին եւ հայ ժողովուրդին, ապագայ յաղթանակներուն համար, որովհետեւ կը տեսնենք այդ յաղթանակը մեր կեանքին մէջ»: Նիւթականացնելով այդ յաղթանակը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շարունակեց իր խօսքը, թէ՝ «ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վերը՝ մեր ժողովուրդին համար, 1600 տարիներ առաջ Վարդան Մամիկոնեանը շեշտեց, որ մեր հայրենիքն է. ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վերը մեր եկեղեցին է, ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վերը մեր ժողովուրդն է, եւ այսօր ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վերը ՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿԻՆ ԹԱՓԱԾ ԱՐԵԱՆ ԳԻՆՆ Է»:

Մէջբերելէ ետք Սաղմոսերգուին գոհաբանական տողերը՝ «Գոհութեան երգ պիտի երգեմ Քեզի, եւ բոլոր սքանչելի գործերդ պիտի թուեմ, ո՜վ Աստուած» (Սղ 26.7), Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց հայ ժողովուրդի անցեալէն եկող եւ մինչեւ այսօր շարունակուող ծանր օրերուն վրայ՝ յիշեցնելով, որ «մեր ազգը 1700 տարիներ շարունակ գոհութեան երգ երգեց Աստուծոյ, արցունքոտ աչքերով, արիւնոտ սրտով, անօթի փորով, ծարաւ բերանով մեր ժողովուրդը կրցաւ գոհութեան երգ երգել Աստուծոյ, Ցեղասպանութենէն սկսեալ մինչեւ մեր ժողովուրդի գողգոթան, մինչեւ Տէր Զօր եւ ի սփիւռս աշխարհի»: Շարունակելով՝ ան նշեց, որ «այսօր չկան՝ ո՛չ սասանեան կայսրութիւն, ո՛չ բիւզանդական կայսրութիւն, ո՛չ հռոմէական կայսրութիւն, ո՛չ մոնկոլներ, ո՛չ թաթարներ, բայց ափ մը Հայաստանը կա՛յ, շնորհիւ իր ժողովուրդի հաւատքին, շնորհիւ մեր ժողովուրդի անքակտելի կապուածութեան՝ երկնքին եւ երկնայիններուն եւ մեր մեծերուն ու յաղթականներուն, որոնք մեզ պահեցին ոտքի՝ նորէ՛ն քալելու յոյսով, նորէ՛ն շարունակելու հաւատքով, որովհետեւ այս ազգին, մե՛ր ազգին պարտութիւն չի վայելեր» եւ իր պատգամը եզրափակեց՝ «Պարտութիւնը թերեւս ներկայ կրնայ ըլլալ մեր կեանքին մէջ, բայց մենք միշտ մենք զմեզ նորոգած ենք յաղթանակի տեսիլքով, այն յոյսով, որ աստուածային խաղաղութիւնը ծիածանի կերպարանքով պիտի կամրջէ մեր կեանքը, Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ մեզի պատկանող Արցախ, եւ ամէն վայր, ուր որ այդ սիրտը հպարտօրէն եւ արդարօրէն կը բաբախէ»:

Պատգամին յաջորդեց «Փառք Քեզ Տէր Աստուած Մեր» շարականի երգեցողութիւնը, որուն ընդմէջէն հոգեւորական դասը հայ ժողովուրդին ներշնչեց իյնալէն ետք մի՛շտ ոտքի կանգնելու եւ կեանքի երթը շարունակելու հաւատք, յոյս եւ կամքի զօրութիւն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022