Հայ Դատի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբին կազմակերպած տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 7 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Պեւըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ, մասնակցութեամբ պետական ընտրեալ պաշտօնատարներու, հոգեւորական եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ զօրակիցներու։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ կատարեց բացման աղօթքը։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Հոգեւոր Հովիւներ եւ Հոգաբարձութեանց անդամներ։
Հայ Դատի յանձնախումբը աւանդաբար այս ձեռնարկին կը պատուէ հայ թէ օտար անձնաւորութիւններ, որոնք մեծ նպաստ բերած են մեր Դատին։ Այս տարի պատիւի ու յուշանուէրի արժանացողներուն շարքին էին Անգլիոյ Լորտերու Պալատի անդամ Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս (Advocate of Justice Award), երաժիշտ եւ ազգային գործիչ Սերժ Թանգեան (People’s Freedom Award), «Ուրացումի ճարտարապետները» ժապաւէնի խմբակը, որուն մաս կը կազմեն Տէյվիտ Մաքենզի, Մոնթէլ Ուիլիըմզ, Տին Քէյն, Լօրա Մաքենզի եւ Էլիզապէթ Սթանթըն (Excellence in Media Award)։ Յետ մահու յատուկ յարգանքի եւ երախտագիտութեան արժանացաւ Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեան ամոլը։
Յայտագիրը սկսաւ քայլերգներու երգեցողութեամբ, կատարողութեամբ Աննա Պոյրազեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց բացման աղօթքը։ Ան օրհնեց Հայ Դատի ծառայողներն ու կամաւորները, որոնք իրենց սիրտերն ու ձեռքերը միացուցած են ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի մէջ արդարութեան, ապահովութեան ու բարգաւաճման յառաջընթացին եւ յառաջ մղելու մեր դատը Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին։ Ան նաեւ օրհնեց երեկոյի մեծարեալները, յիշեց մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ծառայողները, եւ օրհնեց պետական պաշտօնատարները, բարերարներն ու զօրակիցները, որոնք տարիներէ ի վեր հետեւողական կերպով կը կանգնին Հայ Դատի յանձնախումբի կողքին։
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներէն եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Տիար Սթիւ Արթինեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Տիկին Նորա Յովսէփեան։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ պարգեւներու բաշխումը։