Հայ Մշակութային Հաստատութեան Տարեկան Ճաշկերոյթ

Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2018-ին, «Պեւըրլի Հիլզ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Մշակութային Հաստատութեան տարեկան ճաշկերոյթը, որ նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին, կատարեց բացման աղօթքը ու փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։ Ներկայ էին նաեւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ։

Երեկոն սկսաւ Օր. Նայիրի Տիքիճեանի եւ Տիար Տիգրան Խոտանեանի ողջոյնի խօսքով։ Քայլերգներուն երգեցողութիւնը կատարեց փոքրիկն Իզապէլ Գարատոլեան։ Հանդիսավարն էր Տիար Արմէն Յովհաննէսեան։

Խօսք առին Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչներ՝ Դոկտ.
buy lipitor online https://salempregnancy.org/wp-content/languages/new/buynoprescription/lipitor-no-prescription.html no prescription

Քարմէն Օհանեան եւ Տիար Աւետիք Իզմիրլեան։ Ցուցադրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100 տարիներու հակիրճ պատմականը ներկայացնող տեսաերիզ մը։ Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժին։ Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Կազմակերպութիւնը յուշանուէրներու արժանացուց հայութեան ու Հայաստանին ի նպաստ նուիրաբերող բարերարներ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022