Դեսպան Ճէյմս Ուորլիք Ազգ. Առաջնորդարան Այցելեց


Ուրբաթ, 2 Մայիսի 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի այցելութիւնը։ Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամ Տիար Վահան Պզտիկեան եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան Շրջանի կառավարական յարաբերութեանց վարիչ Օր. Թերեզա Երիմեան։

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց պատուարժան հիւրին իր տուած այցելութեան ու Հայ գաղութին հետ երկխօսութեան համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց իր առարկայական մօտեցումը եւ ճշմարտութեան յաձնառութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը մտահոգութիւն յայտնեց Հայկական եկեղեցիներու, գերեզմաններու եւ պատմական յուշարձաններու եւ մշակութային կոթողներու աւերման մասին, որոնք պատճառ կը դառնան Հայկական ինքնութիւնը ջնջելու այն տարածքներէն, ուր դարեր շարունակ հայեր ապրած են։

Դեսպանը համաձայն գտնուեցաւ, որ այս քանդումները մտահոգիչ են եւ միջոցներ պէտք է առնուին պահպանելու համար մշակութային ժառանգութիւնները։ Իսկ Արցախի մասին անդրադառնալով, ան հաստատեց, որ թէեւ շատ դժուար հարց է, սակայն ինք կը յուսայ, թէ իսկական բանակցութիւններով կարելի է լուծման հանգիլ, եւ հաստատեց իր յանձնառութիւնը մնայուն խաղաղութեան եւ ապահովութեան հասնելու համար։

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Դեսպանի ճիգերուն համար եւ աւելցուց թէ սփիւռքահայութիւնը մտահոգութիւններ ու ակնկալութիւններ ունի, որոնք պէտք է նկատի առնուին։ Այս աոիթով, Առաջնորդ Սրբազանը յարգելի հիւրին յանձնեց արուեստագէտ Հրայր Բազէի “Երկիր 2 Երկիր” նկարչական ալպոմը եւ Ճափոնի մօտ Հայաստանի անդրանիկ Հանրապետութեան դեսպան Տիկին Տայանա Աղաբեկ Աբգարի “From the Book of One Thousand Tales; Stories of Armenia and its People, 1892-1922”-ի գիրքը։

Յայտնենք նաեւ, որ Հինգշաբթի 1 Մայիսին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ գտնուեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած Դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի հետ յատուկ ընդունելութեան եւ հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Կեդրոնին մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022