Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Վարչութիւնը Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2017ի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի վարչութեան, գլխաւորութեամբ հիմնարկի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտընի: ՀՈՀի ներկայացուցիչները աւանդաբար Առաջնորդ Սրբազանին կ’այցելեն իւրաքանչիւր տարեսկիզբի օրերուն, շնորհաւորանք ու բարի մաղթանք փոխանցելու, ինչպէս նաեւ Առաջնորդ Սրբազանը տեղեակ պահելու իրենց աշխատանքին ու ծրագիրներուն մասին, հայցելով անոր օրհնութիւնը:

Ողջոյնի արտայայտութիւններէ ետք, ՀՈՀ-ի ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ տուին իրենց անմիջական ծրագիրներուն մասին, որոնց շարքին են Ջաւախք եւ Արժանթին այցելութիւններ, ի խնդիր ոսկրածուծի փոխ ներարկման համար նուիրատուներու արձանագրութեան: Կը ծրագրուի նաեւ Հայաստանի մէջ աշխատանք տանիլ՝ ընտանիքներու հիւսկէններու տեսակներու քննութեան ու արձանագրութեան համար, որ պիտի կատարուի ձրիաբար: Վերջապէս, ՀՈՀ կը ծրագրէ քաղցկեղի մասին գիտաժողովը կազմակերպել տարեկան հերթականութեամբ, ի խնդիր հանրութեան ծանօթացման եւ աջակցութեան:

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՀՈՀ-ի կամաւոր ծառայողներու նուիրումին մասին, օրհնեց անոնց ճիգերը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Ազգ. Առաջնորդարանի միջոցները ի սպաս դնելու Հիմնարկի ծառայութեանց ծանօթացման աշխատանքին: Ան նաեւ առաջարկեց, որ Հիմնարկին համար իբրեւ տարեկան աղօթքի օր նկատի առնուի 7 Մայիսը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022