Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Աշակերտները Վերանորոգեցին Պահանջատիրութեան Ուխտը Ազգ. Առաջնորդրանի Ս. Նահատակաց Յուշակոթողին Առջեւ

Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի աշակերտները Երեքշաբթի, 9 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով խումբ-խումբ քայլարշաւով Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին եւ Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ վերանորոգեցին մեր պահանջատիրութեան ուխտը: Արդարութեան Քայլարշաւի խորհրդանիշը կրող շապիկներ հագած, աշակերտները քալելով հասան Ազգ. Առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին կողմէ, կողքին ունենալով Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան ու Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։

Աշակերտներուն կ՛ընկերանային վարժարանի տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, փոխ-տնօրէնուհին՝ Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեանի, դաստիարակներ եւ ծնողներ։ Անոնք առաջին հերթին ծաղիկներ զետեղեցին նահատակներու յուշարձանին առջեւ։ Այնուհետեւ, հանդէս եկան հայրենասիրական երգերով ու ասմունքներով։ Աշակերտական խորհուրդին կողմէ խօսք արտասանեց Քրիստին Աւագեան։ Հայոց լեզուի դասատուներ եւս խօսք առին եւ ոգեւորեցին աշակերտները։

Առաջնորդարանի շրջափակը ցնծաց աշակերտներու խանդավառ բացագանչութիւններով, կենդանութիւն պարգեւելով շրջապատին։

Յատկանշական էր նախակրթարանի կրտսեր աշակերտներուն բարձրաձայնած խոստումը, որոնք իրենց երկնաբարձ բռունցքները ճօճելով կրկնեցին՝ «Ամէն օր հայերէ՛ն խօսիլ։ Հայերէ՛ն աղօթել։ Հայերէ՛ն կարդալ։ Մեր պատմութիւնը լա՛ւ սորվիլ։ Մեր արդար դատը պահանջե՛լ, մինչեւ, որ մեր գրաւուած հողերն ու Արարատ լեռը, միանան մայր հայրենիքին՝ ՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ»։

Առաջնորդ Սրբազանը երեք խումբերով ներկայացած աշակերտներուն հերթաբար իր պատգամը ուղղեց յիշեցնելով, որ կը գտնուինք Ծաղկազարդի եւ Ս. Յարութեան տօներու նախօրէին, որոնք մեզի կը պատգամեն չարին դէմ բարիին եւ մահուան դիմաց Յարութեան յաղթանակը։ Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ կը գտնուինք Ապրիլ 24ի նախօրեակին եւ հաւաքուած ենք ոգեկոչելու համար մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակը։ «Ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակները իրենց կեանքը զոհեցին յանուն ազգին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին» նշեց ան եւ յորդորեց հաւատարիմ մնալու մեր լոյս հաւատքին, Ս. Նահատակաց կտակին, ապրելով հայօրէն, սիրելով հայրենիքը, հայոց լեզուն ու մշակոյթը, ըլլալով պահանջատէր։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր թելադրութեամբ, 8-րդ կարգի աշակերտներէն Շանթ Քութնուեան եւ Սելին Հէմէլեան իրենց զգացումները արտայատեցին օրուան խորհուրդին մասին։ Անոնք խօսեցան մեր պահանջատիրական պայքարին մասին եւ միակամ ոգիով հաւատարիմ մնալու մեր հաւատքին, հայրենիքին եւ ազգային արժէքներուն։

Ապա, աւարտականի 8-րդ կարգի աշակերտները ուղղուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ստանալու համար Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը իրենց Հայաստան ուխտագնացութեան նախօրեակին։ Աշակերտները ելոյթ ունեցան պարով, երգով եւ ասմունքով։

Առաջնորդ Սրբազանը գեղեցիկ զուգադիպութիւն մը համարեց, որ Հայաստան ուխտագնացութեան վաղորդայնին, աշակերտները կը գտնուէին Ազգային Առաջնորդարան, բացատրելով, որ մենք բախտաւոր ազգի մը զաւակներն ենք, որովհետեւ Աստուած ի՛նք էջք կատարած է Հայաստան աշխարհը եւ ոսկէ մուրճով ամրագրած առաջին եկեղեցւոյ կառուցման վայրը։ Ան գնահատեց աշակերտներուն ելոյթները, յատկապէս «Ուխտ Արարատին»ը, աղօթելով որ Աստուած օրհնէ զանոնք յիշեցնելով, որ մեր ուխտերը չեն վերանորոգուիր եթէ մեր ուխտը Աստուծոյ հանդէպ չնորոգենք։ «Դուք մեր դատի ուխտը վերանորոգեցիք, Արարատը պիտի տեսնէք եւ Քրիստոնէութեան լոյսին ընդմէջէն ձեր հաւատարմութեան ուխտը պիտի վերանորոգէք եւ մեր իրաւունքները ձեռք պիտի բերուին մինչեւ հասնելու Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին» եզրափակեց ան։

«Կիլիկիա» մաղթերգի ու «Մեր Հայրենիք» քայլերգի երգեցողութեամբ եւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին։

Մեկնումի պահուն, աշակերտները ստացան յուշանուէրներ։

Յայտնենք, որ քայլարշաւէն առաջ, արդէն իսկ աւանդոյթի վերածուած ծառատնկումի եւ մոմավառութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած էր վարժարանի շրջափակին մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022