Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան 60-ամեակի Շքահանդէս


Շաբաթ, 27 Օգոստոս 2016ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւնը Կլենտէյլի իր կեդրոնին մէջ տօնեց հիմնադրութեան 60րդ տարեդարձը:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ տօնակատարութեան: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան: Ներկայ էին Կլենտէյլի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեանց ներկայացուցիչներ եւ պետական այլ դէմքեր:

Պաշտօնական տօնակատարութեան սկիզբը, Առաջնորդ Սրբազանն ու ներկայ հոգեւորականները կատարեցին կեդրոնի անուանակոչութեան արարողութիւնը. կեդրոնը կոչուեցաւ բարերարներ Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Յակոբ եւ Լուտովիքա Այնթապլեանի անունով։ Այնուհետեւ հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ «Սինան եւ Անճելա Սինանեան» ընդունարանին, «Օտրի եւ վահան Գրեգորի» գրադարանին եւ ժողովասրահին, ինչպէս նաեւ «Գալուստ Պապախանեան եւ ընտանիք» անունով կոչուած ընթերցարանին: Առաջնորդ Սրբազանը իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեց բարերարներուն եւ Իրանահայ միութեան նուիրեալներուն:

Աւարտին, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ։ Ներկաները շնորհաւորեցին միութեան հիմնադրութեան տարեդարձն ու փոխանցեցին բարեմաղթութիւններ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022