Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Ճաշկերոյթը

Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր 2019-ին, «Beverly Hilton» պանդոկէն ներս տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ պետական անձնաւորութիւններու, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ բարեկամներու:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին եւ կատարեց բացման աղօթքը։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ։

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս մեծարանքի արժանացան հայ թէ օտար անձնաւորութիւններ, որոնք նկատառելի ներդրումներ ունեցած են մեր Դատի հետապնդման աշխատանքներուն։ Յետ մահու յատուկ յարգանքի եւ երախտագիտութեան արժանացաւ ազգային բարերար Յակոբ Պաղտասարեանը։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ քայլերգներու երգեցողութեամբ, կատարողութեամբ Անահիտ Ներսէսեանի։

Առաջնորդ Սրբազանը բացման աղօթքին մէջ նախ փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ միասնաբար անգամ մը եւս հաւաքուելու եւ մեծարելու այն նուիրեալները, որոնք անշահախնդրօրէն կը ծառայեն ի խնդիր Հայ Դատի աշխատաքներու յարատեւ ծաւալման։ Ան օրհնեց ու գնահատեց Հայ Դատի ղեկավարութիւնը, պաշտօնէութիւնը եւ բոլոր այն կամաւորները, որոնք ո՛չ միայն Հայ Դատի ձայնը լսելի կը դարձնեն, այլեւ այն ցեղային փոքրամասնութեանց ձայնը, որոնք ցայսօր հալածանքներու, անարդարութեան կ՛ենթարկուին եւ ցեղասապանութեան զոհ կը դառնան։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ դրուատեց այս տարուայ մրցանակ ստացողները, որոնք իրենց նպաստը բերած են Հայ Դատի եւ մեր համայնքի կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ պետական մարմինները՝ իրենց զօրակցութեան համար եւ բարերարները՝ իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեան համար։ Իր խօսքի ընթացքին, ան յիշատակեց Յակոբ Պաղտասարեանը, «որուն բացակայութիւնը խորապէս կը զգացուի մեր գաղութի եւ ազգային կեանքին մէջ, Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ, բայց որուն անսակարկ ծառայութիւնն ու կատարած բարերարութիւնները երբեք պիտի չմոռցուին»։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց Տիրոջմէ խնդրելով, որ Ան առաջնորդէ մեր ազգը՝ մեր նպատակները իրականացնելու եւ մեզ Իր հովանիին տակ պահպանելու։

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Մարի Ֆիլիփեան։ Յաջորդաբար խօսք առին Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետուհի իրաւաբան Նորա Յովսէփեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վարուժան Ներսէսեան։

Տեղի ունեցաւ պարգեւներու բաշխում։

Փակման խօսքը արտասանեց Քալիֆորնիոյ փոխ կառավարիչ Էլենի Քունալաքիս։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022