Շաբաթ 11 Մայիս 2019-ին, Արարատ Տան հիմնադրութեան 70-ամեակի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ կառոյցի «Տէօքմէճեան» հանդիսասրահէն ներս, «Յիշենք անցեալը, կառուցենք ապագան» խորագիրով։ Ձեռնարկին ընթացքին յայտարարուցաւ նոր շէնքի շինարարութեան ծրագիրը։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան մասնակից եղաւ ձեռնարկին եւ ներկայ հոգեւորականներուն հետ միասին կատարեց բացման աղօթքը։