Հիւրընկալութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսովի, Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ, պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 26-րդ տարեդարձը։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի՝ ներկայ եղաւ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանին։ Ներկայ էին հոգեւորականներ, պետական, քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, հայկական կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ։
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին ու Հայաստանի Անկախութեան 26-րդ տարեդարձին առիթով բարմաղթութիւններ կատարեցին քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններ։ Աւարտին, գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը։