Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի պատասխանատուները Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ կազմակերպած էր հիւրընկալութիւն մը, որուն ընթացքին, զեկուցումներ տրուեցան ծրագիրին յառաջդիմութեան եւ իրագործման քայլերուն մասին։ Ներկայ էին Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ հովանաւորներ։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, իբրեւ Մարմինին համա-ատենապետ, ներկայ եղաւ հանդիպումին։ Հանդիսավարը՝ Գործադիր յանձնախումբի անդամներէն Տիար Զաւէն Գազազեան արտասանեց ողջոյնի խօսք եւ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ արտասանէ բացման խօսքը։ Ան շեշտեց այս ծրագիրին իրականացման նպատակով միացեալ աշխատանք տանելու կարեւորութիւնը. «Հայ համայնքին համար հաւաքական այս ծրագիրը կը կարօտի խմբային աշխատանքի, հանրային պաշտօնատարներու աջակցութեան, կազմակերպութեանց աշխատանքին եւ ժողովուրդի ներդրումին։ Բախտաւոր ենք, որ կը վայելենք բոլորին զօրակցութիւնը, սկսելով Քալիֆորնիոյ նահանգապետէն, պետական անձնաւորութիւններէ, Կլենտէյլ քաղաքի պաշտօնատարներէ մինչեւ մեր բարերարները։ Մասնաւորաբար կ’ողջունենք ծերակուտական Փորթանթինոյի ի գործ դրած ճիգերը, որովհետեւ ան ամուր կերպով զօրավիգ կը կանգնի այս ծրագիրին եւ կը գլխաւորէ անհրաժեշտ նիւթական միջոցներու ապահովման աշխատանքը», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որ նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ գործադիր մարմինի անդամներու անդուլ ճիգերուն մասին, շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադիր հովանաւորներուն՝ իրենց վստահութեան եւ նիւթական զօրակցութեան համար եւ կոչ ուղղեց, որ իրենց նման զօրակցողներ համախմբեն Թանգարանի ծրագրին շուրջ։
Ծերակուտական Փորթանթինօ պատիւի արժանացաւ իր զօրակցական կեցուածքին համար։ Գործադիր յանձնախումբի ատենապետը՝ Տիար Պերճ Կարապետեան եւ ճարտարապետ Արամ Ալաճաճեան զեկուցումներ տուին ծրագիրին իրականացման քայլերուն եւ նախատեսութիւններուն մասին։ վարչութեան համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Գերապայծառ Տ. Միքայէլ Արք. Մուրատեան պատգամներ յղած էին տեսաերիզով։ Փակման խօսքը արտասանեց համա-ատենապետներէն Վեր. Պերճ Ճամպազեան։