Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Թեմիս Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային վարչութեան, Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման առիթով, Ուրբաթ, 3 Օգոստոսի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։
Ընդունելութիւն-ընթրիքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Վահէ Եագուպեան ու Կայծակ Զէյթլեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի քաղաքական ներկայացուցիչ՝ Տիար Աւետիք Իզմիրլեան, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի խորհրդական՝ Տիար Ռազմիկ Ստեփանեան, Կլենտէյլի Քաղաքապետ՝ Տիար Զարեհ Սինանեան, Կրօնական Ժողովի եւ Թեմիս Հոգեւորականաց դասու անդամներ, Ազգային Վարչութեան ներկայ եւ նախկին կազմի անդամներ, Հոգաբարձութեանց ատենապետներ ու ներկայացուցիչներ, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներ, ՀՕՄ-ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Համազգային Շրջանային վարչութեան, Հայ Դատի Արեւմտեան Շրջանի, Հ.Ե.Դ.-ի, Հայ Իրաւաբաններու, «Արարատ» Տան, ՍԱՐՖ-ի, Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի ներկայացուցիչները։
Կազմակերպումը վստահուած էր յատուկ յանձնախումբի մը, որուն մաս կը կազմէին Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան եւ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներ։
Ներկաները նախ ընկերային ժամ մը ունեցան Ազգ. Առաջնորդարանի բակին մէջ ու հաճելի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը վայելեցին. շրջափակը զգեցած էր պատշաճ յարդարանք. ապա՝ անցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր տեղի ունեցան ճաշկերոյթը եւ գեղարուեստական յայտագիրը։
Ընդունելութիւնը սկիզբ առաւ «Տէրունական» աղօթքով։
Հանդիսավարն էր Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ համառօտ ակնարկով մը ներկայացուց Թորգոմ Սրբազանին կենսագրութիւնն ու ծառայական կեանքի մանրամասնութիւնները, մաղթելով յարաճուն ծառայական տարիներ, աստուածային իմաստութիւն ու հաւատքով զեղուն կեանք։
Յանուն Ազգ. Վարչութեան, բարի գալուստի ու ողջոյնի խօսք արտասանեց փոխ-ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, որ շնորհաւորեց Թորգոմ Սրբազանի եպիսկոպոսական օծումն ու ձեռնադրութիւնը, վստահութիւն յայտնելով, որ ան երիտասարդական եռանդով, խանդով ու կենսունակութեամբ իր ներդրումը պիտի ունենայ Արեւմտեան Թեմի ծառայական անդաստաններուն մէջ, իր ներոյժը միացնելով Առաջնորդ Սրբազանին ծովածաւալ փորձառութեան։
Յանուն Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, շնորհաւորական խօսք արտասանեց ատենապետուհին՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, որ շնորհաւորեց Թորգոմ Սրբազանի եպիսկոպոսական օծումն ու ձեռնադրութիւնը, նշելով, որ Թորգոմ Սրբազանին եռանդն ու ոյժը, Առաջնորդ Սրբազանին տարիներու փորձարութեան հետ միասին, նոր աւիւն ու ոգեւորութիւն պիտի բերեն մեր Թեմին, ապա, յաջողութիւն մաղթեց անոր առաքելութեան։
Կրօնական Ժողովի եւ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն անունով, սրտի խօսք արտասանեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։ Աստուածաշունչէն մէջբերումներ կատարելով, ան զօրակցական ու շնորհաւորանքի խօսքեր ուղղեց Թորգոմ Սրբազանին, նշելով, որ Հին Կտակարանին մէջ իսրայէլացիք յաղթական դուրս եկան պատերազմներէն միայն այն ժամանակ՝ երբ միաբան էին Մովսէս մարգարէին, ուստի, հոգեւոր պատերազմներէն յաղթական դուրս գալու համար հարկ է միաբանիլ։ Ան ոյժ, կորով ու ծառայութեան երկար տարիներ մաղթեց Թորգոմ Սրբազանին։
Բարեմաղթանքի ու շնորհաւորանքի խօսք արտասանեց նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետն ու Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ու օծման կնքահայր՝ Տիար Կարօ Էշկիեան։ Ան նշեց, որ մեծ բախտաւորութիւն ու երջանկութիւն ունեցած է կնքահայրի պաշտօնի ստանձնումով, իսկ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ու օծման ընթացքին հոգեկան բերկրանքի ու ցնծութեան պահեր ապրած է, ի տես հոգեպարար արարողութեանց հարուստ պատգամին։ Ան նշեց, որ հոգեւորականներուն եւ ի մասնաւորի կուսակրօններուն ծառայական կեանքը այնքան ալ դիւրին չէ, մանաւանդ երբ նկատի առնենք ծառայական ասպարէզի տարողութիւնն ու մարտահրաւէրներու ծանրութիւնը. Տիար Էշկիեան նշեց թէ կնքահօր պարտականութիւնը մնայուն է, ուստի ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեց զօրավիգ ու նեցուկ կանգնելու Թորգոմ Սրբազանին։
Ողջոյնի ու շնորհաւորանքի խօսք արտասանեց նաեւ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն՝ Տիար Վահէ Եագուպեան։ Ան վեր առաւ անբասիր ու տիպար եկեղեցականի ու նուիրեալ ղեկավարի մը յատկութիւնները, նշելով, որ Թորգոմ Սրբազան, խոհեմութեամբ, զգօնութեամբ, համեստութեամբ ու մանաւանդ նախանձախնդրութեամբ յանձն պիտի առնէ Թեմիս դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ իր երիտասարդական եռանդն ու ոյժը ի սպաս պիտի դնէ մեր եկեղեցւոյ ու համայնքին վերանորոգութեան ու պայծառութեան աշխատանքին։
Այնուհետեւ, Թորգոմ Սրբազան, ընկերակցութեամբ Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան ամոլին, հատեց կարկանդակը։
Թորգոմ Սրբազան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ զինք արժանացուց եպիսկոպոսական ծանր եւ պատասխանատու կարգին, նշելով որ, երբ Աստուած անձ մը արժանի կը դարձնէ որեւէ կարգի, Ան նաեւ կþօրհնէ ու կը հովանաւորէ Իր կամքին համաձայն առաջնորդելով զայն։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգ. Վարչութեան բոլոր անդամներուն, գոհունակութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի կազմակերպման եւ արտասանուած խորազգաց խօսքերուն ու բարեմաղթանքներուն համար եւ ողջունեց ներկաները։
Մէջբերելով Ներսէս Շնորհալիի խօսքը՝ «Միութիւն ի կարեւորս…, եւ սէր յամենայնի», Թորգոմ Սրբազան նշեց, որ մեր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր արժէքներն են Հայրենիքը, Եկեղեցին ու ազգային ինքնութիւնը, եւ իբրեւ հայրենիքին, եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայողներ՝ պէտք է միանանք անոնց շուրջ, եւ կողք կողքի, իրարմով զօրացած ու միասնականութեամբ յաղթահարենք բոլոր տեսակի դժուարութիւնները, յարատեւ սէրը ունենալով իբրեւ մեկնակէտ մեր ծառայութեան ու առաքելութեան։ Ան անգամ մը եւս գոհունակ սրտով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, վստահութիւն յայտնելով, որ իր յառաջիկայ քայլերը պիտի իրագործուին հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան փառք տալով Աստուծոյ ողջունեց ներկաները, ապա, գնահատեց Կրօնական Ժողովի, Ազգ. Վարչութեան եւ ձեռնարկի յանձնախումբի բոլոր անդամները ու գոհունակութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի կազմակերպման եւ արտասանուած ջերմ, հարազատ, անկեղծ ու խորազգաց խօսքերուն ու բարեմաղթանքներուն համար։ Ան նշեց, որ Շնորհալի Հայրապետին բառերով միութիւնն ու սէրը կարեւորագոյն գործօններն են յաջողութեան, յառաջդիմութեան եւ Թեմի հոգեւոր կարիքները հոգալու առաքելութեան մէջ, մաղթելով, որ Թորգոմ Սրբազան իր կեանքի այս փուլին եւ ընդմիշտ առաջնորդուի նոյն ոգիով եւ վայելէ ամբողջական զօրակցութիւն ու թարմ շունչով ու ոգիով շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ նուաճելով բարձր գագաթներ եւ ստանձնէ աւելի պատասխանատու պաշտօններ։ Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Թորգոմ Սրբազան մնայուն սիրով ու հարազատ հոգիով իր ծառայութիւնը ի սպաս դնէ Աստուծոյ փառքին, եկեղեցւոյ պայծառութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի վերելքին, Արեւմտեան Թեմի շինութեան եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու ազգային կեանքի բարօրութեան։
Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժին, զոր իրագործեցին Կրէկ Հօշարեան (դաշնակ) եւ Հերմինէ Ամիրեան (երգ)։
Մեծարանքի երեկոն վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով, «Մաղթերգ Հայրապետական»ով ու «Մեր Հայրենիք»ով: