Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաա. Եկեղեցւոյ Տարեկան Ճաշկերոյթ

Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2019-ին, Կլենտէյլի »Impressions« սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան։

Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։

Բացման խօսքը արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիար Տիգրան Տէր Սարգիսեան։ Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեցին Առաջնորդական փոխանորդն ու եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Հոգաբարձութեանը խօսքը փոխանցեց Դոկտ. Զարմինէ Նագգաշեան։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց ու գնահատեց ծխական ընտանիքի բոլոր անդամները իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար։ Ան նշեց, որ 14 տարի շարունակ ծուխի մը գոյատեւումը, առանց սեփական եկեղեցի ունենալու, կ’ենթադրէ հետեւողական եւ անդուլ ճիգեր, որ իրագործուեցաւ շնորհիւ ծուխի հոգեւոր եկեղեցւոյ աշխոյժ կեանքին։ Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ տարի ծխական համայնքը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 15-ամեակը նշելու, Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց, որ բոլորն ալ շարունակեն իրենց ծառայութիւնը, այն յոյսով, որ մօտիկ ապագային ծուխը ունենայ իր սեփական եկեղեցին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022