Ազգ. Առաջնորդարանի Նախաձեռնութեամբ Կեանքի Կը Կոչուի «Հայերէն Վերաշխուժացման» Մասնագիտական Մարմին Մը


Մեկնելով Ազգ. Երեսփոխական ժողովի տրամադրութիւններէն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային Վարչութեան հրաւէրով, անցեալ տարի Ազգային Առաջնորդարանէս ներս կեանքի կոչուեցաւ յանձնախումբ մը, հայախօսութեան եւ հայերէնի գրաւոր գործածութեան  վերաշխուժացման նպատակով սերտողական աշխատանքի ձեռնարկելու համար։ Յանձնախումբը իր առաջին ժողովը  գումարեց 1 Մայիս 2013-ին։

Յաջորդական քանի մը հանդիպումներով, յանձնախումբը որդեգրեց  այն սկզբունքը,  որ  կը շեշտադրէր, թէ՝ հայերէնի բանաւոր եւ գրաւոր  գործածու-թենէն խուսափումը համազօր է նահանջի։ Հայերէն հաղորդակցիլն ու հայերէնի իմացութիւնը կենսական են հայկականութեան ու պատկանելիութեան գոյատեւման։ Առ այս, նոյն ծիրին մէջ համատարած մտահոգութիւններուն ի պատասխան, անհրաժեշտ է դարմաններ գտնել եւ այս յոյժ կարեւոր առաջադրանքը իրականացնել։

Յանձնախումբը նախաձեռնեց ուղղութիւն մը, որ կը միտէր գիտական մօտեցումով՝ ուսումնասիրութեանց եւ վիճակագրական տուեալներու հիմամբ, կատարել ախտաճանաչում, մշակել ռազմավարական ընդհանուր ծրագիր, հեռահաս նկատառումով (Vision), իր ճշդուած առաքելութեամբ (Mission), ընդհանուր նպատակներով (Strategic Goals) եւ գործնական լուծումներով (Action Plans), անցնիլ շօշափելի քայլերու, եւ հրահրել ապակեդրոնացած շարժում մը, որուն իրենց մասնացկութիւնը  բերեն հայկական կեանքի բոլոր միաւորները՝ դպրոց, եկեղեցի, միութիւններ, կուսակցութիւններ եւ մամուլ, ինչպէս նաեւ լեզուով նախանձախնդիր  անհատներ։

 Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանն ու Ազգային Վարչութիւնը, այսու ուրախ են յայտարարելու, որ նշեալ յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը իբրեւ մնայուն մարմին, Ազգային Առաջնորդարանիս հովանիին տակ «Հայերէնի Վերաշխուժացման Մարմին» անունով։

Յանձնախումբի անդամներն են՝ Տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան, Տոքթ. Յակոբ Կիւլլիւճեան, Սարգիս Մահսէրէճեան, Ժորա Մանուչարեան, Վազգէն Մատէնլեան, Տոքթ. Դալար Շահինեան-Մահրուքեան, Տոքթ. Վահրամ Շեմմասեան, Տոքթ. Յասմիկ Պարան, Տոքթ. Ռուբինա Փիրումեան։

Լիայոյս ենք, որ այս Մարմինը փորձառութեամբ ու արհեստագիտական մօտեցումով պիտի կատարէ յիշեալ առաջադրութիւնները եւ յետ այսու պաշտօնապէս պիտի գործակցի գաղութիս կազմակերպութեանց, միութեանց, կրթական հաստատութիւններու ու մամուլին հետ, իր աշխատանքները համահայկական  տարողութեամբ  ծրագրելու  համար։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022