Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնի նախօրեակին, Հայաստանայաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Աւօ Եղբայր Գապաքչուզեանի, Չորեքշաբթի, 16 Մարտ 2016ի յետմիջօրէին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ:
Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչները Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեցին տօնական օրերուն առիթով, ապա նաեւ տեղեկագրեցին իրենց գործունէութեան ու ծրագիրներուն մասին: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, որ հոգածու վերաբերմունք ունի Եղբայրակցութեան նկատմամբ, նաեւ՝ Թեմի հոգեւորականներուն, որոնք Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինութեամբ մասնակից կþըլլան Եղբայրակցութեան աղօթքի եւ Ս. Գրոց սերտողութեան հանդիպումներուն եւ ձեռնարկներուն: Անոնք այս առիթով նաեւ վերահաստատեցին Հայց.
buy stromectol online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/stromectol.html no prescription
Առաքելական Եկեղեցւոյ իրենց հաւատարմութիւնը:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Եղբայրակցութեան աշխատանքներուն մասին, յաջողութիւն մաղթեց ներկայացուցիչներուն եւ իր կարգին փոխանցեց զատկական մաղթանքներ: