Ազգ. Ֆերահեան, Մ. Գապայեան եւ Ա. Փիլաւճեան Վարժարաններու Տարեկան Ճաշկերոյթը

Շաբաթ, 24 Փետրուար 2018-ին, Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի, Մարի Գապայեան նախակրթարանի եւ ՀՕՄ-ի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Vertigo ճաշասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Այս տարի, Ուսումնական Մարմինը պատիւի արժանացուց վարժարանի նախկին աշխատակիցներէն՝ Տիկնայք Այտա Պաղտայեանը եւ Յասմիկ Բրուտեանը, իրենց աւելի քան 25 տարիներու նուիրեալ ծառայութան համար։

Հանդիսավարն էր վարժարանի Ուսումնական Մարմինի անդամ Տիար Նիկոլ Մանուկեան։ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը: Յանուն Ուսումնական Մարմինին, խօսք առաւ Տոքթ. Ռազմիկ Քրումեան եւ անդրադարձաւ վարժարանի առաքելութեան ու իրագործումներուն։ Տիար Վահէ Պէնլեան հակիրճ կերպով ներկայացուց երկու պարգեւատրեալներուն վաստակը եւ անոնց յանձնեց յուշատախտաներ (Տիկին Յ. Բրուտեանին՝ ի բացակայութեան)։ Վարժարանի իրագործումներուն եւ ընթացիկ աշխատանքներուն մասին խօսեցաւ Ազգ.
buy antabuse online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/uk/antabuse.html no prescription

Ֆերահեան երկրդ. վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկին Սօսի Շանլեան, որ յայտնեց, թէ այս տարի, վարժարանին մէջ յատուկ մրցանք մը կազմակերպուած է հայկական թագաւորական ընտանիքներուն՝ հարստութեանց մասին, իբրեւ մեր պատմութեան հետ աւելի սերտ հաղորդակցութեան միջոց։ Գնահատանքի եւ զօրակցութեան խօսքեր արտասանեցին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն Փօլ Գրիգորեան եւ Կլենտէյլի հանրային վարժարաններու վարչական պատասխանատուներէն Կրէկ Գրիգորեան։

Օրհնութեան եւ գնահատանքի իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Սան Ֆերնանտօ հովիտ շրջանին մէջ իբրեւ լուսատու փարոս կանգնած այս ուսումնարաններուն մարդակերտ ու հայակերտ առաքելութեան ու անոնց յարկին տակ ծառայողներուն վաստակին մասին, գոհունակութիւն յայտնեց, որ վարժարանը մեր թագաւորութիւններուն մասին մրցանք կազմակերպած է, մանաւանդ, որ այս տարի կը տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Ան շեշտեց, որ մեր հաւաքական կեանքը աւելի ամուր հիմերու վրայ կը զարգանայ, եթէ համայնք-եկեղեցի-դպրոց-ընտանիք գործակցութիւնը սերտանայ եւ ներդաշնակօրէն ընթանայ։ Ան վեր առաւ հայկական այս ուսումնարանին 54 տարիներու ծառայական առաքելութիւնը, գնահատեց տնօրէնները, դաստիարակներն ու բոլոր ծառայողները եւ մաղթեց, որ վարժարանին երթը շարունակուի աննահանջ թափով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022