Երեքշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2015ի երեկոյեան, Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութիւնը կազմակերպած էր դատաւորներու ի պատիւ իր տարեկան ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Vertigo Event Venue-ի մէջ, Կլենտէյլ։ Յատուկ պատիւի արժանացան Լոս Անճելըս Գաւառի Գերագոյն Ատեանի դատաւորներ Կրէկորի Քէօսեան եւ Զաւէն Սինանեան:
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձրշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին, շնորհաւորեց պատիւի արժանացողները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց յառաջիկայ աշխատանքներուն մէջ: