«Հոգեմատեան»ի Ողջունահանդէսը Եղաւ Կորիւն Սրբազանի Յիշատակին Յարգանքի Արդար Արտայայտութիւն Մը

Հոգելոյս Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի «Հոգեմատեան» հատորին ողջունահանդէսը, Հինգշաբթի, 11 Հոկտեմբերի երեկոյեան, եղաւ արժանաւորին յարգանքի մատուցման արդար արտայայտութիւն մը, անգամ մը եւս լուսարձակի տակ բերելով մեզմէ առյաւէտ բաժնուած հոգեւորականին, մտաւորականին, բանաստեղծին եւ գիտաշխատողին արժանիքներն ու անժամանցելի ժառանգութիւնը։

Ողջունահանդէսը կազմակերպուած էր Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբին եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին գործակցութեամբ ու կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, Համազգային Շրջ. վարչութեան ատենապետ Տիկին Սեդա Սիմոնեան եւ անդամներ, «Նոր Ջուղայի Զարթօնք Միութեան» ներկայացուցիչներ, հոգելոյս Սրբազանին եղբայրը՝ Տոքթ. Մհեր Պապեան եւ հարազատներ, ծանօթ պատմաբան Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով գրասէր հայորդիներ։

Երեկոն սկսաւ հոգեւորականաց դասուն կողմէ Տէրունական Աղօթքի արտասանութեամբ. «Հոգւոց» աղօթք բարձրացուեցաւ հոգելոյս Սրբազանին յիշատակին։ Յանուն Ազգ. Առաջնորդարանի յանձնախումբին, ողջոյնի խօսք արտասանեց Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, ողջունեց ներկաները, յիշեցուց, որ մեր եկեղեցին, վանքերն ու սրբազան հայրերը դարեր շարունակ եղած են մեր մշակոյթի արարման ու պահպանման ջահակիրները, իսկ այս երեկոն նուիրուած է նման ջահակիրի մը մէկ աւանդին՝ «Հոգեմատեան» հատորին, հրատարակուած յետ մահու։ Ան հրաւիրեց յանձնախումբի անդամներէն Օր. Զեփիւռ Յովհաննէսեանը, որպէսզի վարէ յայտագիրը։

Իր կարգին ողջունելով ներկաները՝ Օր. Յովհաննէսեան հրաւիրեց Համազգայինի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ Տիար Էդիկ Ալավէրդեանը, որպէսզի ներկայացնէ իր սրտի խօսքը։ Վերջինը գոհունակութիւն արտայայտեց, որ առիթը ստեղծուած է Ազգ.
buy premarin online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/premarin.html no prescription

Առաջնորդարանին ու Համազգայինին միջեւ գործակցութեամբ խոնարհելու հոգելոյս Սրբազանին յիշատակին։ Ան յիշեցուց, որ Համազգայինը տասնամեակներ շարունակ լծուած է Հայ մշակոյթի տարածման, մասնաւորաբար հրատարակչական ասպարէզի ճամբով, ապա կանգ առաւ հոգելոյս Սրբազանին արժանիքներուն վրայ, հաստատելով, որ ան առասպելական անձնաւորութիւն մըն էր, աշխատանքի ու նուրբ դիւանագէտի տիպար մը, որ Նոր Ջուղայի մէջ առաջնորդական առաքելութեան կոչուեցաւ 1970-ականներու վերջերուն, երբ Իրան կ’ապրէր փոթորկալի տարիներ, ան յաջողեցաւ լաւ յարաբերութիւններ մշակել նոր իշխանութիւններուն հետ ու սատարել հայութեան հաւաքական կեանքի անխափան շարունակման, ստեղծեց բարի ժառանգութիւն։

Հատորին ներկայացումը կատարեց վաստակաշատ դաստիարակ եւ ազգային գործիչ Տիար Սարօ Նազարեան, որ անցեալին, Նոր Ջուղայի մէջ, եղած է հոգելոյս Սրբազանին գործակիցներէն։ Ան յաջողեցաւ կարճ ժամանակի մէջ ոչ միայն լիարժէքօրէն խօսիլ գիրքին բաժիններուն մասին, այլ նաեւ յուշերու ճամբով ներկայացուց հոգելոյս սրբազանին մտաւորականի ու հայութեամբ բաբախող սիրտ մը ըլլալու արժանիքները։ Ան ընդգծեց, որ Կորիւն Սրբազանը մարմնաւորում մըն էր Սիմոն Վրացեանի «անձինք նուիրեալք» արտայայտութեան, որովհետեւ անոր կեանքն ու գործը եղան ամբողջական նուիրում մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու մասնաւորաբար մեր մշակոյթին ու գիրին։ Ան հանգամանօրէն, եւ հատորէն քաղուածաբար ընթերցումներ կատարելով՝ ներկայացուց գիրքին ներքին բաժինները. առաջին բաժինը կը բովանդակէ բանաստեղծական էջեր, որոնք կ’արտայայտեն խոհական ապրումներ, բնութեան նկարագրական ու անկէ ներշնչում, համամարդկային տագնապներ ու անոնց շուրջ խորհրդածութիւններ, խոկումներ, անոնց մէջ կարելի է տեսնել մեր մեծ բանաստեղծներու գրաւոր ժառանգութեանց արձագանգները։

Հատորին արձակ էջերը կազմուած են հոգեւոր խորհրդածութիւններէ, մշակութային-դաստիարակչական հարցեր շօշափող էջերէ ու Նոր Ջուղայի մասին քանի մը ուսումնասիրական աշխատութիւններէ, որոնք լոյս կը սփռեն մշակութակերտ հայրերու եւ դէմքերու, դարաւոր տպարանին ու անոնց ժառանգութիւններուն վրայ։ Ան յիշեց, որ Կորիւն Սրբազանը սկզբնապէս 6 ամիս ծառայութեան համար առաքուած էր Նոր Ջուղա, սակայն հոն ծառայեց 25 տարի, սիրեց ժողովուրդը, սիրուեցաւ անկէ ու վայելեց բոլորին յարգանքը, շնորհիւ իր աշխատասիրութեան ու քաղաքի դարաւոր ժառանգութեանց նուիրուած իր աշխատանքներուն։ Ան իր խօսքը եզրափակեց համոզում յայտնելով, որ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այս երեկոյ եւ ընդմիշտ՝ հոգելոյս Սրբազանը մեզի հետ է ու պիտի մնայ իր ծառայական վաստակով, գործերով, քրիստոնէական ու հայրենասիրական պատգամներով։

Գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուցին Ալէն Տիշիքըրըքեան, դաշնակի վրայ նուագելով Պապաճանեանէն երկու կտոր, եւ Տիկին Սիւզի Մազմանեան՝ մեր հոգեւոր մշակոյթի գոհարներէն շարականով մը եւ Երեւանի նուիրուած երգով մը։

Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրելէ առաջ, հանդիսավարը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Մուշեղ Սրբազանին՝ հատորին հրատարակութեան նախաձեռնութեան ու նպաստին համար, նաեւ Համազգայինի Շրջ. վարչութեան ու Գրական միաւորին, երեկոյի կազմակերպման համար։

Փակման խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան ողջունեց ներկայացուցչական դէմքերն ու հիւրերը, նկատեց, որ գրասէրներն ու մշակութասէրները լաւ քայլ մը առած էին այս ձեռնարկին ներկայ ըլլալով, գնահատեց Տիար Նազարեանի գեղեցիկ եւ խորաթափանց ներկայացումը, նշելով, որ այս առաքելութեան համար լաւագոյն ընտրութիւնը կատարուած էր. նմանապէս՝ գնահատանքով արտայայտուեցաւ գեղարուեստական բաժինը մատուցողներուն ու յայտագիրը ներկայացնող՝ յանձնախումբի անդամներուն եւ ձեռնարկը կազմակերպող զոյգ միաւորներուն մասին։ Ան յիշեցուց, որ նախորդ երեկոյեան, նոյն սրահին մէջ տեղի ունեցած էր մեր Թեմի հոգեւորականներու եւ ծխական շրջաններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպում մը, որ նուիրուած էր Հիւսիսային Ամերիկայի ու մեր Թեմի հիմնադրութեան՝ յաջորդաբար 60-րդ 45-րդ տարեդարձներուն, իսկ հոգելոյս Կորիւն Սրբազանը շուրջ 60 տարիներու նուիրեալ աշխատանքով պատկառելի վաստակ մը կերտած է Ս. Աթոռոյս ու անոր թեմերու ծառայական կեանքին մէջ։ Ան կը պատկանէր սերունդի մը, որ խօսքով, գործով ու գրիչով միշտ ներկայութիւն էր մեր կեանքին մէջ։ Նկատեց, որ այս ձեռնարկը կը զուգադիպի Թարգմանչաց տօնի նախօրեակին։ 1961-ին քահանայական ձեռնադրութեան արժանանալով՝ հոգելոյս սրբազանն ու օծակիցը օրուան կաթողիկոսին՝ երանաշնորհ Տ. Զարեհ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ արժանացած էին մեր մշակոյթի հիմնադիրներէն Ս. Մեսրոպի ու գործակիցներուն անուններուն, ու անոնց կեանքը եղաւ այդ կոչումին արժանի նուիրում եւ արդար կենսագործում։ Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց, որ ներկայացուող հատորը լոյս ընծայուած է Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլանի անուան հիմնադրամին կողմէ, իսկ Ազգ. Առաջնորդարանս ալ կը վայելէ նոյն բարերարներուն հոգածութիւնը, իբրեւ մէկ հիմնադիր բարերարը Ազգ. Առաջնորդարանիս նոր շէնքին։ Իր խօսքի վերջին բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը յուշերով վերադարձաւ դպրեվանքի ուսանողութեան իր օրերուն, երբ ծանօթացած է հոգելոյս Կորիւն Սրբազանին ու հետագային որոշ գործակցութիւն ունեցած է անոր հետ, վկայեց, որ ան շէնշող եւ կենսուրախ ներկայութիւն եղած է ամէն տեղ, իր հաղորդականութեամբ, հռետորութեամբ, բանաստեղծական խառնուածքով, ասմունքով ու երգով ծաղկեցուցած է հանդիպումներ։ Այս երեկոյի սկզբնաւորութեան, յատուկ աղօթք մատուցուեցաւ անոր յիշատակին, որ անջնջելի պիտի մնայ բոլորիս մէջ, գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս հատորը լոյս տեսած է Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումին, Տոքթ. Մհեր Պապեանի նախանձախնդիր հետապնդումներուն ու Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեանի խմբագրական աշխատանքին շնորհիւ։ Ան իր խօսքը եզրափակեց բոլորին հետ խոնարհելով Կորիւն Սրբազանին յիշատակին առջեւ եւ ձայնակցեցաւ բանախօսին այն ակնարկութեան, որ հոգելոյս Սրբազանը կը պատկանէր Հռիփսիմեանց նուիրուած շարականին բառերով մարմնաւորուած «Անձինք Նուիրեալք» սերունդին։

Իր յարգանքի խօսքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ մեր Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը, իր տարեկան նստաշրջանին, բարի աւանդութիւն մը ունի պատուելու նուիրեալ ծառայողներ, այս տարի յուշանուէրի արժանացողներէն մէկն էր Տիար Նազարեան, իբրեւ վաստակաւոր դաստիարակ եւ ազգային գործիչ, սակայն այդ օրերուն քաղաքէն դուրս ըլլալուն, չէր ստացած իր յուշանուէրը. այս երեկոն յարմարագոյն առիթը հանդիսացաւ զայն յանձնելու։ Ան բեմ հրաւիրեց նուիրեալ ուսուցիչը եւ յանձնեց յուշանուէրը։

Երեկոն աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։ Ներկաները վայելեցին պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ անվճար ստացան հատորէն օրինակներ, իսկ անոնց կատարած սրտաբուխ նուիրատուութիւնները Տոքթ. Մհեր Պապեանի կողմէ պիտի տրամադրուին Կաթողիկոսութեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022