ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ 15ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ԹԵԼԵԹՈՆ

Հինգշաμթի, 22 Նոյեմμերին, Գոհաμանութեան տօնին օրը, տարիներու աւանդութեան համաձայն տեղի պիտի ունենայ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրանի թելեթոնը։ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնի օրերուն, Առաջնորդ Սրμազանը պիտի գտնուի Անթիլիասի Մայրավանքը, հետեւաμար, արձանագրած է պատգամ մը, որ պիտի պատկերասփռուի յայտագիրին ընթացքին։

Առաջնորդ Սրμազանը իր պատգամին մէջ իր օրհնութիւնները կը μաշխէ հայրենի ու արտերկրի ժողովուրդին ու μոլոր նուիրատուներուն, եւ կոչ կþուղղէ, որպէսզի մեր ժողովուրդը լիաμուռն մասնակցի նուիրահաւաքին, մանաւանդ, որ այս տարի, Թելեթոնին հասոյթը հիմնականին մէջ պիտի տրամադրուի հայ գիւղին, պիտի ծառայէ գիւղերու արդիականացման ու μարելաւման։

Նկատի ունենալով Սուրիոյ տագնապին ծանրացումն ու անոր հետեւանքները՝ սուրիահայութեան վրայ, Հայաստան Հիմնադրամը որոշած է այս տարուան հանգանակութենէն μաժին տրամադրել պատուհասեալ հայ գաղութի կարօտեալ զաւակներուն։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրμազանը կը շեշտէ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու կարեւորութիւնը, ու կþանդրադառնայ այն իրողութեան, որ Հիմնադրամը պատրաստ է ընդառաջելու նուիրատուներու փափաքին, եթէ անոնք կը ցանկան իրենց նուիրաμերումը ամμողջութեամμ յատկացնել Սուրիոյ հայութեան։

Թելեթոնի նախօրեակին, Կիրակի, 18 Նոյեմμերի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Հայաստա Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան ճաշկերոյթը, որ նուիրուած էր Հիմնադրամի 20րդ տարեդարձին։ Բացման աղօթքը կատարեց Առաջնորդ Սրμազանը, որ ողջունեց այս առիթով Արցախէն ժամանած հոգեւոր ու պետական առաջնորդները, աղօթք μարձրացուց առ Աստուած, որ իր օրհնաμաշխ Ս. Աջը պահապան պահէ Հայաստանի ու Արցախի վրայ, նաեւ օրհնեց Հայաստան Հիմնադրամի պատասխանատուներն ու անձնդիր ծառայողները, որոնք 20 տարիէ ի վեր կþաշխատին ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի μարգաւաճման։ Ան նաեւ ողջոյնի ու օրհնութեան խօսք ուղղեց աշխարհասփիւռ հայութեան, որ նեցուկ կը կանգնի այս աշխատանքին. »Երէկ, այսօր ու ընդմիշտ, մեր ժողովուրդը պիտի կանգնի մեր ազգային առաջադրանքներուն կողքին, մեր սրտերն ու ձեռքերը միացեալ պիտի մնան ի խնդիր Հայաստանին, Արցախին ու սփիւռքեան օճախներուն«, յայտարարեց Առաջնորդ Սրμազանը, խնդրելով Աստուծմէ, որ ուղեցոյց ըլլայ հայութեան ճիգերուն իմաստուն կերպով կենսագործման, ի խնդիր հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022