Հայաստանի Անկախութեան 26-րդ Տարեդարձի Նշում եւ Լիբանանի Նուիրուած Համագումար՝ Լաս Վեկասի Մէջ

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, 22-25 Սեպտեմբեր 2017-ին, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան այցելեց Լաս Վեկաս եւ մասնակցեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պեսիլի գլխաւորած համագումարին, որ նուիրուած էր զանազան կալուածներէ ներս Լիբանանի բարգաւաճման միջոցներու որոնման։ Համագումարը հրաւիրած էր գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմ։

Համագումարին մասնակցեցան քաղաքական ու դիւանագիտական դէմքեր, հոգեւորականներ, վերլուծաբաններ, գործարարներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ։

Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած պաշտօնական ընթրիքի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր անունով Հայր Թորգոմ ողջոյնի եւ յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեց Պրն. Նախարարին եւ Գլխաւոր Հիւպատոսին։

Լաս Վեկաս իր կեցութեան ընթացքին, Հայր Սուրբը ներկայ գտնուեցաւ հայ գաղութի ուրբաթօրեայ ընտանեկան հաւաք-ընթրիքին, իսկ Կիրակի, 24 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարեդարձին առիթով, Ս. Պատարագ մատուցեց, Հանրապետական Մաղթանք կատարեց եւ քարոզեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022