Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Տարեկան Ճաշկերոյթ


Շաբաթ, 29 Հոկտեմբեր 2016-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, տեղի ունեցաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը՝ «Կրէյթ Սիզըր» սրահին մէջ:

Ճաշկերոյթին ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն՝ Տիար Աւօ Քէշիշեան եւ Տիկին Թերէզ Քէմանճեան, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի թեկնածու Տիար Էնթընի Փորթանթինօ, միութենական ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ եկեղեցւոյ սատար հանդիսացող բազմաթիւ ծխականներ։

Բացման խօսքը արտասանեց եւ հանդէսը վարեց Տիկին Վարդուկ Աւետիքեան. Ան խօսեցաւ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ծառայութեան կարեւորութեան մասին, ապա, հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանը կատարելու սեղաններու օրհնութիւնը։

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Գօգօ Փանոսեան, որ ողջունեց Սրբազան Հայրը, Հոգեւոր Հովիւը, միութիւններու ներկայացուցիչներն ու բոլոր ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց սատարողներուն եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ Էնթընի Փորթանթինօ։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց եկեղեցւոյ բոլոր ծառայողները՝ Հոգեւոր Հովիւը, հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան անդամները, Դպրաց Դասն ու բարերարները։ Ան դրուատիքով խօսեցաւ եկեղեցւոյ ծառայական կեանքին մէջ նուիրեալներու վաստակին մասին, ապա, կանգ առաւ Եկեղեցի հասկացութեան եւ անոր անսակարկ ծառայելու չորս նախապայմաններուն վրայ։ Առաջին՝ Եկեղեցին մէկ ամբողջական ընտանիք է, որուն զաւակները հաւատքով, յոյսով եւ սիրով պէտք է ծառայեն Աստուծոյ։ Երկրորդ՝ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս հրամայական են հաղորդակցութիւնն ու միասնականութիւնը. «Եթէ մեր եկեղեցին հաղորդականութիւն, հաղորդակցութիւն, միութիւն եւ միասնութիւն է, ուրեմն մեր երթը մէկ ուղղութեամբ պէտք է ընթանայ եւ այդ ուղղութիւնը հաւատքի ճանապարհն է, որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի Աստուած», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը։ Երրորդ՝ Առաքեալին հաստատումով՝ «ինչպէս որ եկեղեցին մարմին է իսկ անոր գլուխը Քրիստոս, ուստի մարմնի անդամները պէտք չէ ցաւ պատճառեն իրարու, այլ առողջ եւ ողջամիտ ըլլան ի խնդիր Աստուծոյ հօտի բարգաւաճման»։ Իսկ չորրորդ՝ եթէ մենք Աստուծոյ մէկ եւ միակ հօտին անդամներն ենք, պէտք է մեր հաւատքի ծառայական կեանքին մէջ ըլլանք միասին՝ սատար հանդիսանալով եւ օգնելով իրարու, եւ այս բոլորին կարելի է հասնիլ սիրելով զԱստուած ամբողջ սրտով, ամբողջ հոգիով եւ ամբողջ մտքով, նոյն ձեւով սիրելով նաեւ մեր նմանը։

Երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022