Հայ Դատի Յանձնախումբի Վարչութեան Ներկայացուցիչներ Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի վարչութեան անդամներ՝ Տիկին Հերմինէ Բախանեանցի, իրաւաբան Լինա Դաւիթեանի եւ Տիար Րաֆֆի Սարգիսեանի ու կառավարական հարցերու վարիչ Տիար Արսէն Շիրվանեանի։

Այցելութեան նպատակն էր ներկայացնել Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի աշխատանքները, յատկապէս կեդրոնանալով յառաջիկայ Ապրիլին տեղի ունենալիք մարդահամարին վրայ։ Ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ փոխանցեցին, թէ ցայսօր ի՛նչ քայլեր առնուած են մարդահամարին ամերիկահայերու ճշգրիտ թիւը արձանագրելու համար, ինչպէս նաեւ անդրադարձան մեր Թեմի եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ գաղութի կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութեան՝ Հայ-Ամերիկեան Մարդահամարի Ամբողջական Յանձնախումբի միջոցաւ։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի գործունէութիւնը՝ նշելով, որ Ազգ. Առաջնորդարանը արդէն իսկ վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին, մարդահամարին մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցած է բոլոր ծխական շրջաններուն եւ կրկին շեշտեց իր շարունակական զօրակցութիւնն ու համագործակցութիւնը յոյժ կարեւոր այս ծրագիրին յաջողութեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022