“Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամի Պատասխանատուները Հանդիպում Ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին Հետ


Երեքշաբթի, 27 Յունուար 2015ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը “Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի Ատենապետ Տիար Անդրանիկ Պաղտասարեանի եւ գործադիր տնօրէն Տիար Սարգիս Գոթանճեանի:

Հիմնադրամին պատասխանատուները ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկագրեցին տարուած աշխատանքներուն եւ անմիջական ապագայի ծրագիրներուն մասին: Անոնք յայտնեցին, որ ճիգ կը տարուի, որպէսզի Հիմնադրամի գործունէութիւնը նոր մակարդակ նուաճէ, ինչ որ աշխատանքի նոր հորիզոններ պիտի բանայ անոր դիմաց:

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ “Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամի հայրենաշէն գործունէութեան մասին, միաժամանակ յաջողութիւն մաղթելով նոր ծրագիրներուն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022