Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 26 Յունուար 2016ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի վարչութեան, գլխաւորութեամբ հիմնարկի նախագահ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի: Հանդիպումը տեղի կ’ունենար համաձայն տարիներու աւանդութեան, ըստ որուն, Հիմնարկի ներկայացուցիչները տարեմուտին շնորհաւորական այցելութիւն կու տան Առաջնորդ Սրբազանին եւ կը զեկուցեն իրենց աշխատանքին ու ծրագիրներուն մասին:
Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, հիւրընկալութեան ներկայ եղան Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ Տիկին Թերէզ Քեմանճեան:
Տոքթ. Ճորտըն եւ պաշտօնակիցները ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ հաղորդեցին Հիմնարկի հայրենանուէր ծառայութիւններուն եւ զանոնք ընդարձակելու միտող ճիգերուն մասին: Անոնք շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգ. Առաջնորդարանին՝ զօրակցութեան համար, միաժամանակ գոհունակութիւն յայտնելով, որ մեր գաղութը եւս զօրակից եւ լծակից է ծրագիրներու յաջողութեան: Անոնք նաեւ ներկայացուցին յառաջիկայ ամիսներու իրենց ծրագիրները, որոնց շարքին՝ հանգանակային աշխատանքներ եւ Հիմնարկի առաքելութեան մասին տեղեկատուական-քարոզչական արշաւներ, խնդրելով, որ մեր Թեմին մէջ այս գծով շարունակուի նախընթաց տարիներու գործակցութիւնը:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով խօսեցաւ այս կազմակերպութեան մարդասիրական ու հայրենանուէր ծառայութեանց մասին եւ վերահաստատեց Ազգ. Առաջնորդարանին զօրակցութիւնը՝ անոր առաքելութեան յաջող կենսագործման: