Ծաղկազարդը Մեր Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ


ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ «ՈՎՍԱՆՆԱ»ՆԵՐՈՎ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ
ՄԵՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ

Ինչպէս որ Քրիստոս Ծաղկազարդի օրը Երուսաղէմ յաղթական մուտք գործեց, թող այնպէս ալ մուտք գործէ մեր եկեղեցիներէն, մեր հոգիներէն ներս՝ զԻնք դիմաւորենք «Ովսաննա» աղաղակելով, եւ իր խաղաղութիւնը ընդունինք անհատական ու հաւաքական մեր կեանքերուն, մեր հոգիներուն մէջ, Իրմէ խնդրենք հաւատք ու խաղաղութիւն ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի…

Այս բառերով էր որ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ողջունեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ համախմբուած հաւատացեալ ժողովուրդը, Կիրակի, 24 Մարտի առաւօտուն, երբ քրիստոնեայ աշխարհին հետ մեր եկեղեցին եւս նշեց Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին տօնը, հաղորդակից դարձաւ խաղաղութեան ու հաւատքի վերահաստատման հրաւէրին։

Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնէն շաբաթ մը առաջ, մեր եկեղեցիները յորդեցան հաւատացեալներու բազմութեամբ. եկեղեցիներուն ու շրջափակերուն մէջ տօնական մթնոլորտ տիրեց. տօնական օրուան աւանդութեանց համաձայն, ծնողներ, իրենց մանուկները գունագեղ զգեստներով զարդարուն եւ մոմեր ի ձեռին, ձիթենիի ճիւղերով մասնակից եղան Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը խորհրդանշող թափօրին, առ ի պատրաստութիւն Աւագ շաբթուան արարողութեանց ու Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնին։

Պատարագի ընթացքին, Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։ Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ Պրն. Սարգիս Պոյաճեանի, երգեհոնի վրայ նուագակցութեամբ Տիկին Գոհար Թորանեանի։  Բուրվառակիրներն էին Պրն. Դերենիկ Ներսէսեան եւ Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարանի տնօրէն՝ Պրն. Դաւիթ Ղուկասեան։ Վերանորոգուած Մայր Տաճարով խանդավառ՝ հաւատացեալներ խուռներամ ներկայ գտնուեցան եկեղեցական արարողութեանց եւ լսեցին Սրբազան Հօր պատգամը։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ փառք ու գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ մէկ շաբաթ տեւողութեամբ Իտալիա եւ Անգլիա իր առաքելութենէն ետք, Ծաղկազարդի օրը կը գտնուի Ս. Խաչ Մայր տաճարի ծխական համայնքի մեծ ընտանիքին հետ, առաջին Ս. Պատարագը մատուցելու վերանորոգութեան ու բարեզարդման ենթարկուած եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յառաջիկայ օրերուն, Աւագ շաբթուան արարողութեանց ու Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնին, պիտի ըլլայ ծխական շրջաններու հաւատացեալներուն հետ։

Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց, որ անցեալ շաբաթ, քրիստոնեայ աշխարհին համար արձանագրուեցան պատմական հանգրուաններ. Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան հետ՝ մասնակից եղաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր քահանայապետին՝ Ֆրանսիս Ա. Պապին գահակալութեան արարողութեան, Երեքշաբթի օր, ապա նաեւ Անգլիոյ Քէնթըրպըրի քաղաքին մէջ Հինգշաբթի օր ներկայ եղաւ Անկլիքան եկեղեցւոյ նորընտիր հոգեւոր առաջնորդին՝ Ճասթին Ուելպի Արքեպիսկոպոսին գահակալութեան արարողութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ Վեհափառին ողջոյններն ու շնորհաւորութիւնը փոխանցելու կողքին՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր քահանայապետին արծարծած է Ցեղասպանութեան գծով հայութեան պահանջատիրութիւնն ու այս գծով Քահանայապետէն ակնկալութիւնները, իսկ Քէնթըրպըրիի Առաջնորդին հետ անդրադարձած են երկու եկեղեցիներուն պատմական կապերուն ու կտրած գործակցական ճամբուն։ Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ խորհրդածենք երկու հոգեւոր առաջնորդներւոն համեստութեան, պարզութեան ու հաւատքի օրինակով, ծառայական մեր կեանքը վերանորոգենք այս արժէքներուն համաձայն։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջոյնի յատուկ խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան ու մանաւանդ բարերարներուն, որոնք քանի մը օր առաջ ամբողջացուցած էին տաճարի վերանորոգութեան աշխատանքը։ Ան յատկապէս օրհնութեան խօսք ուղղեց Թումանճեան բարերար ընտանիքին, որ ոչ միայն յանձն առած էր նորոգութեան աշխատանքը, այլ նաեւ զայն սիրայօժար նուիրաբերած էր եկեղեցւոյ։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս նուիրաբերումին ու գործակացական այն ոգիին համար, որուն արդիւնքն էր յիշեալ իրագործումը, եւ կոչ ուղղեց համայնքի զաւակներուն ու շրջանի միութեանց ու կազմակերպութեանց, որպէսզի նոյն ոգիով վերանորոգեն ծխական համայնքի կեանքը, զօրավիգ կանգնին եկեղեցւոյ, Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին եւ գաղութի բոլոր միաւորներուն, որպէսզի Ս.
buy super kamagra online pavg.net/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/super-kamagra.html no prescription

Խաչ Մայր Տաճարի առաքելութիւնը ապրի յաւելեալ ծաղկում, շարունակելով այն երթը, որ սկսած էր մօտաւորապէս դար մը առաջ, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի եկեղեցիէն։

Իր պատգամը շարունակելով, Առաջնորդ Սրբազանը մէջբերեց Յովհաննու Աւետարանի 21րդ գլուխի 9րդ համարին հետեւեալ տողերը՝ գոչելով. «Օրհնութիւն Դաւիթի Որդիին, օրհեալ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Օրհնութիւն Բարձրեալին»։ Ապա՝ անդրադարձաւ այն մթնոլորտին ու իրադարձութեանց, որոնք պատահեցան Ծաղկազարդի օրը, երբ Յիսուս համեստ աւանակի մը վրայ նստած Երուսաղէմ մտաւ ու ցնծութեամբ դիմաւորուեցաւ ժողովուրդին կողմէ. մարդիկ իրենց զգեստները փռեցին Աստուածորդւոյն առջեւ ու զԱյն դիմաւորեցին ովսաննաներով, այն սպասումով, որ ան կու գար իբրեւ փրկիչ ու յաղթական առաջնորդ, սակայն քանի մը օր ետք, զԱյն խաչը հանեցին, որովհետեւ անոնց ակնկալութիւնը կապուած էր երկրային՝ Հռոմի իշխանութենէն փրկութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց ներկայ հաւատացեալները, ըսելով, որ այսօր եւս պէտք է ովսաննաներով դիմաւորել Փրկիչը, տոգորուիլ համեստութեամբ ու սիրով, մեր հոգիները տարածել Աստուծոյ առջեւ եւ զԱյն ընդունիլ մեր հոգիներուն ու կեանքին մէջ, «փառաբանենք Երկնաւոր Հայրը ու հաւատք, փրկութիւն ու կեանք խնդրենք Իրմէ»։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով, որ Երկնաւոր Հայրը մեր եկեղեցւոյ ու ազգային կեանքին ներարկէ հաւատք, սէր ու նոր նուաճումներ, ի Հայաստան, Ի Սփիւռս աշխարհի ու յատկապէս Ս. Խաչ Մայր տաճարի ծխական համայնքին։

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԹԱՓՕՐ ԵՒ…
Ս. Պատարագի աւարտին, գլխաւորութեամբ Սրբազան Հօր, կազմուեցաւ Ծաղկազարդի թափօրը՝ Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտներով եւ հաւատացեալներու փոքրիկներով, մասնակցութեամբ Տէր Հօր, դպրաց դասին եւ բուրվառակիրներուն։ Թափօրը շրջագայեցաւ բակին մէջ եւ վերստին մուտք գործեց եկեղեցի։ Ապա կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Դռնբացէքի կնքահայրն էր փոքրիկն Անթընի Կիւլտալեան, որդին Տէր եւ Տիկին Քրիս Կիւլտալեանի։

Դռնբացէքի արարողութեան աւարտին, հաւատացեալները ուղղուեցան «Բաղրամեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի ճաշկերոյթը, կազմակերպութեամբ Սուրբ Խաչ Մայր Տաճարի Տիկնանց Միութեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան «Անի» Մասնաճիւղին։

…ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Ճաշկերոյթին ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բարերար Պրն. Ճորճ Թումանճեան եւ ընտանիքը, Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգաբարձութիւնը, Ազգ. Երեսփոխաններ, Հ.Յ.Դ. «Դրօ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, Մեսրոպեան Վարժարանի Տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան եւ գաղութի ծխականներէն հոծ բազմութիւն մը։

Բացման եւ բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի Տիկին Էլիզապէթ Խանճեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։ Յաջորդաբար խօսք առին ՀՕՄ-ի «Անի» Մասնաճիւղի ատենապետուհի Տիկին Նուարդ Մուրատեան, Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէն Պրն. Դաւիթ Ղուկասեան, որ շեշտեց շրջանիս եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ ազգային կազմակերպութիւններուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգաբարձութեան ատենապետուհի Տիկին Գոհարիկ Կապրիէլ մանրամասնութեամբ ներկայացուց եկեղեցւոյ ներքնամասին մէջ կատարուած բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ յարակից նորոգութիւնները։ Տիկին Կապրիէլ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար Թումանճեան ընտանիքին, մասնաւորաբար Պրն. Մայքըլ Թումանճեանի, որ ամէն օր, երկար ժամեր անձնապէս հսկեց եւ բծախնդրութեամբ ղեկավարեց շինարարական աշխատանքները։  Ապա հրաւիրեց Պրն. Մայքըլ Թուանճեանը իր սրտի խօսքը ուղղելու։

Պրն. Մայքըլ Թումանճեան արտայայտուեցաւ ջերմ խօսքերով, փառք տալով Աստուծոյ։ Ան ըսաւ, որ իրեն համար պատիւ եւ առանձնաշնորհում էր եկեղեցւոյ շինարարական աստուածահաճոյ աշխատանքները կատարել, եւ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց իր հօր՝ Պրն. Ճորճ Թումանճեանի, որ սիրայօժար նուիրաբերած էր նորոգութեան ծախսերը։  Ան նաեւ յուզումով շնորհակալութիւն յայտնեց իր որդւոյն՝ Միքի Թումանճեանին, որ անձնապէս մասնակից դարձաւ շինարարական աշխատանքներուն, ցուցաբերելով իր անվերապահ աջակցութիւնը։  Ներկաները երկար ծափողջոյններով իրենց գնահատանքը արտայայտեցին Թումանեան ընտանիքին։

Շնորհակալութեան եւ շնորհաւորութեան խօսք արտասանեց նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քահանայ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքի խօսքեր ուղղեց բարերար Պրն. Ճորճ Թումանեանի, որ ազնուաբար ստանձնեց նորոգութեան մեծածախս ծրագիրին հոգացումը. ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ որդւոյն՝ Պրն. Մայքըլ Թումանեանի, որ չորս ամիս անխոնջ կերպով ղեկավարեց Մայր Տաճարի շինարարական աշխատանքները եւ ճշդուած ժամանակին, Ծաղկազարդի օրը, պատրաստ դարձուց եկեղեցին։

Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ, ղեկավարութեամբ Տիկին Անահիտ Խաչիկեանի, քաղցրահնչիւն երգերով արժանացան ներկաներու ծափողջոյններուն։

Ճաշկերոյթը աւարտեցաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ, ներկաներէն շատեր մօտեցան բարերար ընտանիքին, անձամբ յայտնելու իրենց գնահատանքը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022