Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան Նշանակուեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ


Ուրախ ենք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան նշանակուած է Նորթ Հոլովուտի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:

Տ. Նարեկ Աւ. Քահանայ Արեւմտեան մեր Թեմին մէջ ունի շուրջ երկու տասնամեակներու ծառայութիւն. եղած է Փասատինայի Ս. Սարգիս, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ, իսկ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր կը ծառայէ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, իբրեւ Առաջնորդ Սրբազանի օգնական:

Նոր նշանակեալ հոգեւոր հովիւը իր աշխատանքները պիտի վարէ Ազգային Առաջնորդարանէն, Լա Քրեսենթա:

Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը գնահատանք կþարձանագրեն Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանին, որ Նորթ Հոլիվուտի ծխական շրջանի հոգեւոր մատակարարութիւնը յանձն առած էր անոր կազմութեան օրերէն սկսեալ եւ կարեւոր ներդրում ունեցաւ գաղութի կազմակերպման մէջ:

Յաջողութիւն կը մաղթենք Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանին, Նորթ Հոլիվուտի հոգեւոր հովիւի իր առաքելութեան մէջ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022