Հայ Դատի Պըրպէնքի Յանձնախումբին 9-րդ Տարեկան Ձեռնարկը


Հայ Դատի Պըրպէնքի յանձնախումբը Կիրակի, 21 Մայիս 2017-ի երկոյեան «Անուշ» ճաշարանին մէջ կազմակերպած էր իր տարեկան 9-րդ ձեռնարկը, որուն ընթացքին պատիւի արժանացուց մեր Դատին ու ընդհանրապէս մարդկային ընկերութեան ծառայող ազգայիններ ու անձնաւորութիւններ։

Ճէս Թալամանթէս արժանացաւ Ուիլիըմ Սարոյանի անուան մրցանակին, Արաքսիա Կարապետեան՝ Հրանդ Տինքի անուան մրցանակին, Լոս Անճելըսի Մանուկներու հիւանդանոցը՝ Եոհաննէս Լեփսիուսի անուան մրցանակին, Անի Ղարիպեան եւ Նազելի Խոտապախշ՝ Գարեգին Նժդեհի անուան մրցանակին։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան կատարեց բացման աղօթքը, իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ շնորհաւորեց մեծարեալները։ Ան ողջունեց կազմակերպիչ յանձնախումբն ու ձեռնարկին մասնակից գործակիցները, որոնք այս ձեռնարկով կը պատուեն ազնիւ եւ օրինակելի ծառայութիւններ մատուցողները։ Ան բարձր գնահատեց Հայ Դատի Պըրպէնքի յանձնախումբի կամաւոր անդամներն ու ծառայողները, որոնք անդուլ կերպով կ’աշխատին մեր Դատի ծանօթացման եւ հետապնդման համար, երախտագիտութիւն արտայայտեց պետական ընտրեալ պաշտօնատարներուն, անոնց զօրակցութեան եւ միասնականութեան համար։ «Այս երեկոյ, մասնաւորաբար կ’ողջունենք ու կ’օրհնենք պատիւի արժանացող նուիրեալ ծառայողները, որոնք իրենց ձիրքերն ու կարողութիւնները ի սպաս կը դնեն հասարակաց նպատակներու, ի խնդիր հայ-ամերիկեան հաւաքականութեան բարելաւման», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ բոլորին պարգեւէ առողջութիւն, ուժ եւ իմաստութիւն, «որպէսզի միասնաբար շարունակենք ծառայել վերանորոգ մղումով եւ նուիրուածութեամբ, իրագործելու համար մեր հասարակաց նպատակները»։

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց կազմակերպիչ յանձնախումբի համա-ատենապետուհի Տիկին Սիւզի Օհանեան։ Հանդիսավարը՝ Կլենտէյլի քաղաքապետութեան քարտուղար Տիար Արտաշէս Քասախեան արտասանեց ողջոյնի խօսք։ Կազմակերպիչ յանձնախումբին խօսքը արտասանեց համա-ատենապետուհի Տիկին Վիքի Մարաշլեան։ Գեղարուեստական յայտագիրը ունէր հայկական տոհմիկ պարերու բաժին։ Ապա, տեղի ունեցաւ պարգեւատրումը։ Հայ Դատի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբին խօսքը արտասանեց ատենապետուհին՝ Տիկին Նորա Յովսէփեան, իսկ Պըրպէնքի մասնաճիւղին խօսքը՝ համա-ատենապետ Տիար Զարեհ Խաչատուրեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ