Օթիզմի Հայ Օժանդակ Մարմինի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Օթիզմի Հայկական Օժանդակ Մարմինի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Տիկին Թալին Խաչատուրեանի։ Ներկայ էր նաեւ Քրեսենթա Հովիտի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։

Հանդիպումի ընթացքին յարգելի հիւրերը ներկայացուցին Մարմինի ընդհանուր առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ համայնքային տարբեր կազմակերպութեանց եւ դպրոցներու համատեղ ջանքերով իրագործուած գործունէութիւնը։ Անոնք ընդգծեցին Քրեսենթա Հովիտի Եկեղեցւոյ հետ համագործակցաբար կատարուած մարդասիրական ծառայութիւնը յատուկ կարիքի կարօտ հայորդիներու եւ անոնց ընտանիքներուն, մասնաւորաբար Վարդավառի, Ս. Աստուածածնի եւ Խաչվերացի տաղաւար տօներու առթիւ տեղի ունեցած արարողութիւններով, Տ. Ղեւոնդ Քահանայի կատարմամբ։ Նշենք, որ յառաջիկային Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն առթիւ պիտի կատարուին նմանօրինակ արարողութիւններ։

Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց կազմակերպութեան մարդասիրական աշխատանքները, վերահաստատեց Ազգ. Առաջնորդարանի զօրակցութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յետագայ բոլոր ծրագիրներուն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022