Ազգային Վարժարաններու Փակման Հանդիսութիւնները Ուրախութեամբ Լեցուցին Հայ Համայնքի Կեանքը

Յունիս ամսուան առաջին երկու շաբաթները, ընդհանրապէս Արեւմտեան Թեմի եւ մասնաւորաբար Ազգ. վարժարաններու կեանքէն ներս եղան յատուկ օրեր, որոնց ընթացքին ժողովուրդին մատուցուեցան Ազգ. վարժարաններու աշակերտական հունձքեր՝ զանազան մակարդակի վրայ, մանկամսուր-մանկապարտէզէն սկսեալ մինչեւ նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական:

Արդարեւ, հայ վարժարանը իր ծառայութեամբ եւ առաքելութեամբ այնքան եզակի եւ անզուգական տեղ կը գրաւէ մեր ազգի ու մասնաւորաբար Սփիւռքի կեանքէն ներս, մանաւանդ երբ ձուլման ալիքներ, զանազան չափերով, կու գան ու կը հարուածեն հայ ժողովուրդի կեանքը:

Հայ վարժարանը՝ որպէս մաշտոցեան երդիք եւ մեր հայրերու, մշակութային գործիչներու ու ղեկավարներու կողմէ մեզի տրուած մեծ կտակ, կը մնայ այն ամրոցը, ուր հայ մանուկն ու պատանին հայեցի կրթութիւն, քրիստոնէական դաստիարակութիւն եւ ծով գիտութիւն կ՛ամբարէ, շնորհիւ բոլոր այն նուիրեալներուն, եւ ազգայիններուն՝ տնօրէնէն ու հոգեւորականներէն սկսեալ մինչեւ ուսուցիչներ, դաստիարակներ, մշակներ ու ծառայողներ, որոնք իրենց անձը նոյնացուցած են եւ կը շարունակեն նոյն ձեւով վերաբերիլ հայ դպրոցին հետ:

Այս տարի եւս, հայ դպրոցը մեր ազգին նուիրեց խոնարհ թէ աւագ վկայեալներ, որոնք իրենց տարիներու ուսումնառութեան եւ արձանագրած զոհողութեանց որպէս գնահատական երեւոյթ, ստացան իրենց մակարդակի վկայականներ: Տօնական այս մթնոլորտը չսահմանափակուեցաւ հայ դպրոցի մէջ, այլ դուրս եկաւ կառոյցի պատերէն եւ յաղթապանծ մթնոլորտի վերածուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի կեանքէն ներս, երբ հայ աշակերտներ ինքնագոհ հպարտութեամբ լեցուած՝ իրենց գեղեցիկ ժպիտներով տողանցեցին մեր բոլորին աչքին առաջ եւ մէկ առ մէկ ստացան իրենց ջանքերուն ու աշխատանքին համապատասխան գնահատագիր-վկայականներ:

Այս առիթով, հանդէսներու ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը՝ անձամբ կամ ներկայացուցիչներու ճամբով, իր խօսքը փոխանցեց աւարտական դասարաններու աշակերտներուն եւ ի սրտէ օրհնեց զանոնք, ապա բարձր գնահատեց հայկական վարժարաններու տնօրէններն ու պատասխանատուները, ուսուցիչները, ծնողներն ու կամաւոր ծառայողները եւ դրուատանքի արժանացուց անոնց անձնուրացութիւնն ու զոհողութեան ոգին՝ ըսելով. «Հայ ծնողը ինքզինք ապահով կը զգայ, երբ իր զաւակը կը յանձնէ հայ վարժարանին, հայ ուսուցիչը ինքզինք արժեւորուած կը զգայ, երբ կը ծառայէ հայ վարժարանին, հայ տնօրէնը ինքզինք եզակի կը զգայ, երբ իր նպաստը կը բերէ հայ վարժարանին, եւ հայ աշակերտը, իր կարգին, ինքզինք ամբողջական ու իտէալական հայ կը զգայ, երբ հայկական վարժարաններու մէջ որպէս կենսահիւթ կ՛ըմպէ հայ-քրիստոնէական արժէքները, որոնք, վստահ ենք, որ ապագային պիտի ձեւաւորեն նաեւ իր կեանքի ընթացքը»:

Հուսկ, անդրադառնալով նախորդ տարիներու համաճարակի մթնոլորտին եւ անոր ստեղծած դառն պայմաններուն, Առաջնորդ Սրբազանը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց առ Բարձրեալն Աստուած, որ առիթը ընձեռեց ամբողջական հանդէսներ կազմակերպելու եւ վկան դառնալու դպրոցի հունձքերուն, «որովհետեւ այգեկութք է, եւ այսօր, հայ վարժարանը, իր հունձքերուն ամէնէն բերրիները կ՛ընծայէ մեր ազգին», ըսաւ ան, ապա իր անկեղծ շնորհաւորանքները փոխանցեց շրջանաւարտներուն, անոնց ծնողներուն ու հարազատներուն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022